Ռուբէն Սեւակ (1885-1915). Ար­դա­րու­թեան եւ ­Ցա­սու­մի Անա­ւարտ Եր­գը

Ն. Պէրպէրեան

Փետ­րո­ւար 15-ի այս օ­րը, 133 տա­րի ա­ռաջ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ դէմ­քե­րէն ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ, որ միայն 30 տա­րի ապ­րե­ցաւ եւ չկրցաւ լրիւ կեն­սա­գոր­ծել ու լիար­ժէք ար­դիւ­նա­ւո­րել Ար­դա­րու­թեան եւ ­Ցա­սու­մի եր­գը հնչեց­նե­լու իր կո­չումն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ցե­ղաս­պա­նը բրտօ­րէն կտրեց կեան­քին թե­լը, բիւ­րա­ւոր մեր նա­հա­տակ­նե­րուն հետ, նաեւ Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի։
Ար­դա­րու­թեան եւ ցա­սու­մի ա­նա­ւարտ երգ մը դար­ձաւ եւ ինք՝ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ, ո­րուն ձայնն ու շուն­չը այ­սօր եւս կը խռո­վեն հայ մար­դու միտքն ու հո­գին.

Վայ­րա՜գ գո­ռիւն մը գի­շե­րին մէջ թնդա՜ց.
Ձիւ­նոտ ցայ­գին ան­բա՜ւ սու­գին մէ­ջէն թաց,
Բո­ցե­րու պէս շը­քեղ, տէ­գի՜ պէս հը­պարտ,
Կար­միր դրօ­շա՜­կը բարձ­րա­ցաւ ան­հան­դարտ…

Ու ես տրտո՜ւմ, ու ճմլո­ւա՜ծ, ան­բար­բա՜ռ,
Կը դի­տէի, որ կ­’եր­թա­յին տրտմա­բար,
Ձիւ­նի՜ն մէ­ջէն, մու­թին մէ­ջէն ան­սահ­մա՜ն,
Գ­րաստ­նե­րու սեւ բա­նա­կի մը նման…

Ո՞ւր, դէ­պի ո՞ւր… ­Քաղ­ցած կեան­քեր հա­մօ­րէ՜ն,
Ի սպառ լքո­ւած աս­տո­ւած­նե­րէ՜ն, մար­դե­րէ՜ն,
Լո՜ւռ կ­’եր­թա­յին, խո՜ւլ բնազ­դի մը հլո՜ւ,
Նո՛ր օ­րէն­քի նո՛ր նժար մը կեր­տե­լու…

Ու ինձ այս­պէ՜ս թո­ւե­ցաւ, թէ լռե­լեա՜յն,
Ճա­կա­տագ­րին թե­ւը կ­’իշ­խէ՜ր ի­րենց վրան.-
Բայց կ­’եր­թա­յին ա­նոնք. ի զէ՜ն, ի պայ­քա՜ր,
Ար­դա­րու­թեա՛ն կը դի­մէին խո՜նջ, տը­կա՜ր,

Ար­դա­րու­թեա՜ն, որ ա՛ս կեր­պո՜վ պի­տի գար…

Չի­լին­կի­րեան ­Յով­հան­նէ­սի որ­դի ­Ռու­բէ­նը բա­նաս­տեղծ, ար­ձա­կա­գիր ու մտա­ւո­րա­կան աշ­խոյժ գոր­ծիչ էր ար­դէն 1905ին, երբ քսան տա­րե­կա­նին իր ա­ռա­ջին քեր­թո­ւած­նե­րը լոյս ըն­ծա­յեց Ռու­բէն ­Սե­ւակ ստո­րագ­րու­թեամբ։

Ծ­նած էր ­Պոլ­սոյ մեր­ձա­կայ ­Սի­լիվ­րի գիւ­ղը։ Ծնն­դա­վայ­րի «Աս­քա­նա­զեան» վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, եր­կու տա­րի յա­ճա­խած էր ­Պար­տի­զա­կի Ա­մե­րի­կեան դպրո­ցը, իսկ 1901ին ըն­դու­նո­ւած էր ­Պոլ­սոյ «­Պէր­պէ­րեան» վար­ժա­րա­նը, որ­մէ շրջա­նա­ւարտ ե­ղաւ 1905ին եւ ղրկո­ւե­ցաւ ­Լօ­զան՝ տեղ­ւոյն հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան ճիւ­ղին հե­տե­ւե­լու հա­մար։

