Պատմական Հայաստանի տեսլականը, թէկուզ ոչ այսօր, բայց անպայման օր մը, աշխարհաքաղաքական յարմար պահուն իրականանալի տեսլական է. Գէորգ Յակոբճեան
- (0)
Թորոնթոյի մէջ կայացած ՀՀ անկախութեան տօնակատարութեան ընթացքին պատգամաբեր Գէորգ Յակոբճեանի խօսքը։
Վեց դար, աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար 543 տարիներ, այսինքն աւելի քան 197000 օրեր պետականզուրկ եւ օտարներու տիրապերտութեան տակ մնալէ ետք, հայ ժողովուրդը 107 տարիներ առաջ վերակերտեց իր պետականութիւնն ու անկախութիւնը:
Հաւաքուած ենք նշելու ու տօնելու hայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն կարեւոր օրը: Բայց կարծէք նախկին ոգեւորութեամբ եւ պարծանքով չենք ոգեկոչեր Մայիս 28-ն անցնող քանի մը տարիներուն, որովհետեւ Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը շրջապատուած է անկայունութեամբ եւ սպառնալիքներով, անոր ինքիշխանութիւնը խոցուած է, ու Արցախը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայաթափուած ու անցած է մնացեալ բռնագրաւուած հայրենիքի շարքին: Անորոշ, խառնաշփոթ ու վտանգաւոր երեւոյթներ կը փոթորկեն hայ մարդու միտքն ու հոգին, իսկ ոմանց մօտ ազգին ու պետութեան հանդէպ անտարբերութիւնն ու անգործութիւնը, հաւաքական խոցի (collective trauma) ընկերահոգեբանական ժամանակաւոր հակազդեցութիւն ըլլալէ անդին վերածուած է կեանքի առօրեայի: Ու այս ապրումներուն մէջ, Սարդարապատեան «խենթերու» եւ Սարդարապատեան հնարքներու արդար փնտռտուք մը կայ կարծես:
Իրօք, Մայիս 28-ն անգերազանցելի կարեւորութեամբ օժտուած բացառիկ թուական է: 107 տարիներ անցած են այդ թուականէն: Ամեակներու թիւերը չեն, որոնք պատմական դէպքերուն այժմէական հնչեղութիւն կու տան, այլ նոյնինքն ներկա՛ն ու ներկայի անցուդարձերը։ Ներկայի մասին խօսելէ առաջ եկէք վերյիշենք, որ համախմբուած ենք, 1918-էն մեզի փոխանցուած սրբութիւնները՝ եռագոյն դրօշն ու զինանշանը պատուելու, Արամներու, դրօներու, Նժդեհներու, Քեռիներու, Գէորգ Կաթողիկոսներու անթառամ յիշատակին առջեւ խոնարհելու, ինչպէս նաեւ սկիզբէն յստակօրէն ու բարձրաձայն, Սարդարպատի ղօղանչներուն նման բարձր ու զիլ պատգամ փոխանցելու ու ո՛չ ըսելու, բոլոր անոնց, որոնք այսօր կը փորձեն մեր ազգային արժէքները, համազգային արժեհամակարգը խնդրոյ առարկայ դարձնել ու վերասահմանել։ Մէկտեղուած ենք վերանորոգելու մեր ուխտը, շարունակելու աւանդը անկախութիւնը գերագոյն նպատակ համարող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ու բոլոր այն պետականամէտ Աղբալեաններուն, Քաջազնունիներուն, Վրացեաններուն, Օհանջանեաններուն եւ անգամ մը եւս հատատելու, որ հայրենիքն ու պետականութիւնը վեր են բոլոր տեսակի շահարկումներէն, ինշխանական սակարկումներէն եւ միջկուսակցական մրցակցութիւններէն։
Այսօրուան բանախօսութիւնը հետեւեալ երեք հարցադրումներուն յստակ պատախաններ տրամադրելուն վրայ պիտի կեդրոնանայ.
Առաջին. Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը ի՞նչ ժառանգեց մեր ժողովուրդին, ի՞նչ է Մայիս 28-ի legacy-ն եւ այսօր՝ Մայիս 2025-ին, այդ ժառանգութիգնը ի՞նչ վիճակ կը պարզէ:
«Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը մեր պատմական պատասխանն էր մահուան դատավճիռին»։ Ամբողջական բնաջնջումի եզրին գտնուող ազգ մը իր միասնական ոգիով, անսասան կամքով եւ հերոսական դիմադրութեամբ կրցաւ հիմնադրել անկախ պետականութիւն մը իր նախնեաց հողին վրայ։
«Ազատութիւն ու անկախութիւն չեն տար, անոնք կը նուաճուին։ Մենք այդ ըրինք 1918-ին»։ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերով, ուր լքուած եւ միայնակ մնացած հայ ժողովուրդը իր աշխարհականով ու կղերականով, զինուորով ու գիւղացիով, դիմադրեց թրքական բնաջնջման բանակին ու ի վերջոյ կերտեց իր պետականութիւնը։
ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, Ահա այս է Մայիս 28-ի մեծագոյն ժառանգութիւնը: Իսկ պետութիւնը կառուցուեցաւ գրեթէ ոչինչէն: Իշխանութեան դժուարին պատասխանտուութիւնը ստանձնած ՀՅԴ-ն ու որոշ չափով մնացեալ ուժերը, սկիզբէն, բոլորիվին զերոյէն նորը պիտի ստեղծէին, ինչպէս որ մենք երբեմն Ովկիանոսի այս կողմերը կ’անցնինք ու ամէ՛ն ինչ զերոյէն կը սկսինք, նոյնպէս Հայոց Ազգային Խորոհրդը, Թիֆլիսէն Երեւան փոխադրուեցաւ եւ գրեթէ ամէն ինչ զերոյէն սկսաւ, սակայն երկու յստակ տարբերութիւններով. ա) Երբ ոմանք արեւմտեան այս կողմերը կը փոխադրուին, իրենց անհատական-ընտանեկան կեանքը զերոյէն կը սկսին ու միայն յետոյ հաւանաբար անցնին համայնքային կեանքի գործունէութեան, իսկ 1918-ի ղեկավարութիւնը, ոչ թէ իրենց անհատական կեանքերը, այլ պետութիւնը պիտի ստեղծէին ու հասարակութիւնը կազմակերպէին: բ) Երբ մարդիկ այս կողմեր կը փոխադրուին, ընդհանրապէս տիրող պայմանները բարուոք ու հնարաւորթիւնները-առիթները բազմաթիւ, բազմատեսակ են, իսկ այդ օրերուն, Հայաստանի մէջ տիրող պայմանները ո՛չ թէ բարօր, այլ գերծանր էին, աւերակներու վրայ նոր պետութիւն մը պէտք է կառուցէր:
Ցեղասպանութեան պատճառաւ տարագրեալ գաղթականներ, համատարած հիւանդութիւններ, թրքական յարձակումներ ու թալան, քանդուած ու աւերուած գիւղեր, դադրած գիւղատնտեսութիւն, բառին ամբողջական իմաստով սով: Աւելի պարզ՝ կատարեալ քաոս եւ անիշխանութիւն: Ամէն բան պէտք էր սկիզբէն սկսիլ:
Հակառակ իր հիմնադրութեան օրերու ծանր ու ճգնաժամային այս պայմաններուն, նորափթիթ պետութիւնը կրցաւ կարճ ժամանակի մէջ հսկայական գործ կատարել: Կազմակերպուեցաւ պետական համակարգ ու հայոց բանակ, քանի մը ամսուան ընթացքին պետութեան սահմանները ընդարձակուեցան, հաստատուեցան դիւանագիտական կապեր ու դեսպանատուներ, պատմութեան առաջին կին դեսպանը նշանակուեցաւ, խորհրդարանական ժողովրդավար ընտրութիւններ տեղի ունեցան, ու ազգային փոքրամասնութիւններ ներառող խորհրդարանին մէջ նաեւ երեք կիներ պատգամաւոր դարձան, 400-ի հասնող օրէնքներ որդեգրուեցան, հայկական դրամանիշ ու անձնագրեր տպուեցան, Երեւանի Պետական Համալսարան ու կրթական, գիտական եւ բարեսիրական հաստատութիւններ հիմնուեցան, գիւղատնտեսութիւնը վերաշխուժացաւ, ճանապարհային հաղորդակցութիւնն ու երկաթուղիները բարելաւուեցան։ Աւելին, 1919-ին Երեւանի մէջ «Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան»ի ծրագիրը յայտարարուեցաւ՝ ձեւակերպելով Հայ Դատի քաղաքական նպատակը, իսկ 1920-ի Սեւրի դաշնագիրով Հայաստանը հանդէս եկաւ որպէս անկախ, միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութիւն եւ միջազգային օրէնքի սուպիեկտ (subject) եւ ոչ օպիեկտ (object):
