Սէն Լորանի քաղաքապետ Տէ Սուզա հանդիպեցաւ «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատուին հետ

Օգոստոս 12-ին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ամառնային փառատօնի ընթացքին, Մոնթրէալի հայ համայնքի երկարամեայ բարեկամ եւ Սէն Լորանի քաղաքապետ Ալան Տէ Սուզա հանդիպեցաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի երկարամեայ գործընկեր Գազանճեան անշարժ կալուածի վաճառքի ընկերութեան տնօրէն Քարէն Գազանճեանի եւ «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեանի հետ։ Քաղաքպետ Տէ Սուզայի կ՚ընկերակցէր Սէն Լորանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արէֆ Սալէմ։ Քաղաքապետ Տէ Սուզա յաջողութիւն կարեւոր նկատեց հայ թերթի եւ համայնքային այլ լրատուամիջոցներու դերակատարութիւնը Սէն Լորանի եւ Մոնթրէալի մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց «Հորիզոն» շաբաթաթերթին եւ տիկ. Քարէն Գազանճեանին։ Նշենք, որ Գազանճեան անշարժ կալուածի վաճառքի ընկերութիւնը 2004 թուականէն ի վեր «Հորիզոն»ի գովազդի գլխաւոր հովանաւորներէն է։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.