Ուսումնամարզական թռիչք կատարող ռազմօնադանաւի կործանման հետեւանքով երկու օդաչուներ զոհուած են
2347
0
Դեկտեմբեր 4-ին, ամենօրեայ մարտական պատրաստութեան ծրագիրով ուսումնամարզական թռիչք իրականացնող ՀՀ զինուած ուժերու Սու-25 մարտական օդանաւի հետ կապը կորսուած է:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութենէն, օդանաւը թռչած է ժամը 10.06-ին` Գիւմրիի օդակայանէն:
Աւելի ուշ յայտնաբերուած է ՀՀ զինուած ուժերու Սու-25 մարտական օդանաւի վթարի վայրը Մարալիկի լեռնային տարածաշրջանին մէջ: Մահացած օդաչուներն են փոխգնդապետ Արմէն Բաբայեանն ու աւագ սպայ Մովսէս Մանուկեանը:
Մարտական ինքնաթիռի կործանման գծով քրէական գործ յարուցուած է։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արևիկ Խաչատրեանը: