ՆՈՐ ՈՐԱԿԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՎ

Ա.Ա.

Ընդդիմութիւնը՝ խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական, իսկապէս կարեւոր պատասխանատուութիւն ունի հայրենիքին ու պետութեան նկատմամբ։ Իշխանութիւններուն գործունէութեան հսկելու, արձանագրուած բացթողումները մատնանշելու, դատաիրաւական համակարգին անկախութեան սպառնացող թերիներու չէզոքացման մասին յայտարարելու, ընկերատնտեսական խնդիրները մնայուն կերպով իշխանութիւններուն ուշադրութեան յանձնելու պարտաւորութիւնը մեծ մասամբ կ՛իյնայ ընդդիմութեան ուսերուն, քաղաքացիական հասարակութեան տարբեր խաւերուն մէջ առաւել կամ նուազ չափով առկայ դժգոհութիւններու ալիքներուն ճիշդ կերպով հակազդելու եւ ըստ այնմ ճիշդ պահուն ալ գործի լծուելու իրաւունքն ալ ամբողջապէս գործադրելով։
Իշխանութիւններ-խորհրդարանական ընդդիմութիւն յարաբերութիւններուն մէջ էականը եթէ խորհրդարանական համակարգին մէջ գործունէութեան ընթացքին հսկողութեան եւ հաւասարակշռութեան պահպանման լծակներու արդիւնաւէտ գործածութեամբ պայմանաւորուած է, արտախորհրդարանական ընդդիմութեան պարագային՝ յատկապէս նշանակալից եւ կարեւոր է քաղաքացիական հասարակութեան բաղկացուցիչ տարբեր խաւերու հետ հասկացողութիւնը, քաղաքացիներուն դժգոհութիւններուն ականջալուր ըլլալով՝ կացութեան ճիշդ գնահատականներ տալը, մանաւանդ հռետորաբանութենէ հեռու մնալը, որպէսզի հասարակութեան դժգոհութիւններուն թարգմանը հանդիսանալու առիթները զուր տեղը չվատնուին։
Հայաստանեան ներքին քաղաքական, ընկերատնտեսական, կրթական եւ այլ մարզերու մէջ յստակ է, որ կան որոշակի խնդիրներ եւ դժգոհութիւններ, որոնց նկատմամբ ձեռնածալ մնալը եւ լռութիւն պահելը կը նշանակէ պատասխանատուութեան որոշ բաժին մը ունենալ։ Ներքին անհանդուրժողականութեան, իրարամերժութեան, դիմացինը միշ ու միշտ յանցաւոր, սխալական եւ ապակառուցողական համարելու մօտեցումն է, որ առաւելաբար իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական խումբին վարկին կը վնասէ եւ ժամանակի թաւալումին հետ կը վերածուի բողոքի ալիքներու յառաջացման գործօնի մը։ Միշտ ու միշտ դիմացինը սխալի մէջ տեսնելու, միւսին ծրագրերը, քայլերը, նախաձեռնութիւնները եւ պատկերացումները սխալ, իսկ՝ իրը ճիշդ, տեղին եւ նպատակայարմար համարելու համոզումը նախեւառաջ ինքնասպանութեան կ՛առաջնորդէ։
Ասոր մէջ ընդդիմութիւնը, խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական, յանցանքի բաժին մը չունի։ Սխալը կ՛ըլլայ, երբ հակազդեցութիւն չ՛ըլլար, բողոքի ձայն չի բարձրանար։Այս իմաստով ալ Հ․Յ․Դ․ – Հայրենիք – Բարգաւաճ Հայաստան եռեակին կողմէ կազմակերպուելիք՝ Հոկտեմբեր 8-ի բողոքի համապետական հաւաքը առաջին փորձաքարն է, որ թէ՛ ընդդիմութեան, եւ թէ իշխանութիւններուն համար կարեւոր է։ Ընդդիմադիր ճակատը հրապարակ պիտի իջնէ եւ ցոյց պիտի տայ, թէ հայաստանեան հասարակութեան տարբեր խաւերուն մէջ առկայ դժգոհութիւնը ինչպէս կրնայ համախմբել եւ բողոքի մէկ ճակատ ձեւաւորել։Իսկ իշխանութիւնները՝ ժողովրդավարական արժէքներու ամբողջական յարգման եւ բողոքի հաւաք կազմակերպելու ընդդիմութեան իրաւունքը պաշտպանելու հարկադրանքին տակ կը գտնուին, մանաւանդ եթէ իսկապէս կը հաւատան, որ այդ իրաւունքը սահմանադրութեամբ ամրագրուած է։ Մինչ այդ, ժողովրդային մեծ դժգոհութիւն չտեսնել ձեւացնող՝ իշխանութիւններուն ներկայացուցիչներուն կողմէ այս մասին կատարուած յայտարարութիւնները իսկապէս կը մղեն նմանութեան եզրեր տեսնելու նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններուն միջեւ, առաւել հիմնաւորելով այն համոզումը, թէ մարդ կրնայ շատ փոխուիլ, երբ իշխանութեան հասնի։
Հոկտեմբեր 8-ին Ազատութեան Հրապարակին վրայ ազգային իշխանութեան ձեւաւորման պահանջով կազմակերպուելիք բողոքի համապետական հաւաքը առաջին նախաձեռնութիւնն է, որուն պիտի հետեւին այլ աշխատանքներ եւ շարժումներ, որպէսզի հայաստանեան հասարակութիւնը կարենայ իր դժգոհութիւնները եւ բողոքը արձանագրել։ Հոկտեմբեր 8-ի հաւաքը շատ լաւ առիթ մըն է ապացուցելու, որ Հայաստանի մէջ իսկապէս ժողովրդավարութիւն գոյութիւն ունի։ Եւ իշխանութիւնները այս իմաստով քննութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.