Սաղաթէլեան. «Փաշինեան Պարզապէս Կեղծ Օրակարգով Փորձած Է Շեղել Հանրութիւնը»
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Թերթ»-ի թղթակից Անի ԳԷորգեանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան չէ ալ ուզած արտահերթ ընտրութիւններ կայացնել, պարզապէս կեղծ օրակարգով փորձած է շեղել, խաբել հանրութիւնը` աթոռին կառչած մնալով: Ան շեշտեց, որ իշխանութիւնները պիտի չմարսեն իրենց դաւաճանական գործողութիւնները:
Ըստ Սաղաթէլեանի, արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու գաղափարէն հրաժարելու 3 հիմնական պատճառ կայ: Առաջինը` հասկցած են, որ ընտրութիւններուն միջոցով վերարտադրուելու առիթ չունին. պարզապէս անկարելի է: Երկրորդ` հասկցած են, որ արտահերթ ընտրութիւններու պարագային իրենց խումբին հետ եւս խնդիրներ պիտի ունենան, որովհետեւ խորհրդարանին մէջ բախտի բերմամբ յայտնուած պատգամաւորներուն մեծ մասը լիազօրութիւնը պիտի կորսնցնէ: Երրորդ` կը մտածեն` կարելի է շարունակել ժողովուրդը խաբել, լռեցնել եւ այս ամէնը մարսել: Այս պատճառներով որոշած են ուժի միջոցով պահել իշխանութիւնը եւ հրաժարիլ նաեւ այդ միտքէն, բայց չարաչար կը սխալին:
Հարցազրոյցին ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան շեշտած է, որ Նիկոլ Փաշինեան մտադրութիւն չունէր արտահերթ ընտրութիւններու երթալ, որովհետեւ վերարտադրուելու որեւէ առիթ չունի, եւ այս հիման վրայ գնահատած է իրավիճակը, հաւանական մասնակիցներն ու պիտի փորձէ կառչած մնալ աթոռին եւ խուսափիլ պատասխանատուութենէ:
Այլ հարցումի մը պատասխանելով` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը շեշտած է, որ ամբոխահաճները իրենց ժողովուրդը կը խաբեն մէկ անգամ, բայց երկրորդ անգամ կարելի չըլլար զայն խաբել:
Գրառումով մը, Իշխան Սաղաթէլեան տեղեկացուցած է, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժումին յառաջիկայ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ 20 փետրուարին` կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Ազատութեան հրապարակին վրայ: