Մովսէս Տէր Գալուստեանի մահուան 35-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյին առթիւ՝ «Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքի ներկայացում

Հաւատարիմ մնալով հայ գիրքին ու մշակոյթին արժէքը բարձր պահելու աւանդին եւ մեծարելու համար Մուսա Լերան հերոսական ինքնապաշտպանութեան զինուորական ղեկավար Մովսէս Տէր Գալուստեանի անձն ու գործունէութիւնը, Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Մոնթրէալի «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մովսէս Տէր Գալուստեանի մահուան 35-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ պատմական գիտութեանց դոկտոր Աշոտ Ներսիսեանի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքը:

Ներկայ էին գրասէր հայորդիներու բազմութիւն մը, որոնց կողքին՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանն ու Մովսէս Տէր Գալուստեանի որդին՝ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանը:

Օրուան բանախօսն էր «Հորիզոն»ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան: Հանդիսավարը՝ Անահիտ Պալեան, ողջունեց ներկաները, ապա, հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց Մովսէս Տէր Գալուստեանի կենսագրութիւնը, դոկտոր Աշոտ Ներսիսեանի պատմաբանական վաստակն ու օրուան բանախօսին մասնագիտական գործունէութիւնը:

Դասախօսը՝ Վահագն Գարագաշեան, սահիկներու ցուցադրութեամբ եւ վաւերագրական նոր փաստարկներով, սպառիչ եւ հարազատ պատկեր մը տուաւ գիրքին բովանդակութեան ու անկէ բխող պատմական եղելութեանց մասին, շեշտը դնելով Մովսէս Տէր Գալուստեանի քաղաքական, դիւանագիտական ու հերոսական գործունէութեան եւ Մուսա Տաղի հայութեան պատմական, մշակութային, տնտեսական, կրթական եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ: Ան նշեց, որ այս հատորը արտայայտութիւնն է մեծ հայի, հայկական լեգէոնի հերոս-սպայ, ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ անդամ ու սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ Մովսէս Տէր Գալուստեանի անձին, վաստակին ու աւանդին հանդէպ մեր երախտագիտական զգացումներուն, որ միեւնոյն ժամանակ լուսարձակի տակ կը բերէ Մուսա Տաղի պատմութեան ցարդ թաքուն մնացած շատ մը ծալքեր եւ մանրամասնութիւններ:

Ապա, սահիկներու շարանով մը դասախօսը ներկայացուց Մուսա Լերան հերոսամարտին մասին նոր յայտնաբերուած վաւերագրական լուսանկարներ:

Երեկոն չսահմանափակուեցաւ դասախօսական միջոցառման մը սահմաններուն մէջ, այլ, անդրանցնելով՝ վերածուեցաւ դասաւանդութեան մը, որ իր մէջ կը պարփակէր թէ՛ տուեալ ժամանակաշրջանի պատմութեան հիմնահարցեր, թէ՛ քաղաքականութիւն, թէ՛ մշակոյթ եւ թէ՛ ցեղասպանագիտութիւն։

Երեկոն ունէր գեղարուեստական բաժին. երիտասարդ ասմունքող Յուշիկ Բաբուճեան արտասանեց Ա. Լէյլանիի՝ նոյնինքն Մովսէս Տէր Գալուստեանի բանաստեղծութիւններէն մին: Այնուհետեւ, տեսերիզի վրայ ցուցադրուեցաւ մուսատաղցի վերապրող Յովհաննէս Պալապանեանի (մահացած 2018-ին) երգը իր ծննդավայրին մասին:

Աւարտին, հանդիսավարը հրաւիրեց Մովսէս Տէր Գալուստեանի որդին՝ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանը, որ իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, դասախօսին եւ բոլոր ներկաներուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.