Լօ­զա­նի ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րը հան­դի­սա­ցան ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի ինչ­պէս բժիշ­կի փայ­լուն մաս­նա­գի­տաց­ման, նոյն­պէս եւ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ինք­նա­հաս­տատ­ման բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեան շրջան։ ­Դա­սե­րու կող­քին աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի հայ ու­սա­նող­նե­րու ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին՝ յատ­կա­պէս ­Լօ­զա­նի «Ար­մե­նիա» ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան ճամ­բով։ ­Միա­ժա­մա­նակ զարկ տո­ւաւ գրա­կան իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց՝ սի­րոյ, ըն­կե­րա­յին ցա­ւե­րու եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին տա­ռա­պան­քին նո­ւի­րո­ւած իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը լոյս ըն­ծա­յե­լով պոլ­սա­հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն։

Միա­ժա­մա­նակ թէ՛ փայ­լուն բժիշ­կի եւ թէ մե­ծա­տա­ղանդ բա­նաս­տեղ­ծի շա­րու­նա­կա­կան վե­րելք մը ե­ղաւ կեան­քը ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կի՝ ա­նոր մէջ ար­մա­տա­ւո­րե­լով եր­կու բե­ւեռ­նե­րու մի­ջեւ տա­րու­բե­րո­ւե­լու յու­զաշ­խարհն ու աշ­խար­հըն­կա­լու­մը.-

«Եր­կու հսկա­նե­րու մի­ջեւ կը տա­տա­նո­ւիմ ու կը տա­տա­նո­ւիմ։ Եր­կու միա­կա­նի կիկ­լոպ­ներ կը բա­ժա­նեն հո­գիս։ ­Գի­տու­թիւն մը՝ որ փաս­տեր ու­նի ու ի­տէալ չու­նի, եւ Կ­րօնք մը՝ որ ի­տէալ ու­նի ու փաս­տեր չու­նի»։

Յատ­կա­պէս 1909ի Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծը ծան­րա­գոյն խոց պատ­ճա­ռեց ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ բա­նաս­տեղ­ծին, որ ազ­գա­յին ընդվ­զու­մի, բո­ղո­քի ու պայ­քա­րի խո­րա­մոյն յու­զաշ­խարհ մը բա­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան առ­ջեւ՝ 1910ին հրա­տա­րա­կո­ւած իր ա­ռա­ջին գոր­ծով, «­Կար­միր գիր­քը» խո­րագ­րին տակ։ «­Ջար­դի խեն­թը», «Թր­քու­հին» եւ «­Մար­դեր­գու­թիւն» խո­րագ­րո­ւած ե­րեք եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէ բաղ­կա­ցած իր այս գոր­ծով՝ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ թարմ շունչ բե­րաւ ­Սիա­ման­թո­յի եւ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի բա­ցած ու հար­թած ազ­գայ­նա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ա­ւան­դին, ինք­նա­տիպ ո­ճով խո­հա­կան ներ­հա­յե­ցու­թեան ուղ­ղու­թիւ­նը բա­նա­լով։

Ա­հա՛ խօ­սուն նմոյշ մը՝ Ռ. ­Սե­ւա­կի երկ­նած հայ մօր «­Վեր­ջին օ­րօր» քեր­թո­ւա­ծը.

Օ­րօ՜ր, օ­րօ՜ր… օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս,
Վի­րա­ւոր հօ­րըդ ճի­չերն ա՜լ չի­մա­նաս,
Ծի­ծէս ծը­ծա­ծըդ թոյն է… կաթ չէ՛, գիտ­նաս…
Օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս։

Ա­րիւն հե­ղեղ յոր­դեց այս սուրբ ձո­րե­րէ,
Բայց չի փա­խի՛ս, փա­րէ՛ երկ­րիդ, զայն սի­րէ՛,
Հո­ղիդ վրայ գե­րի մ­’ըլ­լար, այլ տի­րէ՛…
Օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս։

Հօ­րըդ վը­րայ ե­թէ ան­շո՜ւնչ չին­կայ ես,
Զի ուխ­տե­ցի՛ Հ­ռո­մի էգ գայ­լին պէս
Նոր ­Ռո­մու­լոս մը դիեց­նել ստին­քէս…
Օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս։

Բա­զուկ­նե­րուս պա­րա՜ն, ոտ­քիս ալ կա­ցի՜ն,
Ս­տին­քիս զո՜յգ պտուկ­ներն ալ կտրե­ցին։
Վեր­քէս ա­րիւնս ծծէ, որ­դեակ միա­ծին…
Օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս։

Ա­հա կ­’իյ­նամ… ­Հա­յաս­տա­նը մա՜յր քե­զի,
Կ­տակ կու­տամ այս կոտ­րած սուրն երկ­սայ­րի՝
Ուր հայ­րի­կիդ դեռ տաք ա­րիւ­նը կ­’այ­րի…
Օ­րօ՜ր ը­սեմ՝ քնա­նաս։

Ռու­բէն ­Սե­ւակ 1911ին պա­տո­ւոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ վկա­յո­ւե­ցաւ բժիշկ եւ աշ­խա­տան­քի ան­ցաւ Լօ­զա­նի հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն մէջ։ Բժշ­կա­կան իր ծա­ռա­յու­թեան շրջա­նին ծա­նօ­թա­ցաւ ու կա­պո­ւե­ցաւ գեր­մա­նու­հի Եա­նի Ա­պէ­լի հետ. ա­մուս­նա­ցան եւ ու­նե­ցան եր­կու զա­ւակ՝ ­Լե­ւոն եւ Շա­մի­րամ։ ­Սե­ւակ փաս­տօ­րէն հա­յա­ցուց գեր­մա­նազ­գի իր կեան­քի ըն­կե­րու­հին, որ ոչ միայն ան­վա­րան հե­տե­ւե­ցաւ իր ա­մու­սի­նի ընտ­րած կեան­քի ու­ղիին (հա­կա­ռակ գեր­մա­նա­ցի իր ծնող­քին դրած ար­գել­քին, Եա­նի Ա­պէլ 1914ին ­Սե­ւա­կի հետ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս), այ­լեւ՝ հա­յօ­րէն մեծ­ցուց ­Սե­ւա­կի զա­ւակ­նե­րը՝ մե­ծար­ժէք բա­նաս­տեղ­ծին նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք։

