Շաբթուան ամփոփումը (14 մայիս 2026)
- (0)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։
Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։
Գանատա Եւ Սփիւռք
– Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցին յայտարարեց, թէ Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեաններ 500,000 գանատական տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն կատարած են եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն աջակցելու նպատակով։ Եկեղեցւոյ կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ այս մեծահոգի նուիրատուութիւնը բնորոշուած է իբրեւ հաւատքի, եկեղեցասիրութեան եւ համայնքային պատասխանատուութեան վկայութիւն, որ կ’արտացոլէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն խոր կապուածութիւնը իրենց սուրբ եկեղեցւոյ նկատմամբ։
– Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին եւ «Բագին» գրական հանդէսին, հինգշաբթի, 7 մայիս 2026-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հանդիպում Գրիգոր Պլըտեանի հետ» գրական ձեռնարկը՝ գրասէր հանրութեան լայն մասնակցութեամբ։ Երեկոյի ընթացքին ներկայացուեցաւ Ժասմին Ղազարեանի «Պարտէզը որ քեզ երազեց» վաւերագրական ժապաւէնը, որմէ ետք գրող, բանաստեղծ եւ բանասէր Գրիգոր Պլըտեան զրոյց ունեցաւ Րաֆֆի Աճէմեանի հետ՝ անդրադառնալով իր ստեղծագործական աշխարհին, գրական ոճին, թեմաներու մշակման ընթացքին եւ գրելու գործընթացի տարբեր երեսներուն։ Ձեռնարկին մասնակցողները նաեւ հարցումներ ուղղեցին հեղինակին, իսկ երեկոն աւարտեցաւ գիրքերու մակագրութեամբ։
– Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, մայիս 4-ին Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Օքսֆորտի համալսարանի դասախօս եւ արուեստաբան տոքթ. Վազգէն Խաչիկ Դաւիթեանի դասախօսութիւնը՝ նուիրուած Սարգիս Խաչատուրեանի Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով նկարներուն։ Դաւիթեան անդրադարձաւ ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան հետեւանքով մոռացութեան մատնուած հայ արուեստագէտներուն ժառանգութեան, յատկապէս ներկայացնելով Սարգիս Խաչատուրեանի գործերը, որ երկար տարիներ մոռցուած պահուած էր Կիւլպէնկեան թանգարանի արխիւներուն մէջ։ Ան շեշտեց, որ նման ստեղծագործութիւններ ոչ միայն գեղարուեստական արժէք ունին, այլ նաեւ կը հանդիսանան պատմական յիշողութեան եւ հայ վերապրողներու փորձառութեան կարեւոր վկայութիւններ։
– Շաբաթ, 9 մայիսին, Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Les Rugissants («Աղմկարարները») երգչախումբի ARCHES խորագրով համերգը՝ նուիրուած հայ մշակոյթին։ Քսաներկու անդամներէ բաղկացած ոչ-հայ երգչախումբը, Xavier Brossard Ménard-ի ղեկավարութեամբ, հայերէնով ներկայացուց Կոմիտասի, Մակար Եկմալեանի, Վաչէ Շարաֆեանի, Տիգրան Մանսուրեանի եւ այլ հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։ Յայտագիրին ընթացքին ներկաներուն ներկայացուեցան բացատրութիւններ հայ երաժշտութեան, համայնքին եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հայկական ճարտարապետութեան մասին։ Ձեռնարկը, որ արդէն ներկայացուած էր Մոնթրէալի հայկական տարբեր եկեղեցիներու մէջ, մեծ հետաքրքրութիւն եւ ջերմ արձագանգ գտաւ թէ՛ հայ եւ թէ՛ ոչ-հայ հանդիսատեսին մօտ։
– Կիրակի, 3 մայիս 2026-ին, Գեմպրիճի Հայ կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղին կազմակերպած «ՀՕՄ-ի օր»-ուան եւ «Մայրերու օր»-ուան հանդիսութիւնը։ Ձեռնարկին ընթացքին շեշտուեցաւ ՀՕՄ-ի ծառայական, կրթական եւ ազգային առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ կնոջ եւ մօր դերակատարութիւնը հայ ինքնութեան պահպանման մէջ։ Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան «Մեսրոպ Թիթիզեան» շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտներն ու «Կիլիկիա» երգչախումբը, իսկ օրուան պատգամաբեր Աննա Պուլկարեան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի պատմական դերին եւ կազմակերպական գործունէութեան շարունակականութեան կարեւորութեան։ Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ գնահատուեցան երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած ՀՕՄ-ուհիներ։
