Մոսկուայի ու Կարսի դաշնագրերուն 100-ամեակին առթիւ հրապարակային առցանց դասախօսութիւն

Ուրբաթ, 10 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած հրապարակային առցանց դասախօսութիւնը, նիւթ ունենալով Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերու ստորագրութեան 100-ամեակը։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Ժան Պալճեան։ Ան իր խօսքին մէջ բացատրեց դաստիարակչական յանձնախումբի առաքելութիւնը, ապա նշեց, որ 19-21 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագրով միջազգային գիտաժողովը, որուն մասնակիցներէն հանդիսացած են սոյն երեոյեան զոյգ դասախօսները՝ Դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեանն ու Դոկտ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը։

Յանձնախումբի անդամներէն ընկհ. Ցոլեր Փանոսեան-Մկրտիչեան եւ ընկհ. Անահիտ Պալեան յաջորդաբար ներկայացուցին երկու դասախօսներուն կենսագրական ամփոփ գիծերը, որմէ ետք ընկ. Վրէժ-Արմէն Արթինեան վարեց ձեռնարկը, առաջին հերթին հարթակ հրաւիրելով ՀՅԴ Արխիւներու ընդհանուր պատասխանատու եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի համաշխարհային պատմութեան ամբիոնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր ընկ. Խաչատուր Ստեփանեանը, որուն նիւթն էր «Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերը 100-ամեայ հեռաւորութենէն»։

Ան հետաքրքրական մանրամասնութիւններով ակնդիրներուն ներկայացուց 1920-1921 թուականներուն Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի պատմաքաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Մոսկուայի պայմանագրէն առաջ եւ ետք՝ թուրք-ռուսական «բարեկամութեան ու եղբայրութեան» արդիւնքը, որուն հետեւանքով պոլշեւիկեան Ռուսաստանը եւ քեմալական Թուրքիան իրենց շահերը հետպնդելով, բաժան-բաժան ըրին Հայաստանը, վերջ տալու համար Հայկական հարցին։

Ընկ. Ստեփանեան ըսաւ, թէ Մոսկուայի պայմանագիրը անօրինական եւ անվաւեր է միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն, որովհետեւ պատուիրակութիւններէն ոչ մէկը, պայմանագրի կնքման պահուն միջազգային ճանաչում վայելող պետութիւն մը կը ներկայացնէր. աւելին՝ իրենց միջեւ կնքուած դաշնագիրը միջազգային իրաւունքի օրէնքով չի կրնար պարտաւորիչ ըլլալ պայմանագրութեան մասնակից չեղող Հայաստանի համար։ Հետեւաբար անհեթեթ էր նաեւ ճշդել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանները կամ Նախիջեւանի փոխանցումը Ատրպէյճանին։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Կարսի պայմանագրին, ընկ. Ստեփանեան աւելցուց, թէ Կարսի պայմանագրով Խորհրդային Ռուսաստանն ու Թուրքիան կը պարտադրէին կովկասեան երեք երկիրներուն՝ Հայաստանին, Վրաստանին եւ Ատրպէյճանին ճանչնալ Մոսկուայի պայմանագրի յօդուածները, չեղեալ համարելով բոլոր նախկին պայմանագրերը, նպատակ ունենալով ձախողեցնել 10 օգոստոս 1920-ին կնքուած Սեւրի դաշնագիրը։ Կարսի պայմանագրով միայն Հայաստանն էր, որ կը կորսնցնէր տարածքներ. այսպէս՝ Արցախն ու Նախիջեւանը կը կցուէին Ատրպէյճանին, Ախալքալաքը՝ Վրաստանին, իսկ Թուրքիոյ կը զիջուէր Կարսի մարզը, ինչպէս նաեւ երբեւէ Թուրքիոյ կազմին մէջ չգտնուած Սուրմալուի գաւառը։ Բայց միշտ հիմնուելով միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն վրայ, ընկ. Ստեփանեան նշեց թէ Մոսկուայի պայմանագրին նման, Կարսի պայմանագիրն ալ անօրինական է եւ անվաւեր։

Ապա հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր Սաֆրաստեանը՝ խօսելու «Հայաստանի աշխարհագրական կացութիւնը 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ» նիւթին մասին։

Դոկտ. Սաֆրաստեան նշեց Թուրքիոյ դարաւոր մեծ ախորժակները՝ նուաճել Կովկասը ընդհանրապէս եւ հարաւային Կովկասը մասնաւորապէս՝ հոն թուլացնելու համար ռուսական դերակատարութիւնը։ Ան մատնանշեց Էնվերի ղեկավարութեամբ կազմակերպուած յարձակումները՝ 1914 թուականէն սկսեալ, 1918 թուականի յարձակումները, որոնք դիմադրուեցան մայիսեան մեր պատմական երեք ճակատամարտերով, ինչպէս նաեւ քեմալական յարձակումները, որոնք լաւագոյն օրինակները կը հանդիսանային Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ախորժակներուն, որոնք դադար չառին նաեւ խորհրդային համակարգի փլուզումով։ Դոկտ. Սաֆրաստեան աւեցուց թէ Հայաստանի վերանկախութենէն ետք, 1991 թուականին, Թուրքիա սկսաւ Հայաստանին ստիպել, որ ան կատարէ երեք զիջումներ. ա) հրաժարիլ Արցախի հիմնահարցէն, բ) հրաժարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութենէն, գ) վերահասատել Կարսի պայմանագիրը։ Տարի մը անց, 1992-1993 թուականներուն թուրքերը զօրքեր զետեղեցին Հայաստանի սահմաններուն մօտ, սակայն ետ քաշուեցան ռուսական ճնշումի տա։ Սակայն հետզհետէ սերտացաւ Թուրքիա-Ռուսիա համագործակցութիւնը ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական գետնի վրայ, մինչեւ որ հասաւ 27 սեպտեմբեր 2020-ը։ Մենք նաեւ ականատեսը եղանք Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմական գործակցութեան («Պայրաքտար» անօդաչու սարքերը, զինամարզութիւն, ինչպէս նաեւ վարձկան ճիհատիստներու ուղարկումը Ատրպէյճան)։

44-օրեայ պատերազմէն ետք, Թուրքիան, որ նախապէս ներկայութիւն չէր տարածաշրջանին մէջ, յաջողած էր իր զօրքերը պահել Ատրպէյճանի մէջ, Դոկտ. Սաֆրաստեան աւելցուց նաեւ, որ Թուրքիան արդէն 2010-ին զօրքեր տեղակայած էր Նախիջեւանի մէջ, այս հաշուով ան քայլ առ քայլ կը փորձէր հասնիլ իր երազին՝ տէրը դառնալու հարաւային Կովկասին։ Դոկտ. Սաֆրաստեան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ պահանջած Զանգեզուրի միջանցքին եւ անոր ետին՝ ողջ Սիւնիքի ճակատագրին մասին։ Ինչ որ կը ներկայանայ, որպէս զիջումի չորրորդ կէտ, որ կը պարտադրուի Հայաստանին։
Բանախօսը ըսաւ, թէ Թուրքիոյ համար Հայաստանի առնչութեամբ երկու տարբերակ գոյութիւն ունի. մէկը՝ որ Հայաստան ամբողջութեամբ ենթարկուի թրքական տիրապետութեան, իսկ միւսը՝ որ ան իբրեւ պետութիւն բոլորովին գոյութիւն չունենայ աշխարհի տարածքին։ Արեւելագէտ ակատեմիկոսը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ համաթուրանական ծրագրերուն ու յարձակողական քաղաքականութեան, յուշելով զգօնութիւն, նկատի ունենալով, որ Ռուսիան կարծես կորսնցուցած է իր դերակատարութիւնը հարաւայի Կովկասի մէջ։

Վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի բաժին մը, ապա դասախօսները փակեցին իրենց խօսքերը շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչ յանձնախումբին՝ նման լսարան մը կազմակերպած ըլլալուն համար եւ բարձր գնահատելով Հ.Յ.Դ.-ի աշխատանքը ընդհանրապէս։ Անոնց պատգամը եղաւ շարունակել պայքարը՝ յոյսերը միշտ վառ պահելով եւ գալիք սերունդներուն փոխանցելով ազգային ոգին։

Անահիտ Պալեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.