Այս բոլորը կը հաստատեն, թէ հայ ժողովուրդը կրնայ վերածնիլ նոյնիսկ կործանումի եզրէն։ Եթէ 1918-ին մեր ժողովուրդը այդ կամքն ու վճռակամութիւնը ունեցաւ մահուան եզրէն ու գրեթէ ոչինչէն պետութիւն կերտելու, այսօր եւս, հակառակ բոլոր խըչընդոտներուն, կարելի է յաղթահարել բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները:
Այո՛, Մայիս 28-ի յաղթանակները չլուծեցին հայոց բոլոր հարցերը, բայց վերականգնեցին հաւատը, ոգին եւ պետական միտք-մտածողութիւնը։ Այդ օրերուն ոչ միայն կանոնաւոր բանակը, այլ ողջ ժողովուրդը՝ կին ու տղամարդ, արեւլելահայ ու արեւմտահայ (ներառեալ Արցախէն ժամանած հեծելազօրը) փշրեց յուսահատութեան կապանքները եւ միասնական ջանքերով կասեցուց աղէտը։ Այս դրոյթը, այս ոգին մեր ժողովուրդին կողմէ ցուցաբերուած միահամուռ դիմադրութեամբ, կերտեց անկախութիւն մը, որ այսօր եւս պէտք է ներշնչէ մեզ:
Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է այս ժառանգութիւնը:
Վերջին տարիներուն յաճախ կ’արտայայտուինք, որ մեր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Իսկ կրնա՞յ ըլլալ որ անցեալի դաժան դէպքերը գրեթէ նոյնութեամբ կը կրկնուին, որովհետեւ ինչ որ տեղ մը մոռցած ենք կամ անտեսած ենք պատմութեան դասերը: Պատմութիւնը անցեալի զուտ ժամանակագրական նկարագրութիւն չէ, այն կենդանի եւ յարափոփոխ գիտութիւն է ներկայի ըմբռնման համար:
Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի նախաշեմին թրքական լսարանի համար ականջահաճոյ փաշինեանական յայտարարութիւնը կ’ըսէր, թէ «անցեալին մէջ մնալը շատ հեշտ» մոլորութիւն է եւ ճիշդը` դէպի ապագայ նայիլն է, անցեալը անցեալին մէջ ձգելով: Սոյն մօտեցմումը մէկ բան կը նպատակադրէ՝ տարանջատել եւ հակադրել Պատմական եւ Իրական Հայաստանը, Հայրենիքն ու Պետութիւնը, Ազգայինն ու Պետականը, Հայաստանն ու Սփիւռքը, Արարատն ու Արագածը, Արցախն ու Հայաստանը: Անցեալը անցեալին մէջ ձգելու ջատագովները սակայն, իրե՛նք անցեալը հանգիստ չեն ձգեր եւ անդրդուելիօրէն կը ձգտին մեր հաւաքական յիշողութիւնն ու աշխարհընկալումը վերասահմանել, փոխել: Այդ կը փորձեն ընել արդարացնելու համար այն իրականութիւնը, որ այսօր մեր անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը խոցուած է, ազերին տարածքներ բռնագրաւած է Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներէն, ու ներքին պառակտումները բեւեռացուցած են մեր հասարակութիւնը:
Մայիս 28-ի ժառանգութիւնը երբեք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ չէ սահմանափակուած։ Այդ ժառանգութիւնը ամբողջ հայ ժողովուրդին կը պատկանի, ներառեալ տարածուն եւ կենսունակ սփիւռքին:
Մայիս 28-ի ժառանգութիւնը արժանավայել կերպով պատուելու համար, սփիւռքը պէտք չէ միայն բարեսիրութեամբ կամ մշակութային տօնակատարութիւններով սահմանափակուի կամ ներկայ իշխանութիւններուն ապազգային ու յուսահատեցնող վարքին պատճառաւ հեռանայ հայրենի կեանքէն ու առօրեայէն։
Հայ սփիւռքը, այսօր ամէն ժամանակէ աւելի, պէտք է վերագրաւէ իր արժանի տեղը՝ որպէս ռազմավարական միջոց ու յենարան Հայաստանի պետութիւնն ու պետականութիւնը ամրագրելու։ Այդ կը նշանակէ համակարգուած ձեւով ներդրում կատարել հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հետապնդման մէջ, ո՛չ միայն նիւթապէս, այլ նաեւ մտաւորական, դիւանագիտական, տնտեսական, առեւտրական եւ քաղաքական մակարդակներով։ Կը նշանակէ անդրդուելի մնալ այն գաղափարախօսութիւններուն եւ հոսանքներուն դիմաց, որոնք կը փորձեն Սփիւռքը անջատել հայրենիքէն, սփիւռքեան օրակարգը միայն նեղ համայնքային պէտքերու եւ աշխատանքներու վրայ կեդրոնացնել, հաշտուիլ Արցախի կորուստին հետ ու բնականացնել պարտութիւնը։
Այսօր կոչուած ենք Սփիւռքի երիտասարդութիւնը յիշողութենէն անդին առաքելութեամբ մը զինելու. այդ առաքելութիւնը Հայաստանի ու հայ մարդու անվտանգութիւնն ու բարօրութիւնը ապահովելն ու երաշխաւորելն է, իրաւաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ: Մայիս 28-ն մեզի կը յիշեցնէ, որ հայ ազգը կը ծաղկի այն ատեն, երբ իր զաւակները, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ որ գտնուին, արիութիւն եւ յանձնառութիւն կը ցուցաբերեն։
Անցեալը փառաբանելը բաւարար չէ. իւրաքանչիւր սերունդ իր դերը ունի՝ ժամանակ, կարողութիւն եւ միջոցներ ներդնելով Հանրապետութեան զարգացման եւ յարատեւման մէջ։ Մայիս 28-ն մեզի կը յիշեցնէ, որ այսօրուան պետութիւնը արեամբ եւ բազում զոհողութիւններով գոյացած է, իսկ անոր պահպանումն ու հզօրացումը մեր սերունդին պատուաբեր յանձնառութիւնն է։ Պէտք է գործել ո՛չ թէ անցեալին կառչելու համար, այլ արդարութիւնը վերականգնելու համար։ Ո՛չ թէ պատմութեան դաժան ողբերգութիւնները վերապրելու համար, այլ ապագան կերտելու համար։ Մայիս 28-ն անցեալ չէ միայն. ան այսօրուան ճշմարտութիւնն է եւ վաղուան պատասխանատուութիւնը։
Երկրորդ. Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանուի Մայիս 28-ն այսօր, ու որո՞նք են այն յստակ տարբերութիւնները 1918-ի իշխանութիւններուն եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն միջեւ: Արդեօ՞ք ճիշդ ու արդար են ՔՊ-ական այն մեկնաբանութիւնները, թէ 1918-ին ընդամէնը Հայոց Ցեղասպանութենէն երեք տարիներ ետք ՀՅԴ-ն եւս կը բանակցէր, կը համագործակցէր թուրքերուն եւ թաթարներուն հետ, խաղաղութեան պայմանագրեր կը կնքէր ու դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատէր:
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան մասին բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ կան: Գաղափարական անգին վեհութենէ քաղաքական գործիքի կը վերածուի անկախութեան գաղափարը: Հայրենի պետական այրեր եւ կարգ մը մտաւորականներ կը փորձեն ազգային քաղաքական ուժերը ներկայացնել որպէս անկախականներ, հականկախականներ, գերիշխանութեան հաւատացողներ եւ այլ պետութեան հովանիի տակ երկիրը պատկերացնողներ:
Սովետական պատմագրութիւնը փորձեց նսեմացնել ՀՅԴ-ի անգնահատելի եւ կեդրոնական դերը՝ 1918-ի անկախութիւնը ներկայացնելով իբրեւ Թուրքիոյ «նուէր» եւ հայ քաղաքականութեան պարտադրուած ընթացք։ Այս խեղաթիւրումը, ցաւօք, միայն անցեալի մենաշնորհը չէր։ Նոյն շահադիտական մօտեցումով ՀՅԴ-ն կը մեղադրուի նաեւ իբրեւ 1991-ի անկախութեան դէմ դրսեւորուած դիրքորոշում ունեցող ուժ։ Այսօր ալ, կը փորձեն ՀՅԴ «միութենական պետութեան» անդամակցելու գաղափարի կողմնակիցներուն մէջ դասել: Մինչդեռ, իրականութիւնը այն է, որ խորհրդային տարիներէն մինչ այս պահը, ՀՅԴ-ն հայրենի խրամատներու ու սփիւռքի մէջ յարատեւ պայքարի ճամբով անկախութեան գաղափարի ջատագովն էր ու կը շարունակէ մնալ: Անկախութիւնը՝ որպէս անսակարկելի սկզբունք, եղած է ու պիտի մնայ Դաշնակցութեան ծրագրային առանցքը։ ՀՅԴ-ն մնայուն կերպով կանգնած է ու պիտի շարունակէ կանգնիլ ազգային, ինքնիշխան, անկախ պետութեան կերտման ակունքներուն մօտ։ Անկախութիւնը անքննարկելի սկզբունք է անկախութիւն կերտած կուսակցութեան համար»։