– Մայիս 6, 2026-ին, Մասաչուսէցի Ուաթըրթաուն քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց վաստակաշատ դաշնակցական, ազգային-հասարակական գործիչ, մտաւորական եւ հայ մամուլի նուիրեալ Թաթուլ Սոնենց Փափազեան։ Կուսակցական իր պարտականութիւններուն կողքին, ան երկար տարիներ ծառայած էր նաեւ իբրեւ ՀՕՄ-ի հրատարակութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու խմբագիր եւ ՀՕՄ-ի կեդրոնական գրասենեակի վարիչ-տնօրէն՝ իր նշանակալի ներդրումը բերելով ազգային, մշակութային եւ կազմակերպական կեանքին մէջ։
Հայաստան
– Չորեքշաբթի, մայիս 13-ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ վերացուցած է Հայաստանի հետ ուղղակի առեւտուրին վերաբերող սահմանափակումներէն մէկը՝ թոյլատրելով երրորդ երկիրներու ճամբով իրականացուող բեռնափոխադրումներու պարագային վերջնական նպատակակէտը կամ ապրանքներու ծագման երկիրը ուղղակիօրէն նշել որպէս Հայաստան կամ Թուրքիա։ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Օնճու Քեչելի նաեւ յայտարարեց, թէ սահմանը բանալու ուղղութեամբ «թեքնիք եւ վարչական աշխատանքները» կը շարունակուին, մինչ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Պատալեան ողջունեց քայլը՝ զայն նկատելով կարեւոր առաջընթաց։ Միաժամանակ, որոշ հարցադրումներ կը բարձրացուին որոշումին ժամանակաւորութեան վերաբերեալ՝ նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ ընթացող ընտրական շրջանը, եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի կողմէ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան շարունակութեան հանդէպ արտայայտուած դրական վերաբերմունքը։
– Մայիս 8-ին պաշտօնապէս սկսաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի յունիս 7-ի ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը, որուն կը մասնակցին 17 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք՝ փորձելով ապահովել շուրջ 2.5 միլիոն ընտրողներու վստահութիւնը։ Քարոզարշաւը պիտի տեւէ մինչեւ յունիս 5։ Նոյն օրը Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան» դաշինքի հանրահաւաքին ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, թէ իրենց նպատակը ոչ թէ աթոռ կամ պաշտօն ստանալն է, այլ երկիրը ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելը։ Ան ընտրութիւնները ներկայացուց իբրեւ պայքար ազգային եւ «ապազգային» ուժերու միջեւ՝ ընդգծելով, որ մէկ կողմը կը գտնուին «Արցախը յանձնողները», իսկ միւս կողմը՝ «Արցախը ազատագրողները»։
– Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հերթական անգամ բացայայտ կերպով միջամտած է Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացներուն՝ յայտարարելով, թէ եթէ Ատրպէյճանի համար «անընդունելի» ուժեր իշխանութեան գան Հայաստանի մէջ, «հայ ժողովուրդը պիտի տուժէ»։ Բռնագրաւուած Կովսականի մէջ կատարած իր ելոյթին ընթացքին Ալիեւ կրկնած է պատերազմական յարձակողապաշտ հռետորաբանութիւնը, որմէ ետք ան բացայայտ աջակցութիւն յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան՝ յունիս 7-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ։
– Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս յայտարարած է, թէ ԵՄ-ն պիտի աջակցի Հայաստանի անդամակցութեան ուղղուած ձգտումներուն։ Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, թէ Հայաստանի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը «յատուկ քննարկում» կը պահանջէ, առաջարկելով հանրաքուէ կազմակերպել եւ ընդգծելով, որ ԵԱՏՄ-ի եւ ԵՄ-ի մաքսային համակարգերուն մէջ միաժամանակ գտնուիլը դժուար թէ հնարաւոր ըլլայ։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան արձագանգած է, թէ ներկայիս Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով հանրաքուէ կազմակերպելու «առարկայական անհրաժեշտութիւն» չկայ, եւ նման հարց օրակարգ պիտի չմտնէ, քանի դեռ գործնական ընտրութեան անհրաժեշտութիւն գոյութիւն չունի։