Իշխան Սաղաթելեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ
- (0)

ՊՐԻՒՔՍԷԼ— Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Հանա Ջալուլ Մուրոյի եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Նաչօ Սանչէս Ամորի հետ։
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւրոպական համարկման գործընթացը, ներքաղաքական զարգացումները եւ երկրին դիմագրաւած արտաքին մարտահրաւէրները։
Սաղաթելեան ներկայացուց վերոնշեալ հարցերուն վերաբերեալ ՀՅԴ դիրքորոշումները՝ շեշտելով Հայաստանի մէջ օրէնքի գերակայութեան, քաղաքական ազատութիւններու պաշտպանութեան եւ իշխանութիւններու հակաօրինական քայլերու զսպման ուղղութեամբ եւրոպական կառոյցներու դերակատարութեան կարեւորութիւնը։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ եւրոպական ընկերվարական շրջանակներու միջեւ զարգացող յարաբերութիւններուն, որոնց հետագայ խորացման շուրջ ձեռք բերուեցան պայմանաւորուածութիւններ։
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանին մէջ կայուն, արդար եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտ նախապայմաններուն եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն շուրջ։