Ռու­բէն ­Սե­ւակ չու­զեց ապ­րիլ ­Լօ­զա­նի հանգս­տա­ւէտ պայ­ման­նե­րուն մէջ։ 1911էն սկսեալ, բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց կող­քին, ան ձեռ­նար­կեց ար­ձա­կի եւ, «Բ­ժիշ­կի գրքէն փրցո­ւած է­ջեր» ընդ­հա­նուր վեր­տա­ռու­թեան տակ, Հ.Յ.Դ. ­Պոլ­սոյ պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի է­ջե­րուն լոյս ըն­ծա­յեց ի­րա­կան կեան­քէ վեր­ցո­ւած պատ­մո­ւածք­ներ՝ իբ­րեւ ար­ձա­կագ­րի իր տա­ղան­դը եւս հաս­տա­տագ­րե­լով։
Բ­ժիշ­կի իր կեն­սա­փոր­ձէն վեր­ցո­ւած պատ­կեր­նե­րով՝ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րար­ժէք մշա­կու­մի ար­ժա­նա­ցուց ե՛ւ ան­բու­ժե­լի հի­ւան­դու­թեանց մատ­նո­ւած մար­դոց մա­հո­ւան դէմ մղած բուռն պայ­քարն ու կեան­քի ան­հուն սէ­րը, ե՛ւ պանդխ­տու­թեան մէջ հի­ւան­դա­ցած ու մա­հա­ցող հայ մար­դոց ազ­գա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւ­նը, ե՛ւ սի­րոյ ան­մար կրա­կով տո­չո­րո­ւած պարզ մար­դոց ան­սահ­ման յու­զաշ­խար­հը։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ այդ պատ­մո­ւածք­նե­րը ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ ար­ձա­կագ­րին ա­պա­հո­վե­ցին նոյն­քան լիար­ժէք պա­տո­ւան­դան՝ բա­նաս­տեղ­ծի բար­ձուն­քին կող­քին։
Պո­լիս հա­զիւ հաս­տա­տո­ւած՝ ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ իթ­թի­հա­տա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ձեռ­նար­կած հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու զօ­րա­կո­չին։ ­Զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցաւ օս­մա­նեան բա­նա­կին իբ­րեւ բժիշ­կի եւ ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ։ Իր այդ հան­գա­ման­քով թէեւ փրկուե­ցաւ 24 Ապ­րիլ 1915ին ­Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած հա­ւա­քա­կան ձեր­բա­կա­լու­թե­նէն եւ տա­րագ­րու­թե­նէն, բայց ­Յու­նի­սին իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ու տա­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Չան­ղը­րը, ուր թրքա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան ոճ­րա­յին ծրա­գի­րը ­Սե­ւա­կին ճա­կա­տագ­րա­կից ու ե­ղեռ­նա­կից դար­ձուց հան­ճա­րեղ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նին։

Հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­նուն եր­կու դէմ­քե­րը նա­հա­տա­կո­ւե­ցան 26 Օ­գոս­տո­սին։ ­Պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րուն մէջ կայ վկա­յու­թիւ­նը թուրք սայ­լա­պա­նի մը, որ կը նկա­րագ­րէ, թէ ինչ­պի­սի՛ վայ­րագ դա­ժա­նու­թեամբ թուրք ոս­տի­կան­նե­րը ծա­ռի մը կա­պե­ցին եւ բա­ռին ա­մէ­նէն ան­մարդ­կա­յին ի­մաս­տով ուղ­ղա­կի մոր­թե­ցին միայն հայ գի­րին ու դպրու­թեան ծա­ռա­յե­լու «յան­ցան­քը» գոր­ծած ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժանն ու ­Ռու­բէն ­Սե­ւա­կը։

Ա­հա այս­պէ՛ս ցե­ղաս­պան թուր­քը խեղ­դեց կան­խա­հաս հան­ճա­րը ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ ա­նուն հայ բա­նաս­տեղ­ծին ու ար­ձա­կագ­րին, որ նոր թե­ւա­կո­խած էր իր ե­րե­սուն տա­րի­քը եւ այն­քա՜ն բան ու­նէր տա­լու ե՛ւ հայ ժո­ղո­վուր­դին, ե՛ւ ողջ մարդ­կու­թեան։

Մար­գա­րէա­կան շուն­չի տէր էր ­Ռու­բէն ­Սե­ւակ եւ կար­ծէք իր ճա­կա­տագ­րին եր­գը կը գրէր, երբ Կի­լի­կիոյ ա­ղէ­տէն ներշն­չո­ւած կը ստեղ­ծա­գոր­ծէր «­Ջար­դի ­Խեն­թը» ընդ­հա­նուր խո­րագ­րով շար­քը քեր­թուած­նե­րու, ո­րոնց մէջ անլ­ռե­լի ղօ­ղան­ջի պէս ան­վերջ կը պոռթ­կայ «­Բե­մա­կան մե­նա­խօ­սու­թիւն — Քր­քի­ջը» ա­նու­նով քեր­թո­ւա­ծը.

— Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Հօրս դիակն ու­սիս, կը քա­լեմ ա­հա՜
Ջար­դո­ւած­նե­րու դաշ­տին վը­րայ լուռ…
Զա­ռա՜մ ­Քա­հա­նայ, դիա­կըդ տը­խուր
Ի՜նչ ծանր է ու­սիս, ի՜նչ ծանր է ու­սիս…
Ան­շուշտ, երբ իբր խենթ ար­տաք­սե­ցիր զիս
Հայ­րե­նի բոյ­նէդ, չի խոր­հե­ցա՜ր բնաւ,
Թէ պի­տի գա­յի գտնել քեզ խո­նաւ
Թաքս­տո­ցիդ մէջ խեղ­դո­ւած, շան մը պէս,
Իմ պա՜րտքս վեր­ջին կա­տա­րե­լու քեզ…

— Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Բո­լոր խե­լա­ցի մար­դիկ­ներն ա­հա՜,
Ա­հա՜ խե­լօք­ներն այս ա­պուշ կեան­քին,
Ա­հա՜ ա­նոնք, որ ի­րենց ծանր հո­գին
Համ­րիչ քա­շե­լով կ’զբօս­նէին,
Ու նո­ւի­րու­մով մը աս­տո­ւա­ծա­յին`
Կի­րա­կին ան­գա՜մ մը բե­րա­նով ծոմ
Տի­րա­մօր առ­ջեւ կ’սպա­ռէին մոմ,
Շա­բաթ մը ամ­բողջ, ան­վա՜խ, ան­հա­մա՜ր,
Շ­նա­լու, ստե­լու, գող­նա­լու հա­մար:

— Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Բո­լոր տի­րա­ցու հո­գի­ներն ա­հա՜,
Ա­հա ա­նոնք որ, ու­ղեղ­նե՜ր ծան­ծա՜ղ,
Ա­մէն մութ հար­ցի ու­նէին ծի­ծաղ,
Սաղ­մո­սով սնած սո­փեստ­ներ ա­ժան`
Հեշտ կ’լու­ծէին հար­ցում­ներ դա­ժան,
Դա­մոկ­լեան սու­րի մը տակ դող ի դո՜ղ`
Շ­տե­մա­րան­նին կ’ուռց­նէին գո՜հ,
Հարս­նիք­նե­րը շէ՜ն տօ­նե­լու վա­ղո­ւա՜ն…
Ու չէին հա­ճե՜ր իսկ խոր­հիլ ­Մա­հո­ւան…

— Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜,
Բայց ին­չո՞ւ քրքիջս այս­պէս կ’­դո­ղայ…
Ա­հա բո­լո՛րն ալ, բո­լո՛րն ալ, բո­լո՛ր,
Մու­թին ու լու­ռին մէջ անդն­դա­խոր,
Պառ­կա՜ծ խօ­լա­կան, պառ­կա՜ծ ամ­բա­րիշտ,
Պառ­կա՜ծ քա­րե­ղէն ցա­ւի մէջ ընդ­միշտ,
Պառ­կա՜ծ, Աս­տո­ւա՜ծ իմ, ու որ­չափ ալ կա՜յ,
Ու որ­չափ ալ կա՜յ, մին­չեւ հե­ռա­կայ
Ճամ­բար­նե­րուն եզ­րը փռո­ւա՜ծ, կար­ծես
Անդր­հե­ղե­ղեան ան­տա­ռի մը պէս…

— Է՜հ, հա՜, հա՜, հա՜, հա՜.
Լուռ գի­շեր­նե­րին մէջ շու­նե­րուն, ա­հա՜,
Ե­րա­խին մէջ — դեռ կեան­քով գա­լա­րուն
Կը լսեմ ճար­ճա՛­տը ոս­կոր­նե­րուն…
Բա­րե­կամ շու­նե՜ր, բա­րե­կամ ձեռ­քե՜ր,
Բա­րե­կամ լե­զո­ւով լափ­լի­զո­ւած վէր­քեր…
Եր­նէ՜կ, գա­զան­նե՜ր ան­բան… ­Բայց ինչ­պէ՜ս
Բո­լոր ար­ջառ­նե­րը, գլուխ­նին վէ՜ս,
Սու­րա­ցին հե­ռո՜­ւի դաշ­տե­րը ան­ծի՜ր,
Գն­դա­կէ՜ն, բո­ցէ՜ն, աչ­քեր­նին կար­միր…

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.