Մտորումներ՝ քուէի ու քուէարկութեան մասին
ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«— Չես ըսեր, կնիկ, թաղականին գործն ալ այսօր լմնցուցինք. կիրակի օրը քուէարկութիւնը պիտի կատարուի, եւ բոլոր անդամները պատուաւոր մարդիկ պիտի ըլլան։ Թորոս աղան ինծի քանի մը օղի խմցունելով ետեւէս ինկաւ որ իւր ուզած մարդոցը քուէ տամ, բայց ես իմ մարդոցս տուի, վասն զի իմ մարդիկս ինծի ամեն գիշեր օղի կը խմցունեն եւ շատ բարի ու պատուաւոր մարդիկ են…»
ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ
(«Մեծապատիւ մուրացկաններ», Գ. տպագրութիւն, Թիֆլիս, 1895։ էջ 28)
Արդի ժողովրդավարութեան հիմնական սիւնը յայտարարուած է քուէն, որպէս անհատ քաղաքացիի եւ, հետեւաբար, ժողովուրդի կամքի արտայայտութեան գլխաւոր միջոցը եւ անառարկելի չափանիշը որեւէ իշխանութեան օրինականութեան։ Արեւմուտքը մեծ աղմուկով դիտորդներ կ՚ուղարկէ աջ ու ձախ, այս կամ այն քուէարկութեան արդարացիութիւնը՝ հետեւաբար անոր հիմամբ ընտրուած իշխանութեան օրինականութիւնը հաստատելու համար, անշուշտ պայմանաւ որ այդ իշխանութիւնը իր սրտով ըլլայ, այլապէս… Օրինակի համար, Եգիպտոսի պատմութեան ամենաազատ քուէարկութիւնը՝ 2012ին նախագահի աթոռին հասցուց Մոհամմատ Մուրսին, սակայն Արեւմուտքը ծպտուն չհանեց երբ հազիւ տարի մը ետք բանակը պետական հարուածով զայն տապալեց, խորհրդարանը արձակեց, 800 ցուցարարներ սպանեց ու երկիրը վերադարձուց 1952 էն ի վեր տիրող բռնատիրութեան։ Մինչդեռ գրեթէ նոյնանման կացութիւն մը այս տարի Միանմարի մէջ տեղի տուաւ ահռելի աղմուկ-աղաղակի, պատժամիջոցներու եւ այլն։
Սակայն եթէ երթանք ժողովրդավարութեան ակունքներուն, մինչեւ Աթէնք, պիտի տեսնենք թէ քուէարկութիւնը միշտ չէ, որ համարուած է ժողովրդավարութեան կիրարկման լաւագոյն տարբերակը։ Քանի որ քուէարկութեան նպատակը լաւագոյն կամ առնուազն յարմարագոյն տարբերակի մը ընտրութիւնն է երկու կամ աւելի հնարաւորութիւններու ցանկէ մը, — ըլլան անոնք անձինք ինչ-որ պաշտօնի մը կամ որոշումներ հաւաքականութեան առջեւ ցցուող խնդրի մը լուծման համար, ժողովրդավարութեան ռահվիրաները միշտ ալ վերապահութեամբ մօտեցած են քուէարկութեան, եւ յաճախ նախընտրած այլ տարբերակներ, մասնաւորաբար վիճակաձգութիւնը։ Աթէնքի մէջ նոյնիսկ ընդունուած էր, թէ վիճակաձգութիւնը ժողովրդավարական է, իսկ քուէարկութիւնը կը նոյնացուէր սակաւապետութեան (օլիգարխիա) հետ, որովհետեւ քուէարկութիւնը կը թոյլատրէ, որ մեծ կարողութիւններու տէր անձինք իրենց կարողութիւնները օգտագործեն քուէարկութիւնը իրենց ի նպաստ շեղելու համար։
Ժողովրդավարութիւնը բաւական երկար ճամբայ կտրած է Աթէնքէն ի վեր, ոչ միշտ հեզասահ։ Աթէնքը նուաճած հռոմէացիները կը հաւատային քուէարկութեան, որովհետեւ ունէին սակաւապետական հակումներ եւ ի վերջոյ իրենց ժողովրդական փորձը յանգեցաւ Յուլիոս Կեսարի ամբոխապետութեան եւ Հռոմի հանրապետութիւնը դարձավ Հռոմէական կայսրութիւն, որուն «ձեւաչափ»ը այս կամ այն պատկերով հասաւ մինչեւ մեր օրերը։
