«Յանուն հայրենիքին ու Հայ դատին». Ի նպաստ Հայ Դատին Թորոնթոյի մէջ հանգանակուեցաւ 132,687 հազար տոլար

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած «Յանուն հայրենիքին եւ Հայ դատին» խորագիրը կրող հանգանակային ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ:

Օրուան հանդիսավար՝ Խաժակ Գուլաճեանը, բարի գալուստ մաղթեց եւ իր խօսքին մէջ նշեց Հայ դատի գրասենեակներու կատարած կարեւոր դերակատարութիւնը հայ ազգի քաղաքական իրաւունքներուն տէր կանգնելու, ապա հաստատեց, որ ձեռնարկը կը նպատակադրէ օժանդակել Հայ Դատի գրասենեակներուն, որոնք տարիներ շարունակ քաղաքական-քարոզչական լուրջ գործունէութիւն կը ծաւալեն:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի անցնող քանի մը տարիներու  աշխատանքները եւ նուաճումները ամփոփող, որմէ ետք Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պելեանը յստակացումներ կատարեց Արցախի հիմնահարցին հետ կապուած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին, ապա որոշ մանրամասնութիւններով ներկայացուց գրասենեակի աշխատանքի ընթացքը, քաղաքական-դիւանագիտական մակարդակի ծաւալած յարաբերութիւնները եւ յայտնեց, որ գաղութը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի եւ նոր ռազմավարութեան կարիքը կը զգացուի, հետեւաբար պէտք է յալելեալ լրջութեամբ հետեւիլ հայ դատի աշխատանքներուն:

Խօսքի աւարտին Սեւակ Պելեան յանձնախումբի եւ գրասենեակին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր համակիրներուն անվերապահ աջակցութեան, որ խթան հանդիսացած է ու կը շարունակէ հանդիսանալ Հայ դատի գրասնեակի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքի առաջին բաժինով ընդհանուր պատկեր մը տուաւ ՀՅԴ աշխատանքներուն մասին, որպէս համահայկական կառոյց:  Նախ ներկայացուց հիմնական մարտահրաւէրները, ինչպէս Արցախի կարգավիճակի խնդիրը, որ կը շարունակէ անտեսուած մնալ թէ՛ Արեւելքէն եւ թէ՛ Արեւմուտքէն, Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան մէջ սահմանագծման եւ սահմանազերծման հարցը, Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները, Ռուսիա-Թուրքիա շահերու համընկնումը ներկայ հանգրուանին, որոնք մեծապէս կը վտանգեն ոչ միայն Արցախի կարգավիճակին, այլ նաեւ Հայաստանի հողային տարածքային ամբողջութեան։ Ապա խօսեցաւ ստեղծուած քաղաքական թոհուբոհին մէջ ՀՅԴ-ի տարած հսկայական աշխատանքներուն մասին, ինչպէս Հայրենիքի փրկութեան շարժում,  խորհրդաժողովները եւրոպական երկիրներ եւ Միջին Արեւելք, դիւանագիտական մակարդակի հանդիպումներ, ջաւախահայութեան օժանդակութիւններ, եւ վերջապէս նոր հրատարակութիւններ Հայ Դատի մասին: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան փակեց իր խօսքը նշելով, որ իր ներկայացուցածը մէկ  փոքր հատուածն է այն հսկայ աշխատանքներուն, որ առաջ կը տանի ՀՅԴ կազմակերպութիւնը, ապա հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանը, որ զեկուցէ կարգ մը շրջաններուն մէջ ՀՅԴ-ի գործնական աշխատանքներուն մասին:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան իր կարգին զեկուցեց Աւստրալիոյ, Հարաւային Ամերիկայի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի մէջ Հայ Դատի տարած աշխատանքներուն մասին: Ան կարեւորեց երիտասարութիւնը աշխուժացնելու որդեգրուած ծրագիրները, այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, եւ ի նպաստ Ջաւախքի, Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններուն համար մշակուած Հայ Դատի յանձնախումբերու ծրագիրները:

Ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան երկրորդ բաժինով զեկուցեց Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի աշխատանքներուն մասին: Ան հիմնական կէտերու մէջ ամփոփեց Հայ Դատի աշխատանքներու սահմանումը՝ հայրենիքի օժանդակութիւնը եւ պետական հիմերու ամրապնդումը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւոորւմը, Հայ իրաւական կեդրոնի ստեղծումն ու անոր ծաւալուն աշխատանքը, տարբեր երկիրներու մէջ հայութեան ժառանգած իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրը, Ջաւախահայութեան իրաւունքներու հարցը, Արեւմտեան Հայաստանի Դատը եւ վերջապէս ժողովուրդի քաղաքականացումն ու յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը դէպի քաղաքական կեանք մղելու հրամայականը:

Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ նշեալ բոլոր աշխատանքները ռազմավարական իմաստով կը համադրուին Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդին կողմէ եւ այդ ուղղութեամբ ալ ստեղծուած են միջազգային գրասենեակներ՝ Ուաշընկթընի, Պրիւքսէլի, Միջին Արեւելքի, Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ:

Բիւրոյի ներկայացուցիչը իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, նուիրատուներուն եւ ըսաւ. «Մեր ուժը մեր ժողովուրդը եղած է միշտ: Ձեր նուիրատութիւններով կամաւոր աշխատանքը կ՚արդիւնաւորէք»:

Հանդիսավար Խաժակ Գուլաճեան յայտարարեց, որ Հայ դատի առաքելութեան համար է հանգանակուած է 132, 687 տոլար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կը կանգնին Հայ դատի գործունէութեան:

Ձեռնարկի աւարտին Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Օթթաուայի Հայ դատի գրասնեակի գործավար Սեւակ Պելեան պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.