Իսկապէս անդընդունելի է 1918-ի Առաջին Հանրապետութեան ղեկավարներուն քայլերը նմանցնել այսօրուան իշխանութիւններու ընտրած գործընթացներուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ։ Նախ պէտք է սխալ արտայայտութենէ մը սկսիլ. «1918-ին, ընդամէնը Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք» կ’ըսեն, առանց գիտակցելու որ Ցեղասպանութիւնը 1915-ին չաւարտեցաւ, այլ անոր տարբեր դրսեւորումները շարունակուեցան մինչեւ 1923 թուական: Այսինքն, խորքին մէջ նորաստեղծ պետութեան ռազմաքաղաքկան ղեկավարութիւնը դեռ կը գործէր ցեղասպանական ընթացող յանցագործութեան եւ բնաջնջուելու հաւանականութեան պայմաններուն տակ: Թրքական ռազմական ուժերը հայկական տարածքներուն վրան կը վխտային: 1918-ի ղեկավարները բանակցութիւններ կը վարէին առանց կանոնաւոր ու հզօր բանակի, առանց դաշնակիցներու, առանց դիւանագիտական յարաբերութիւններու, Հայաստանը որպէս անկախ պետութիւն չէր ճանչցուած, առանց սփիւռքի, առանց պետական հաստատութիւններու, նոյնիսկ առանց սնունդի, դեղորայքի կամ վառելանիւթի։ Անոնք կը բանակցէին ազգին ու նորածին պետութեան գոյատեւումը ապահովելու եւ ոչ թէ խաղաղութիւն մուրալու։ Դաշնագրերու, ինչպէս Պաթումի ստորագրումը անխուսափելի էր, ստիպողական էր եւ ոչ թէ կամաւոր։
Այս բանակցութիւնները գոյատեւման միջոցներ էին, ոչ թէ հաշտեցման ու յարաբերութիւններու բնականոնացման։ Միւս կողմէ, Հայաստանի այդ օրերու ղեկավարութիւնը հրապարակաւ կը դատապարտէր թրքական ցեղասպան քաղաքականութիւնը, կասկածանքի տակ չէին դներ ջարդերուն պատճառները, victim blamin չէին ըներ, իրենց գերիշխանութեան տակ եղող ժողովուրդին պաշտպանութենէն չէին հրաժարեր, փախստականներու եւ որբերու հարցերով կը զբաղէին, վկայութիւններ կը հաւաքէին, արխիւներ կը պահպանէին ու ազգային յստակ պահանջատիրութեամբ Փարիզի Խաղաղութեան Համաժողովին պետական պաշտօնական պատուիրակութիւն կ’ուղարկէին ու «Սեւր» կ’ապահովէին: Վերջապէս, թէեւ այդ օրերու ղեկավարութիւնը կը բանակցէր ու փաստացի (De facto), ո՛չ իրաւական ու ոչ վաւերական պայմանագրեր կը կնքէր, միւս կողմէ կեանքի կը կոչէր Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի տեսլականը ու մանաւա՛նդ կը ծրագրէր ու կը գործադրէր Նեմեսիսի գործողութիւնը…:
Եկէք այս բոլոր պատմական իրողութիւնները այսօրուան կամ 2020-ի կամ 2023-ի Հայաստանի Հանրապետութեան պայմաններուն եւ անոր ղեկավարութեան վարքագծին հետ բաղդատենք: Հայաստանը պետութիւն է, ունի միջազգային ճանաչում, միջպետական ռազմավարական դաշինքներ, դիւանագիտական միջոցներ, աշխարհատարած սփիւռք եւ սփիւռքեան աջակցութիւն, անդամ է բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային ու տարածաշրջանային իրաւական, դատական եւ քաղաքական գործիքակազմերու. ունի համաշխարհային համբաւ վայելող գիտնականներ ու ձեռնարկատէրեր, աշխոյժ քաղաքացիական հասարակութիւն եւ համակարգումի սպասող անպարտելի ներուժ։ Աւելին՝ ունի կամ 2020-ին ունէր գրեթէ 30 տարի լաւ թէ վատ պայմաններու մէջ գոյացած բանակ ու զինամթերք, պետական հաստատութիւններ եւ լծակներ։ Բայց ներկայ իշխանութիւնները գիտակցաբար ու դիտաւորեալ որդեգրած են յանձնատուութեան, պատմական իրողութիւններու