Պատմութեան Ուղիներէն Դիտենք Փոքրացած Հայաստանը, Մեր Ներկան Եւ Խարխափումները

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Արդէն տարի անցաւ, բայց կարծէք Հայաստանը եւ իր ղեկավարութիւնները դեռ կը շարունակեն իրենք զիրենք եւ դժուարութիւններու մէջ շնչահեղձ ժողովուրդին օրհնութեան գիրի պէս ջամբել յեղափոխութիւն եւ Նոր Հայաստան հոգեպարար բառերը: Ինչպէ՞ս չյուզուիլ: Իսկ յուզումներու պարագային, տրամաբանութիւն եւ իրատեսութիւն կանգ կ’առնեն:

Աշխարհի ո՛չ առաջին, ո՛չ վերջին եւ ո՛չ ալ միակ ժողովուրդն ենք, որ դժուարութիւններու բովէն անցած ըլլանք: Ուրիշ ժողովուրդներ ալ լսած են նորի, նորարարութեան, յեղափոխութեան կոչերը, զանգուածային կերպով հետեւած են: Յետոյ ի՞նչ եղած է հաշուեկշիռը: Յեղափոխութեան եւ նորի շլացումը յաճախ յանգած է… իզմ-ի եւ իստ-ի, ոտքի հանած է ամբոխները, որոնք հետագային սուղ վճարած են իրենց շլացման համար:

Շատ դժուար է ամբոխէն ակնկալել ողջմտութիւն: Բայց ամէն գոյնի ղեկավարութիւնները, որոնք իրապէս կ’ուզեն ծառայել ժողովուրդի բարիքին եւ բարօրութեան, պարտին պահ մը աչքի առաջ ունենալ անցեալը, անմիջական անցեալը, անցած հարիւր տարիները, որոնք հանդիսացան բեմը` տարբեր բնոյթի եւ միշտ յոյսեր ներշնչող ամբողջատիրութիւններու (totalitarisme): Պահ մը սաւառնինք անցեալ դարու շռնդալից կարգախօսներով հրապարակ եկած եւ բանաստեղծի բառերով «խելագարած ամբոխներ»-ը ոտքի հանած վարդապետութիւններու, տեսութիւններու, տարբեր, զիրար մերժող, բայց տեղ մը նոյնութիւն ունեցող գաղափարաբանութիւններու վրայ:

Այսօրուան երիտասարդութիւնը անցեալի ամբողջատիրութիւններու մասին լսած է միայն, եթէ լսած է, երբեմն գիրքի մը էջերէն կարդացած, հեռատեսիլի կէս ժամ կամ` մէկ ժամ տեւող հաղորդման ընթացքին կիսատ-պռատ տեղեկութիւններ ունեցած: Թուենք այդ ամբողջատիրութիւններու աշխարհասասան գլխաւորները. նացիականը, համայնավարականը, մաոյականը, քամպոտիականը: Չորսն ալ երազային եւ կատարեալ աշխարհի մը խոստումներով իրենց ետեւէն քաշեցին խանդավառ եւ ելեկտրականացած ամբոխները` միշտ իտէալական մարդու, երկրի, աշխարհի եւ մարդկութեան ցնորք հետապնդելու համար: Ստեղծելու համար նոր մարդը, նոր ընկերութիւնը, վերջ տալու համար այլասերածներու ընկերութեան: Տեղ մը այդ նոր նացիական-արիական ցեղի ստեղծումն էր, որ կոչուած էր տիրապետելու մարդկութեան վրայ, ուրիշ տեղ` սովետամարդը (homosoviéticus), կամ ամբողջական պատերազմով եւ մշակութային յեղափոխութեամբ ծնունդ տալու համար համայնավար անխարդախ տիպարին:

Միշտ հետեւելով անփոխարինելութեան, առաքեալի եւ մարգարէի ինքնաշնորհուած ըմբռնումի:

Այս բոլորին մասին պէտք է մտածել ամէն անգամ, երբ կը կարծենք պատմութիւնը վերսկսիլ` մերժելով անցեալը սկսելու նորը, նոր ընկերութիւնը, նոր արժէքներով, կամ` դատել այդ մեծ երազները եւ զանոնք կրողները: Մտածել, որպէսզի ինքնախաբէութեան զոհ չըլլանք, սուղ գին չվճարենք եւ վճարել չտանք ժողովուրդին` զայն ամբոխայնացումով (populisme) չարաշահելով:

Նացիզմը Գերմանիոյ արժեց շուրջ տասը միլիոն կեանքեր:

«Կուլակ»-ը արժեց չորս միլիոն կեանքեր եւ քսան միլիոն բանտարկեալներ:

Մաոյի «Մշակութային յեղափոխութիւն»-ը արժեց չորս միլիոն կեանքեր:

Քամպոտիոյ Կարմիր խմերներու զոհերը` աւելի քան չորս միլիոն:

Ամբոխայնացուած հաւաքականութիւնները յետոյ կրնան զղջալ, բայց տասնեակ միլիոններով զոհերը ետ չեն գար:

Երբ կը տարուինք կարգախօսներով, խոստումներով, առանց դատումի, ի հարկէ յանցաւոր են խոստացողները եւ բարձր խօսողները, բայց նաեւ` մենք, մեր անդաստիարակութիւնը, որ Ո՛Չ ըսելու ունակութիւնը կը խեղդէ, սպառողական ընկերութեան եւ անսահմանափակ չարաշահումի մէջ, յանուն ազատականութեան, ազատ շուկայի, միշտ մարդկային իրաւանց ամպհովանիին տակ, բազմապատկելով աներդիքները, անօթիները եւ ըմպելի ջուրէ զրկուածներու զանգուածները:

