Պիտի գայ Այն Օրը, Երբ Թուրքիան Պարտաւորուած Պիտի Ընդունի Ճշմարտութիւնը Եւ Պիտի Խոստովանի․ Հրանդ Մարգարեան

Այսօր, Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գերագոյն մարմնի անդամները ու ծաղկեպսակ դրին` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն:

Պիտի գայ այն օրը, երբ Թուրքիան պիտի ընդունի ճշմարտութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով. լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեան:

«Վստահ եմ` պիտի գայ այն օրը, երբ Թուրքիան պարտաւորուած պիտի ընդունի ճշմարտութիւնը եւ պիտի խոստովանի: Վստահ եմ` Թուրքիան նաեւ պիտի պարտաւորուի հատուցում կատարելու: Պիտի գայ այն օրը, որ մեր հայրենիքը պիտի ազատագրուի: Բայց այսօր մենք ունինք շատ աւելի լուրջ քաղաքական մթնոլորտի իրավիճակ եւ մեր քաղաքական պատասխանատուները Ապրիլ 24-ի շեմին կրցան կամք դրսեւորել, զիջիլ, երկիրը դուրս բերել առճակատումէ եւ երկիրը զերծ պահել նորանոր մարտիմէկերէ, արիւնայեղութիւններէ, ցնցումներէ»,– ըսած է ան:

Ըստ Մարգարեանի` այս համընդհանուր կեցուածքը պէտք է նոր ուժ տայ բոլորին եւ մղիչ ուժ դառնալ` կողք կողքի գալու ու համախմբուելու համար:

«Որ կարենանք համախմբութեամբ մշակել այն ծրագիրները, որոնք երկրի հիմնական հարցերուն կարենան լուծում բերել եւ երկիրը առաջ տանել: Հիմա ատոր մասին պէտք է մտածենք»,-աւելցուցած է ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը կը զգայ, որ Թուրքիան արդէն կը պարտաւորուի ընել այնպիսի քայլեր, որոնք մենք 10-20 տարի առաջ չէինք ալ ենթադրել:

«Կը զգանք, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը դարձած է միջպետական յարաբերութիւններու մղիչ հարց, միջազգային կառոյցներու, օրուան խնդիր եւ Թուրքիոյ խնդիրը»,-ըսած է ան:

Անդրադառնալով երէկուան իրադարձութիւններուն` մէկ անգամ եւս համախմբուածութեան եւ միասնականութեան կոչ ըրաւ:

«Մենք տեսանք, որ ժողովուրդը կրնայ համախմբուած ըլլալ, այդպիսի համախմբուածութեամբ շարունակենք աշխատիլ նորովի պետականութիւն կերտելու, մէկ կողմ դնելով անձնական փառասիրութիւնները` աշխատիլ յանուն երկրի բարօրութեան»,-մասնաւորապէս նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.