Նահապետ մը շիջեցաւ. Սասունցի Ճէմիլ Տէտէի յիշատակին

Կա՛ն հանդիպումներ, որոնք անջնջելի հետք կը թողուն մեր յիշողութեան մէջ:
Կա՛ն մարդիկ, որոնք նոյնիսկ իրենց լռութեամբ այնքա՜ն շատ եւ անմոռանալի խօսքեր կ’ըսեն:
Անցեալ Յուլիսին, Արեւմտեան Հայաստան այցելութեան երրորդ օրն էր:  Այդ օրը Դաւիթի Բերդն ու Գէորգ Չաւուշի ծննդավայր՝ Սասուն գաւառի Մկթենք գիւղը այցելած էինք: Մկթենքի մէջ, մեծ ֆետայիի տան աւերակներուն մօտ, գիւղապետ Քահրամանի հետ զրոյց-վիճաբանութեան ազդեցութիւնը դեռ չէի թօթափած, երբ հասանք Ճէմիլ Տէտէին տունը:
Դէպի տուն տանող ճամբան դիւրին չէր: Նախ՝ փայտէ շարժական աստիճանով մը բարձրացանք, փշոտ ու քարքարուտ դաշտ մը անցանք ու վերջապէս հասանք Ճէմիլ Տէտէին տունը:
Սասնայ գիւղերէն մէկուն մէջ ծուարած այդ հիւրընկալ տան մուտքին մեզ դիմաւորեց Ճէմիլ Տէտէն՝ խուզարկող, բայց բարի աչքերով, տարեց կաղնիի պէս փարթամ, ժպտերես: Եւ այդ պահուն հասկցայ քիչ առաջ, Մկթենքի մէջ հանդիպած մարդոց «քաղաքավար» յարձակումին պատճառը. իրենց հողին ամուր կառչող Ճէմիլ տէտէներու ներկայութիւնը: Եկուոր ըլլալու, ուրիշին հողին, տան, պատմութեան տիրանալու գիտակցութիւնը մի՛շտ պիտի տանջէ զիրենք եւ այդ զգացումը չէզոքացնելու համար՝ մի՛շտ յարձակող ու կռուազան պիտի ըլլան:
Շրջանի հազուագիւտ հայ քրիստոնեայ ընտանիքներէն մէկն է ի՛րը: Ֆէրիտէ, իր անպաշտօն հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած էր, որ շատ հայեր այսօր կը զղջան կրօնափոխ ըլլալնուն համար, բայց…
Բազմազաւակ է Ճէմիլի եւ Ֆէրիտէի ընտանիքը: Գրեթէ բոլոր զաւակները Կ. Պոլիս կ’ապրին: Միայն կրտսեր որդին՝ Շահինը նոյն գիւղին մէջ կ’ապրի: Շահինի զաւակներն ալ Կ. Պոլիս կը մնան…
Եւ… տան բակին մէջ հայերէն, արաբերէն, թրքերէն զրոյց մը սկսաւ: Մեր անվերջ հարցումները համբերութեամբ կը լսէր ու կը պատասխանէր Ճէմիլ Տէտէն: Ֆէրիտէ նէնէն լուռ կը հետեւէր զրոյցին: Քիչ մը անդին նստած էին իրենց հայ դրացիները՝ տարեց մայր ու աղջիկ… Հարսն ու երիտասարդ թոռնիկը՝ Տրտօն եւ Սիւզանը անցած էին ընթրիքի պատրաստութեան: Մեր ուղեկիցը՝ Սոֆիան, նախապէս պատմած էր, որ Ճէմիլ Տէտէն ամէն այցելուի կը հարցնէ Երեւանի իր ազագականին՝ Գասպարին մասին, որուն հետքը կորսնցուցած է եւ շատ կը փափաքի զայն գտնել… Մեզի ալ հարցուց: Դժբախտաբար՝ չկրցանք օգնել:
Ընթրիքը պատրաստ էր: Գիւղի եւ տան բարիքներն էին սեղանին վրայ. պանիր, կարագ, ձմերուկ, կանաչ լուբիա… Սասունի հայկական օճախի այս օրհնուած սեղանին համն ու հոտը երբե՛ք չեմ մոռնար:
Կիները սեղան չմօտեցան: Մեր խնդրանքներն ու քաջալերանքները ապարդիւն էին: Կարգն էր այդպէս: Հարիւրաւոր տարիներ այդ եղած է գիւղի աւանդութիւնը ու այդպէս ալ պահպանուած է այս տան մէջ…
Մեր՝ կիներուս, գիշերած սենեակի պատէն կախուած Քրիստոսի նկարը կը յուշէր, որ քրիստոնեայ տան մէջ ենք: Սենեակի միակ արդիական իրը հեռատեսիլն էր, որ այդ գիշեր լուռ մնաց…: Մէկ անկիւնը՝ իրարու վրայ խնամքով ծալուած անկողիններն էին: Միասին գետին փռեցինք: Ամէն մէկս իր տեղը գտաւ եւ սկսաւ կանացի զրոյցը: Աւելի ճիշդը՝ մեր հարցումներուն տարափը սկսաւ իջնել Տրտոյի եւ Սիւզանի գլխուն: Դուրսը՝ կեսուրի եւ կեսրայրի ներկայութեան լուռ աշխատող Տրտօն պատմեց իրենց հայկական գիւղին, ընտանիքին, զաւակներուն եւ մտահոգութիւններուն մասին:
Ուշ գիշեր էր: Բաց լուսամուտէն միայն մութ երկինքն ու աստղերը կ’երեւային: Եւ այդպէս՝ խաղաղ, հանգիստ, հողին բոյրը զգալով քնացայ: Քանի մը ժամ վերջ, պատուհանին դիմաց նստած կը սպասէի Սասնայ լուսաբացին: Հեռուն լեռներուն վրայ լռութեամբ իջնող լոյսով նոր օր մը կը սկսէր: Այդ լեռներուն համար սովորական, ինծի համար անկրկնելի լուսաբաց էր: Լոյսին հետ յոյս եւ վճռակամութիւն կ’իջնէր, կարծէք: Ճէմիլ Տէտէներու ընտանիքները, որոնք ամէն գնով հողին վրայ մնացած են, ամուր խարիսխներ են:
Անցեալ շաբաթ Ճէմիլ Տէտէն հեռացաւ այս կեանքէն: Գնաց՝ առանց Երեւանի իր ազգականը գտնելու: Գնաց՝ միանալու հազարաւոր տարիներ այդ հողին վրայ ապրած իր նախնիներուն…
Նահապետ մըն ալ շիջեցաւ: Ճէմիլներու յիշատակը պահպանելու ամենաճիշդ ձեւը հողի՛ն եւ այդ հողին վրայ ապրող հայուն հաւատալն է:
Մարի Մերտխանեան-Եարալեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.