Հռոմի հանրապետութեան ժողովրդավարական փորձը երբ քիչ մը մօտէն ուսումնասիրենք, բազմաթիւ զուգահեռներ կարելի է գտնել այսօրուան քաղաքական բեմերուն հետ, մանաւանդ եթէ ուսումնասիրենք քաղաքական պայքարներու ընթացքին օգտագործուած մեքենականութիւնները՝ քուէարկութիւններու խարդախութիւններէն մինչեւ որեւէ թեկնածուի թեր կամ դէմ հանրային կարծիք ձեւաւորելու միտող բամբասանքային արշաւները՝ վճարովի գործակալներու ցանցերով հանդերձ, որոնք իրենց մասնագիտականութեամբ չէին զիջեր մերօրեայ ֆէյսպուքային արշաւներուն։
Այսօր ժողովրդավարութիւն հասկացութիւնը նոյնացած կը թուի քուէարկութեան հետ, մինչդեռ քուէարկութիւնը պարզապէս ձեւ մըն է հաւաքական որոշում կայացնելու որոշ խնդրի մը մասին, ընտրելու հարցի մը լուծման տարբերակներէն մէկը, կամ որոշ պաշտօնի մը համար յարմարագոյն անձը։ Այս ձեւով դրուած, քուէն պարզապէս անհատ քուէարկողի կարծիքն է տուեալ խնդրին մասին, որոնց համադրուած արդիւնքով կ՚որոշուի հաւաքականութեան ընելիքը։ Ու երբ հաւաքականութեան անդամը կը փորձէ առարկել այս կամ այն որոշման դէմ, անմիջապէս իր դէմ կը դրուի պարզագոյն փաստարկը, թէ որոշման հեղինակը ի՛նքն է՝ իր քուէով։
Եւ հոս է որ կը սկսի ժողովրդավարութեան ողբերգութիւնը։ Քուէարկութեամբ է, որ Իտալիան ու Գերմանիան ունեցան Մուսոլինի ու Հիթլեր, Թուրքիան ունեցաւ Էրտողան, իսկ մենք, ետ չմնալու համար համաշխարհային ալիքներէն, ունեցանք քայլառածներ։
* * *
Ինչպէս ըսինք, քուէն անհատ քուէարկողի կարծիքն է տուեալ խնդրին կամ անձին մասին, եթէ հարցումը կը վերաբերի պարզապէս պաշտօնի մը համար այս կամ այն թեկնածուի յարմարութեան։ Օրինակ, քուէարկողէն կը պահանջուի հաստատել երկրի նոր սահմանադրութիւնը, կամ որոշել թէ ո՞վ պիտի ըլլայ երկրի ղեկավարը։ Քուէն, ուրեմն, տուեալ քաղաքացիի կարծիքն է սահմանադրութեան մասին, կամ առ այն, թէ ո՞վ աւելի յարմար է երկրի մեծ կամ փոքր խնդիրները լուծելու համար։
Առաջին հարցումին բարեխղճօրէն պատասխանելու համար պէտք է քաղաքացին գոնէ կարդացած եւ հասկցած ըլլայ առաջարկուած սահմանադրութիւնը։ Իսկ երկրորդին համար, ան պէտք է նախ իմանայ եւ ըմբռնէ, թէ երկրին առջեւ ի՞նչ խնդիրներ կան ծառացած, պէտք է ճանչնայ թեկնածուները եւ իրենց կարողութիւնները, ապա նստի եւ որոշէ, թէ ներկայացուած թեկնածուներէն ո՞վ է յարմարագոյնը՝ այդ խնդիրները լուծելու համար։
Եկէք ձեր ձեռքերը ձեր խիղճերուն վրայ դրէք եւ ինծի վստահեցուցէք, թէ միջին քաղաքացին ի վիճակի է ըմբռնելու եւ հասկնալու սահմանադրութեան այն տարբերակը, որուն օգտին կամ ընդդէմ քուէարկել կը պահանջուի իրմէ, եւ իր որոշումը իսկապէս մտածուած ու կշռադատուած է, կամ թէ նոյն այդ միջին քաղաքացին խորապէս քննած է երկրին առջեւ ծառացող մօտաւոր եւ հեռաւոր մարտահրաւէրները, կը ճանչնայ հրապարակ իջած թեկնածուները եւ կրնայ յստակօրէն կողմնորոշուիլ, թէ անոնցմէ ո՞վ կրնայ ըլլալ լաւագոյն անձը տուեալ մարտահրաւէրներուն ընդառաջ, եթէ յաջողիք աչքերուս մէջ անթարթ նայելով ինծի այդ վստահութիւնը տալ, ձեր անունը անձամբ կը ներկայացնեմ յաջորդ «Օսկար»ի մրցանակաբաշխութեան՝ որպէս լաւագոյն դերասանի։
