ՉԱՒՈՒՇՕՂԼՈՒԻ ԿՈՉԸ ԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ

Ա.Ա.

 

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հայկական Սփիւռքին կոչ ըրաւ՝ չխոչընդոտելու հայեւթուրք երկխօսութիւնը։

Երեւան- Անգարա երկխօսութեան սկսելու պաշտօնական առաջին հանդիպումէն օրեր առաջ նման յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով՝ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յստակօրէն կ՛արտայայտէր թրքական կողմին մտահոգութիւնը, ինչ կը վերաբերի հայկական ուժեղ եւ կազմակերպուած Սփիւռքին, որ կը ներկայացուի իբրեւ հայեւթուրք երկխօսութիւնը խոչընդոտելու կողմը։

Արցախեան երկրորդ պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Թուրքիա եւ Ատրպէյճան  ներկայիս կը ջանան միջազգային ընտանիքին ներկայանալ իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատող ծրագրեր ունեցող կողմը, որ նաեւ համաձայն է առանց նախապայմաններու երկխօսութեան սկսելու Հայաստանի հետ։ Սահմաններու բացման  եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման օրակարգով ներկայացող այս երկխօսութեան առանց նախապայմաններու կայացումն ալ ըստ երեւոյթին թրքական կողմին համար պայմանաւորուած է հայկական Սփիւռքին ամբողջական լուսանցքայնացմամբ, որովհետեւ Անգարայի իշխանութիւնները բոլորէն աւելի գիտեն, թէ հայկական կողմին որ հատուածէն  կանխարգելիչ նախաձեռնութիւններ կրնան ծրագրուիլ եւ գործադրուիլ, որպէսզի Հայաստան հայեւթուրք երկխօսութենէն չտուժէ։ Չաւուշօղլու ի մտի ունի Սփիւռքի մէջ գործող այն բոլոր կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները, ինչպէս Հայ Դատի գրասեակները, յանձնախումբերը եւ մարմինները, հայկական լոպին եւ այն միւս բոլոր կառոյցները, որոնք  կը գործեն,որպէսզի ապահովեն հայութեան շահերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմամբ եւ հայութեան արդար իրաւունքներուն հատուցմամբ։ Չաւուղօղլու նաեւ վստահաբար ի մտի ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, որ պահանջատէր մըն է հայոց իրաւունքներուն։

Մինչ այդ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը գոհ է հայկական կողմի քայլերէն։ Թէ ինչ քայլերու մասին է ակնարկութիւնը, յստակ չէ, բայց շատ յստակ է Անգարայի իշխանութիւններուն կեցուածքը։ «Դատելով Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուած քայլերը, կրնանք ըսել, որ կան դրական նախատեսութիւններ։Ասիկա մնայուն եւ առանց նախապաշարումներու պէտք է ըլլայ։Բայց իրականութիւն է, թէ որոշ հարցերու շուրջ չենք կրնար համակարծիք գտնուիլ», յայտարարեց ան, որ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իբրեւ բանագնաց նշանակուած՝ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ 31- ամեայ  Ռուբէն Ռուբինեանը համարեց մէկը, որ Թուրքիոյ կողմէ կը համարուի «բարի նպատակներ ունեցող անձնաւորութիւն մը»։ Հոս անմիջապէս պէտք է նշել, որ Թուրքիոյ բանագնացը արտաքին գործոց նախարարութեան ամենէն փորձառու դիւանագէտներէն Սերտար Քըլըճն է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան եղած է եւ հանրածանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման իր կարծր կեցուածքներով եւ դիրքորոշմամբ։

Բանակցութիւններու օրակարգին մասին թէեւ ներկայիս ոչինչ կը հաղորդուի, սակայն դատելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանի յայտարարութիւններէն, հայկական կողմը առաջնահերթ կը համարէ սահմանի բացումը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը։ Յունանեան նաեւ վերահաստատեց առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու սկսելու պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը։

Առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու սկսման մասին կը խօսին նաեւ Անգարայի իշխանութիւնները, որոնց կեցուածքները եւ դիրքորոշումները կրնան շատ արագ փոխուիլ եւ նախապայմաններ կրնան երեւան գալ։ երեւան կրնան գալ։Այս հանգրուանին՝ թէեւ կոչի մը ծիրին մէջ, Անգարա կենսական կը համարէ հայկական Սփիւռքին հեռու պահուիլը՝ հայեւթուրք երկխօսութենէն։ Ասիկա նախապայման մը չէ, բայց պէտք է ի մտի ունենալ , որ կոչի մը բովանդակութեամբ կատարուած նշումը բնաւ զերծ չէ նախապայմանի մը վերածուելու ազդակներէ։ Հայկական Սփիւռքը լուրջ խնդիր մըն է Թուրքիոյ համար։ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հայութեան իրաւունքներու հատուցման համար գործող սփիւռքեան բոլոր կառոյցները, միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները հայեւթուրք երկխօսութենէն հեռու պահելու թրքական միտումը վտանգաւոր տարողութիւն մը կրնայ ստանալ, եթէ պաշտօնական Երեւան չհակադարձէ  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կոչին։ Հայկական պետական կեցուածք մը միայն կրնայ վերջ դնել հայկական Սփիւռքը իբրեւ արգելակիչ տարր ներկայացնելու թրքական փորձերուն։ Այլապէս արդարացի մտավախութիւններ կրնան ստեղծուիլ՝ հայեւթուրք երկխօսութեամբ հայկական Սփիւռքը իսկապէս լուսանցքայնացնելու վերաբերեալ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.