Եւ միամտօրէն կը հաւատանք, որ «խելագարուած ամբոխները», միլիոնաւոր զոհերը եւ լայնածաւալ-լայնածիր անհեթեթութիւնները մեր ետին են, որ` նման կացութիւններ չեն ստեղծուիր, չեն կրկնուիր:

Դժբախտաբար, նոյնիսկ ժողովրդավարական-ազատական կարգերու տակ, միշտ կայ ապագայ իտէալական ընկերութեան մը, ընկերային կազմակերպութեան մը, նոր քաղաքականութեան մը եւ զայն կրող նոր մարգարէի մը երազը:

Եւ կը չարչրկենք բառերը` այդ չարչրկումը առաւել կամ նուազ բացասականութիւններով տարածելով ընկերութիւններու վրայ:

Երբեմն կ’արժէ իմաստութեամբ լսել եւ արժեւորել ամբոխներուն հաճոյք պատճառող եւ երազ ծախող խօսքերը: Այս բոլորը երբ կ’ըսեմ, կը մտածեմ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին մասին, որպէսզի մեր գլուխը չկորսնցնենք յոյս-յուսախաբութիւն զոյգի բեմական խաղը դիտելով:

1981-ին, երբ ի վերջոյ Ֆրանսան ունեցաւ ընկերվարական նախագահ, յանձին Ֆրանսուա Միթերանի, իր նախարարներէն մին` Ճաք Լանկ յայտարարեց, որ ընտրութեան արդիւնքը անցումն էր «գիշերը լոյսէն զատող սահմանի»: Դեռ նոր, Սպանիոյ վարչապետը, ընտրութեան արդիւնքի լոյսին տակ ըսաւ, որ` «Ապագան յաղթեց եւ անցեալը կորսնցուց»: Ի՞նչ մնաց «գիշերը լոյսէն զատող սահմանի» անցումէն ետք: Այս իրատեսութիւն պէտք է թելադրէ ոչ միայն Սպանիոյ վարչապետին, այլ համեմատութիւնները պահելով` մեր վարչապետին, որ չի վարանիր ամէն առիթով խօսելու «Նոր Հայաստան»-ի մասին: Պատմաբանները թող ըսեն, թէ քանի քանի՛ անգամներ մեր ժողովուրդին տրուած են «Նոր Հայաստաններ»…

Միշտ վնասակար եղած են անոնք, որոնք խորհած են, որ իրենք միայն ատակ են ժողովուրդի իղձերը իրականացնելու, պատմութեան նոր էջ բանալու: Պատմութիւնը գերեզմանն է խոստումներու, իրականացած կարծուած երազներու եւ անոնց հետեւած ցաւագին յուսախաբութիւններու:

Եթէ քաղաքական մարդիկ, ղեկավարներ անկեղծ ըլլան, կը դադրին երազ վաճառելէ, ինչ որ հասարակ շնականութիւն է, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն` ցինիզմ (cynisme): Ինչ որ զանգուածներու մակարդակին կը դառնայ ողբերգութիւն:

Ամբոխայնութիւնը (populisme), ժողովրդավարութեան ընձեռած պայմաններուն մէջ, տիկնիկային թատրոնի խաղը կը ներկայացնէ որպէս իրականութիւն, յուզումները եւ ծափերը` որպէս յեղափոխութիւն: Միշտ պէտք է փորձել լաւ ծառայել ժողովուրդին, անոր ակնկալութիւններուն, առանց հրաշքներ խոստանալու եւ առանց մարգարէ ըլլալու: Այդ պարագային նուազ յուսախաբութիւններ կը ծնին:

Այս ընելու համար խաբկանքներէ հեռու պէտք է մնալ եւ հեռու պահել զանգուածները:

Աշխարհի հինը եղած է թերի եւ անկատար, նորը տարբեր չէ: Այս պատճառով ալ խոստումներէ աւելի իմաստութեամբ պէտք է կառավարել եւ կառավարուիլ:

Յօդուածի մը մէջ կը յիշէի Թոմաս Մուրը: Կրկնութիւն թող չհամարուի արձանագրել նոյնը:

Անգլիացի իմաստասէր Թոմաս Մուր (1478-1535), զոր թագաւորը գլխատել տուաւ իր հաստատ համոզումներուն համար, եւ եկեղեցին զայն սրբացուց, կ’ըսէ. «Մարդկութիւնը օր մը երջանիկ պիտի ըլլայ, երբ իմաստասէրները ըլլան արքայ, եւ արքաները` իմաստասէր»:

Այսինքն` առաջնորդուիլ իմաստութեամբ, ողջմտութեամբ եւ արդարութեամբ, զոհը չըլլալ խօսքի շռայլութեան եւ բարձրախօսներու աղմուկին:

Ինչպէ՞ս: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինք պիտի գտնէ պատասխանը` թոյլ չտալով, որ ուրիշը պատասխանէ իր փոխարէն:

Պատմական կենսափորձէ բխած այս ըմբռնումներով պէտք է գնահատել յուզիչ խօսքերը, յեղափոխութիւններու բորբոքող լուսաւոր վաղորդայնները եւ մեր պարագային` «Նոր Հայաստան»-ը, որուն տիրութեան եւ աշխարհագրութեան մասին նախ պէտք է խօսիլ, որ չըլլան խոստում, այլ ըլլան յանձնառութիւն եւ գործ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.