ժխտման, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման, թրքական թեզերու սպասարկման՝ Արցախէն, արցախահայութեան տարրական իրաւունքներէն ու համազգային պահանջատիրութենէն հրաժարման եւ յանուն իշխանութեան, առանց որեւէ անվտանգային երաշխիքի, թշնամիներուն հետ բնականոնացման քաղաքականութիւն, աւելի ճիշդ՝ Հայաստանի թրքացման քաղաքականութիւն, առանց որեւէ պատասխանատուութիւն ստանձնելու Արցախի ցեղասպանական ողբերգութեան ու արցախահայութեան հայրենազրկման, ՀՀ տարածքներու եւ ինքիշխանութեան խոցուած վիճակին ու օրէ օր խորացող բազմաթիւ այլ խնդիրներու: Հետեւաբար, այսօրուան իշխանութիւններուն ապազգային գործունէութիւնը 1918-ի արդարամիտ, ազգօգուտ եւ պետականամէտ իշխանութիւններու գործունէութեան հետ համեմատելը՝ պարզապէս պատմութեան նենգ ու մոլորեցնող, խեղաթիւրող չարաշահում մըն է այս օրերու ապազգային գործունէութիւնն ու անդառնալի ձախողութիւնները արդարացնելու համար։
Երրորդ. Մայիս 28-ի խորհուրդին վրայ հիմնուած, ինչպէ՞ս կարելի է մերկացնել ու դատապարտել այն գաղափարախօսութիւնն ու խօսոյթը, զորս այսօրուան իշխանութիւննները կը փորձեն նենգաբար ներկայացնել որպէս հիմնական արժէքներ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան օրակարգ», «Հայրենիքը Պետութիւնն է» եւ «իրական Հայաստան» յորջորջումներով։
Ապազգային վարքագիծը ոչ միայն մեզ պարտութեան կ’առաջնորդէ, այլ արժանապատիւ պատմութիւն կերտելու մեր իրաւունքը կը ջնջէ։
Խաղաղութիւնը արժէք է ու նախապայման կայուն զարգացման եւ հզօրացման: Ապազգային ու հակապետական են այն բոլոր ուժերը, որոնք չեն ուզեր ժողովուրդի մը կամ պետութեան մը հակամարտութիւնները լուծել եւ արդարութեան վերականգմամբ հիմնուած հաշտութեան, համերաշխութեան եւ արժանավայել խաղաղութեան հասնիլ իրենց դրացիներուն հետ: Սակայն նոյնքան ու աւելի ապազգային ու պետականակործան են այն ուժերը, որոնք խաղաղութիւն հասկացութիւնը բռնաբարելով, կը փորձեն յանձնատուութիւնը, ինքնիշխանութեան կորուստը, հակառակորդին բոլոր պահանջները հլու հնազանդ կատարելը, պարտութիւնն ու պետութիւնը խոցելի (vulnerable) պահելը խաղաղութիւն որակել: Պատմութիւնը կ’աղաղակէ ու բազմաթիւ օրինակներ կու տայ, որ խաղաղութեան կարելի չէ հասնիլ պատմական պատասխանատուութիւնը խաթարելով ու հակառակորդին հաճոյանալով։
«Խաղաղութեան Խաչմերուկ», «Խաղաղութեան Օրակարգ» հայեցակարգերով ներկայ իշխանութիւնները ոչ թէ բարօրութեան ու կայուն խաղաղութեան կ’առաջնորդեն ազգն ու պետութիւնը, այլ հպատակեցման ու նուաստացման: Ի՞նչպէս կարելի է «խաղաղութիւն» մուրալ պատմական ոխերիմներէ, որոնք բացայայտօրէն հայրենի մեր տարածքները արեւմտեան Ազրպէյճան կը յայտարարեն ու Երեւան վերադառնալու հրապարակային ելոյթներ կ’ունենան: Ալիեւի յայտարարութիւնները, թէ Զանգեզուրն ու Երեւանը «պատմական ատրպէյճանական հողեր» են, սովորական քարոզչական սահմանները կ’անցնին եւ ուղղակիօրէն կասկածի տակ կը դնեն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միասին կը պահանջեն Զանգեզուրի արտատարածքային «անցք», զոր կը ներկայացնեն իբրեւ խաղաղութեան կամուրջ, բայց ըստ էութեան փանթուրանական ծրագրի մաս է։ Հայատեացութեան մէջ թաղուած Ատրպէյճանը, ընդամէնը 2 տարի առաջ, Թուրքիոյ անմիջական մասնակցութեամբ Արցախը ցեղասպանական յանցագործութեան ենթարկող Ատրպէյճանը, Արցախի քաղաքական ու քաղաքացիական ղեկավարութիւնը ապօրինի գերութեան մէջ պահող Ատրպէյճանը Հայաստանի հետ խաղաղութեան չի՛ պատրաստուիր: Որքա՛ն անշրջելի ըլլան մեր զիջումներն ու թուլանայ ազգային կամքը, այնքան սաստկանալու են Պաքուի պահանջներն ու աճելու է աշխարհաքաղաքական ախորժակը: Ազգային յիշողութիւնը, պատմական պատասխանատուութիւնը եւ պահանջատիրութիւնը արգելքներ չեն խաղաղութեան, ընդհակառակը, երաշխիքներ՝ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան ու զարգացման:
Միւս կողմէ, «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութիւնը, որ յառաջ կը մղուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, պարզապէս պետականաշինութեան տեսլական մը չէ։ Ան աւելի խորքային, նենգ նախագիծ մըն է, որ կը փորձէ վերասահմանել հայկական ինքնութիւնը, յիշողութիւնը եւ ազգային ձգտումներն ու արժէքները:
Պատմական Հայաստանը, ներառեալ այն, որ առաջին Հանրապետութեան օրերուն կերտուեցաւ, պատրանք համարել նուազագոյնը վիրաւորական ու դատապարտելի է: «հայրենիքը պետութիւնն է» Նիկոլ Փաշինեանի լոզունգը նոյնքան վիրաւորական ու խնդրայարոյց է, որովհետեւ հայրենիքը միայն իրաւական եզրոյթ չէ: Հայրենիքը պատմական, մշակութային, ժառանգական, ծագումնաբանական, ամբողջութիւն է, եւ մեր հայրենիքի ընկալումը բնականաբար կը ներառէ նաեւ Արեւմտեան Հայաստանը, Արցախը, Ջաւախքը, Նախիջեւանը եւ նոյնիսկ ոմանց համար մինչեւ իսկ Կիլիկիան: Այս տարածքները պարազապէս հողատարածքներ չեն մեզի համար, այլ՝ նախնեաց աճիւններ, լեզու, քրտինք, ճիգ ու ջանք, աղօթք, մշակոյթ, քաղաքակրթութիւն, ուժ, զայրոյթ եւ յոյս։
Իջեցնել հայրենիքի հասկացողութիւնը միայն 29,743 քառ. քլմ. միջազգանօրէն ճանչցուած տարածքի սահմաններուն՝ կը նշանակէ ընդունիլ մեր թշնամիներու պատմութիւնը որպէս ճշմարտութիւն եւ համակերպուիլ պատմական կորուստներուն hետ։ Այս մտայնութիւնը, որ ներկայ ստատուս քուոն կը ներկայացնէ իբրեւ ձեռքբերում, պարտութիւնն ու յանձնատուութիւնը սկզբունքի կը վերածէ, իսկ արդարութեան վերականգնման հաւանականութիւնը՝ անիրականանալի երազանքի։ Բայց Առաջին Հանրապետութիւնը ստեղծուեցաւ ոչ թէ սահմանափակող «իրապաշտութեան», այլ ազգային տեսիլքի եւ արժանապատիւ գոյապայքարի հիման վրայ։ Իրապաշտ ըլլալ՝ կը նշանակէ անցեալը ճանչնալ, անցեալի դասերը ճիշդ սորվիլ, ներկան կռահել ու ապագան կառուցելու ձեւը գտնել: Մեր օրերու քարոզուած «իրատեսութիւնը» վերածուած է ինքնութեան ժխտման եւ ձախողութեան արդարացման միջոցի, համազգային վերածնունդի հրաւէրի փոխարէն, պարտութեան գովերգի։
Մենք պատրանքի երկրպագուներ չենք ու չենք ուզեր ըլլալ, բայց նաեւ կը հաւատանք, որ անցեալէն ժառանգուած Պատմական Հայաստանի տեսլականը թէկուզ ոչ այսօր, ո՛չ տասը տարի ետք, բայց անպայման օր մը, աշխարհաքաղաքական յարմար պահուն հաւանական ու իրականանալի տեսլական է, որ կը բխի Հայաստանի առաջին անկախութեան ոգեղէն ժառանգութենէն: Ահա թէ ինչո՛ւ մեզի համար «Իրական Հայաստան» պատկերացումը սխալ է, պակաս է, թերի է, ամբողջական չէ:
Փաշինեանի պնդումը, թէ հայ ժողովուրդը այլեւս հայրենիք փնտռելու կարիք չունի, ոչ միայն կ’անտեսէ միլիոնաւոր հայրենազուրկ հայերու իրողութիւնն ու իրաւունքները, այլ նաեւ բառացիօրէն կը մերժէ հայրենիք հասկացողութեան համաժողովրդական, բազմաշերտ եւ պատմամշակութային արդար իմաստը։ Օրինակ արցախահայուն ինչպէ՞ս համոզել, որ այլեւս հայրենիք չփնտռէ, չփնտռէ իր տունը, տեղը, հողը, արմատները, նախնիներուն շիրմաքարերն ու դարերով կուտակուած հարստութիւնները: Ինչպէ՞ս բացատրել այսպիսի վիրաւորանք մը այդ ալ Սարդարապատի յուշահամալիրէն, երբ հայրենի հողերու կորուստի ցաւը տակաւին թարմ է, երբ ազգային անվտանգութեան վերաբերեալ խորացող անորոշութիւնները կը սպառնան այսօրուան պետութեան ապագային։
