Ռոպերթ Քոչարեան․ «Միայն մենք պիտի որոշենք մեր ճակատագիրն ու ապագան»

ԵՐԵՒԱՆ․- «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ եւ Հայաստանի երրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան նախընտրական ուղերձով դիմած է քաղաքացիներուն՝ յայտարարելով, որ 3ունիս 7-ի ընտրութիւնները վճռորոշ նշանակութիւն ունին երկրի ապագային համար։

Քոչարեան գործող իշխանութիւնը մեղադրած է վերջին ութ տարիներուն Հայաստանի մէջ «սուտի, ձեռնավարութեան, ատելութեան եւ ամբոխավարութեան» մթնոլորտ ստեղծելու մէջ՝ ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է այդ շրջանը փոխարինել «արագ վերականգնման տարիներով»։

«Մենք պէտք է ապացուցենք ամենակարեւորը՝ միայն մենք կ՚որոշենք մեր ճակատագիրն ու մեր ապագան», ըսած է ան՝ ընտրողներուն կոչ ուղղելով իրենց քուէն տալու «Հայաստան» դաշինքին։

Անդրադառնալով արտաքին քաղաքականութեան՝ Քոչարեան շեշտած է, որ Հայաստանը կրնայ միաժամանակ բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանել Ռուսիոյ հետ եւ զարգացնել կապերը Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու հետ։ Ան նաեւ յայտնած է, որ պատրաստ է արժանապատիւ երկխօսութիւն վարելու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ՝ փոխադարձ շահերու եւ յարգանքի հիման վրայ։

Քոչարեան խոստացած է, որ իր ղեկավարութեամբ պատերազմ, դաշնակիցներու հետ առճակատում կամ տարածաշրջանային աւելորդ լարուածութիւններ պիտի չըլլան։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ իշխանափոխութեան պարագային «վենդետա» պիտի չըլլայ, սակայն գործող իշխանութիւնը եւ անոր պատասխանատուները քաղաքական գնահատականի պիտի ենթարկուին իրենց գործունէութեան հետեւանքներուն համար։

Իր ուղերձի աւարտին Քոչարեան վստահութիւն յայտնած է, որ Հայաստանը կրնայ դուրս գալ ներկայ ճգնաժամերէն եւ վերագտնել իր ուժն ու կայունութիւնը՝ կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն միասին կերտելու «աւելի ուժեղ, աւելի ապահով եւ աւելի արդար Հայաստան»։