Անհեթեթութիւն է միջին քաղաքացիէն պահանջել նման կարողութիւններ։ Ան ստիպուած պիտի ըլլայ կողմնորոշուելու ոչ թէ առարկայական տուեալներու վրայ հիմնուած իր սեփական կարծիքին հիմամբ, այլ այս կամ այն կողմի կարծիքները համեմատելով, երբեմն պարզապէս այս կամ այն կողմին նկատմամբ իր նախասիրութենէն դրդուած, առանց մտածելու։
1991ի նախագահական ընտրութիւններու նախօրէին Երեւան էի, եւ առաւօտ մը, երբ հիւրանոցէն դուրս կու գայի, յարկի հաւաքարարուհիները նստած էին սուրճի ու «բարի լոյսիս» հարցումով պատասխանեցին. «Էս պրեզիդենտի ընտրութիւններին ո՞ւմ տանք մեր քուէն»։ Փորձեցի չպատասխանել. «Ձեր քուէն է, գաղտնի քուէ է, դուք պիտի որոշէք», ըսի։ Չգոհացան ու շարունակեցին. «Ուզում ենք Լեւոնին տանք, նրան սիրում ենք»։ «Ինչպէս ըսի, ձեր քուէն է. բայց մի մոռնաք, որ երբ Լեւոնին քուէարկէք, քուէարկած կ՚ըլլաք նաեւ Խաչիկ Ստամբոլցեանին, Բաբգէն Արարքցեանին … » ու թուարկեցի մի քանի անուններ եւս ՀՀՇի ղեկավարութենէն։ Երեսները թթուեցան, ու թուարկածս անուններէն ամեն մէկուն համար երկու քաղցր խօսք ըսին. «Էդ քոսոտը, էն քնձռոտը …»։ «Կրնայ ըլլալ ճիշտ էք, բայց Լեւոնին տրուած քուէն նաեւ անոնց կ՚երթայ, որովհետեւ Լեւոնը առանձին պիտի չգայ իշխանութեան, անոնց հետ պիտի կառավարէ», ըսի ու գլուխս ազատեցի։
Շատեր այս երեւոյթը կը բացատրեն քաղաքական մշակոյթի բացակայութեամբ։ Շատ հակուած չեմ այդ բացատրութեամբ բաւարարուելու եւ համակերպելու ներկայ դրութեան հետ, որովհետեւ «քաղաքական մշակոյթ»ը պէտք չէ փնտռել միջին քաղաքացիին մօտ, այլ քաղաքական վերնախաւին՝ անոնց մօտ, որոնք պէտք է ունենան այդ մշակոյթը եւ ընդհանրապէս չունին։ Պարզապէս երբ միջին քաղաքացին կը դնենք իր կարծիքը յայտնելու պարտադրանքին տակ, ան, չունենալով հնարաւորութիւնը կամ կարողութիւնը խորքային վերլուծում կատարելու եւ ըստ այնմ իր կարծիքը բանաձեւելու, պիտի բաւարարուի դիմելու իր նախազգացումներուն եւ այլ զգացական բացատրութիւններու, իր կարծիքը պարզեցնելով մինչեւ խնդրոյ առարկայ թեկնածուն սիրելու կամ չսիրելու մակարդակին։ Իսկ զանգուածային լրատուամիջոցներու չափազանցեցուած պարզեցումները, զանգուածային հաւաքներն ու կարգախօսային ժխորը, որոնք անխուսափելի ընկերակիցներն են ժողովրդավարութեան մերօրեայ տարբերակներուն, քաղաքացիին չեն օգներ, որ կարենայ հասկնալ խնդիրները, սառնասրտօրէն գնահատէ թեկնածուները, «թացն ու չորը» զանազանէ (չըսելու համար սուտն ու ճիշտը) եւ ըստ այնմ քուէարկէ։ Ամբողջ աշխարհի լուսարձակներուն տակ, ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը 2016ին կատարեց վերոնշեալի գիտական ապացուցումը՝ Թրամփը հասցնելով նախագահի աթոռին։