«Մեր պետութիւնը մեր ինքնութիւնն է» կը յայտարարէ Փաշինեան։ Այո, պետութիւնը մեր ինքնութեան անբաժան մասն է, բայց ոչ ամբողջական ու բովանդակ ինքնութիւնը: Հիմա ինչպէ՞ս կարելի է պնդել, որ մենք 543 տարիներ ինքնութիւն չենք ձեւաւորած, որովհետեւ պետութիւն չենք ունեցած: Հայ ինքնութիւնը ձեւաւորուած է պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն եւս՝ վէպերով, լեզուով, եկեղեցիով, աշխարհական ու կղերական գործիչներով, երգ ու պարով, արուետով ու խաչքարով, լաւաշով ու տուտուկով, տարագրութեան մէջ հայ մնալու հաւատքով ու պայքարով։ Հայ ինքնութիւնը այսօր եւս կը ձեւաւորուի պետականամերձ ու պետութենէն հազար մղոններ հեռու ապորղ սփիւռքի հայ համայնքներուն մօտ: Այս մանիպուլատիւ, կեղծարար ու խաբեբայական վերաձեւակերպումը յղի է պետութենէն դուրս ապրող եւ հայապահպանման եւ հայակերտման համար պայքարող սփիւռքը օտարելու եւ կապերը խզելու վտանգով։
Օրհասական պահեր կ’ապրինք, որովհետեւ վերոնշեալ քաղաքական սին արժեհամակարգերը կը պառակտեն ու կը մոլորեցնեն մեր ժողովուրդը աշխարհով մէկ. այս խօսոյթները աւելի խոցելի ու տկար կը դարձնեն մեզ, ու շատ պարզ է, որ տկար, պառակտուած ու իրարամերժ ժողովուրդը շատ աւելի ձեռնտու է թշնամիին իր նպատակները իրականացնելու համար, քան միասնակամ ու ազգային յստակ գաղափարախօսութեան հաւատացող ու ազգային իղձերու մէջ հասարակ յայտարար ունեցող ժողովուրդ մը: Մեր հաւաքական գիտակցութիւնն ու դիմադրողականութիւնը թշնամու քմահաճոյքին ենթարկելու ընթացք մը, արշաւ մը սկսած է, եւ այս նպատակով սկսած են վերանայիլ մեր պատմութեան ամենանուիրական փուլերը, որոնք մեր ազգային կամքն ու տոկունութիւնը կը զօրացնեն։
Ահա թէ ինչո՛ւ մեզի կը մնայ «վերագտնել համարձակութիւնն ու քաջութիւնը. համարձակութիւ՛ն գահակալ խրտուիլակներ(ու) եւ (անոնց) շրջապատող ու գործակից ստրուկներու դիմաց։ Ինքնավստա՛հ վճռորոշութիւն՝ ընդհանուր շահեր(ու) գիտակցութեամբ լուսաւորուած»։ Համազգային ընդհանուր շահերը խստօրէն կը պահանջեն, որ պէտք է րոպէ առաջ վերջ տալ այս վտանգաւոր գահավիժումին, ու համախմբուիլ յանուն անկախ պետականութեան հզօրացման, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնումի եւ անվտանգութեան ապահովման, արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի եւ սեփական ճակատագրի տնօրինման: Այս առաջադրանքներուն մէջ, մեր ներշնչումն ու հաւատքի պարար աղբիւրը 1918 Մայիս 28-ն է, մեր ինքնաճանաչման, մենք մեզ ճանչնալու հայելին Սարդարապատն է, մեր Մայիսեան հերոսներու խոյեանքը, անոնց նուիրումը, զոհաբերութիւնն ու հայրենասիրութիւնը: Եւ այո՛
«Մենք չհանգանք դեռ կը գանք,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք»:
(Որ Սարդարապատի զանգերը ղօղանջեն)՝ Հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած,
Հազա՜ր-հազար լուսապայծառ հոգիներով ճառագած,
Ու երկնահաս քո բարձունքին, Արարատի սուրբ լանջին,
Պիտի գով(ենք) քո նոր կեանքը նոր երգերով, նոր խօսքով,
Իմ նո՜ր հայրենիք, (իմ խաղաղ հայրենիք, իմ անկա՛խ հայրենիք),
Հզօ՜ր հայրենիք․․․»:
Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան
Թորոնթօ, 30 Մայիս 2025