Ենթադրուած է, որ քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնց նախատիպարները նոյնպէս կը գտնենք հին Հռոմի մէջ, գուցէ աւելի հեռուն, պիտի կատարեն զտիչ, բիւրեղացուցիչ դեր եւ միջին քաղաքացիին համար յստակ գաղափարներով հանդէս գան, որպէսզի վերջինս կարենայ լաւագոյնս պատասխանել իր առջեւ դրուած հարցումներուն, ինչպէս աշակերտը կը դիմէ համացանցային աղբիւրներու իր քննութեան հարցարանը լրացնելու համար, սակայն միշտ չէ, որ կուսակցութիւնները իրենցմէ ակնկալուած բարձրութեան վրայ կ՚ըլլան։ Ընդհանրապէս անոնք չեն խորշիր սուտ խօսելէ, որովհետեւ նախընտրական խոստումները հակում ունին մոռցուելու ընտրութեան յաջորդ օրն իսկ, ուստի նախընտրական խոստումները ընդհանրապէս կ՚ըլլան մեծադղորդ, շողշողուն եւ ծայրայեղ լաւատեսական՝ նոյնիսկ երեւակայածին։ Բացառութիւնները միշտ յարգելի են, սակայն մարդկային ականջները աւելի հակուած են հեքիաթ լսելու վարդագոյն ապագայի մասին, քան լուրջ խօսքեր գալիք ծանր օրերուն մասին։ Հազուագիւտ բացառութիւններէն է Բ. աշխարհամարտի սկզբնական շրջանին, նորանշանակ վարչապետ Չըրչիլ 13 մայիս 1940ին խորհրդարանի ամբիոնէն կը յայտարարէր. «Խոստանալիք ոչինչ ունիմ բացի արիւնէ, տքնանքէ, արցունքէ ու քրտինքէ» (“I have nothing to offer but blood, toil, tears and sweat.”). Եւ այդ խոստումով ստացաւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն։ Հարցական կը մնայ, թէ արդեօ՞ք այդ կարգախօսով կրնար շահիլ նաեւ համաժողովրդական քուէն…
* * *
Արդար չէ միջին քաղաքացին պատասխանատու համարել իր քուէարկութեան արդիւնքով իշխանութեան հասած այս կամ այն խեղկատակի ձախաւերութիւններուն։ Լաւագոյն պարագային, միջին քաղաքացին կրնայ յստակ կարծիք ունենալ իր անմիջական շրջապատին մասին, — թէ ի՞նչ են իր գիւղի կամ թաղի անմիջական եւ ապագայ կարիքները, գիտնալ թէ ո՞վ ի՞նչ կարողութիւններ ունի, իր համագիւղացին է, կամ թաղեցին, որուն հետ անմիջական ծանօթութիւն ունի, որուն կենսագրութեան քիչ թէ շատ ծանօթ է, — եւ ըստ այնմ կողմնորոշուիլ, թէ որուն տայ իր քուէն՝ բնակավայրային իշխանութիւն կազմելու համար։ Մնացեալ բոլոր հարցերուն համար, ան ոչ կարողութիւնը, ոչ ալ ժամանակը ունի նստելու, երկար ու բարակ քննելու, ապա միայն իր կարծիքը տալու։
Միակ բանը, որ քաղաքացին կրնայ ընել ճիշտ կողմնորոշուելու համար, ընտրապայքարի մէջ նետուած ուժերու ծրագիրներուն ու կարգախօսներուն մօտէն հետեւիլն է։ Սակայն ամենափայլուն ծրագիրներն ու կարգախօսները ընդհանրապէս հակուած են մնալու թուղթի վրայ. անոնք պարզապէս առեւտրական գովազդներու կատարելագործուած ձեւեր են եւ ընդհանրապէս չեն ցոլացներ զիրենք կրողի իսկական նպատակները, յատկապէս երբ վերջինս նորաթուխ կազմակերպութիւն մըն է, գոյացած բացառապէս ընտրական նպատակներով, եւ շատ հաւանաբար չդիմանայ իսկ մինչեւ յաջորդ ընտրութիւնները։
Արդեօք կա՞յ ձեւ մը ժողովրդավարութեան Գորդեան հանգոյցը լուծելու, թէ տակաւին ի զօրու է Չըրչիլի թեւաւոր խօսքը, որ «ժողովրդավարութիւնը կառավարման վատագոյն ձեւն է, բացի բոլոր այն ձեւերէն, որոնք ատեն-ատեն փորձուած են» (“democracy is the worst form of Government except for all those other forms that have been tried from time to time”)։ Այդ մասին կը փորձենք ծաւալիլ յառաջիկային։
ՎԻԳԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