Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Ը. կարգի աշակերտները կը գրեն Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակման մասին

Հայերէնի դասապահու մը ընթացքին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Բասդրմաճեան Երկրորդականի Ութերորդ կարգի աշակերտները իմացան Ֆրանսայի նախագահ ԷմանուէլՄաքրոնի Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակման մասին (5 Փետրուար, 2019-ին): Ստորեւ ձեզի կը ներկայացուի այս առթիւ կատարուած աշակերտական գրառումներ:

Լ.Փ.

Հայ աշակերտին կարծիքը

Երբ ես լսեցի, որ Էմանուէլ Մաքրոն՝ Ֆրանսայի նախագահը այս հրաշալի քայլը առաւ, շատ հպարտացայ իրմով: Իբրեւ հայ աշակերտ, նախ՝ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իրեն եւ ըսել թէ իր ըրածն ու ընելիքը շատ խելացի եւ համարձակ քայլեր են: Շատ ճիշդ է ան, երբ հայոց ցեղասպանութիւնը կ՛անուանէ մարդկութեան դէմ գործուած հանձագործութիւն: Շատ ճիշդ է ան, երբ կ՛ըսէ, թէ «Թուրքիոյ նախագահը դեռ ամբողջ թուրք ժողովուրդը չէ»: Այս մէկը կ՛ենթադրէ, որ այլ երկիրներ, որոնց շարքին Գանատան, շատ ընելիքներ ունին: Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ նախագահին, կ՛ուզեմ իրեն ըսել, որ ժամանակը եկած է, որ ընդունի 1915-ին կատարուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Այլեւս, ան աչք չի կրնար գոցել բոլոր աշխարհի երկիրներուն արդարութեան վրայ հիմուած որոշումներուն վրայ:

Մանէ Դաւթեան

Ես շատ հրճուեցայ, երբ իմացայ Ֆրանսայէն եկած այս բարի լուրը: Շնորհակալ եմ Ֆրանսայի նախագահին, որ այս մեծ ուրախութիւնը պատճառեց ինծի: Ես չեմ կրնար մոռնալ Ապրիլ 24 եւ վստահ եմ, թէ բոլոր հայերն ու ֆրանսացիները պիտի չմոռնան զայն:

Արտօ Անթապի

Թուրքիա պէտք է ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Թուրքերը ուրանալով 24 Ապրիլ 1915 իրողութիւնը կ՛անարգեն ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ կ՛անպատուեն Կարօ Փայլանի նման ազգասէր մարդոց արդարութեան ծառաւ հոգիները: Անցեալ շաբաթ Ֆրանսայի մէջ առնուած որոշումը յարգանքի մը գիտակցութենէն կը բխի եւ յարգանք կը պարտադրէ: Յարգուած երկրի մը վայել է նման քայլ մը: Իբրեւ գանատահայ աշակերտ կը կարծեմ, որ Գանատան ալ նման օրէնք մը կրնայ յառաջացնել եւ Ֆրանսայի միանալով կրնայ վերջ տալ Թուրքիոյ ցեղասպանութեան ժխտումի քաղաքականութեան:

Գարին Փօլատ

Եթէ Էմանուէլ Մաքրոն Ապրիլ 24 Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակած է, յոյս ունիմ, որ այլ երկիրներ ալ նոյնը կ՛ընեն: Այս ձեւով Թուրքիոյ վրայ ճնշումը կ՛աւելնայ եւ ան ստիպուած տեղի կու տայ: Կը հաւատամ, որ աշխարհի բոլոր հայերը միասին աշխատելով միայն պիտի յաջողին:

Սագօ Ժուքաքէլեան

Կ՛ուզեմ, որ աշխարհի բոլոր երկիրները քաջալերուած Ֆրանսայի վերջին որոշումէն, նոյնը բանը ընեն: Այս պահուս ամէն մարդ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնէ Ֆրանսային իր այս գեղեցիկ որոշումին համար: Սակայն, թուրքը պէտք է զգուշանայ եւ հասկնայ, որ «պարտուելու» ժամանակը հասած է:

Լիանա Կիրակոսեան

Շատ ուրախ եմ լսելու, որ վերջապէս Հայաստանէն զատ օտար երկիր մը Հայկական Ցեղասպանութիւնը այսքան լրջութեամբ կ՛ընդունի: Հիմա Ֆրանսան թէ՛ հայուն կողքին է, եւ թէ՛ արդարութեան: Ուրեմն, Գանատան, որ շատ տարիներ առաջ պաշտօնապէս ճանչցաւ 24 Ապրիլ 1915 գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պէտք է միեւնոյն բանը ընէ:

Յակոբ Հատիտեան

Էմանուէլ Մագրոնի յայտարարութիւնը մարդոց գիտակցութիւնը արթնցուց ցեղասպանութեան գծով: Անոր խօսքը սփոփեց մեր սրտերը, քանի որ ցեղասպանութեան ցաւը մեր սրտերը կ՛այրէ: Ժասթըն Դրուտոն ալ կրնայ Ապրիլ 24-ի հետ կապուած պատմական այս իրողութիւնը օգտագործել գանատացի ժողովուրդին մէջ գիտակցութիւնը արթնցնելու, որպէսզի ամբողջ աշխարհով մէկ պայքարինք ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն դէմ:

Արսէն Էբոյեան


Էմանուէլ Մաքրոն Ֆրանսայի նախագահը շատ լաւ որոշում մը առաւ երբ Ապրիլ 24-ը Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակեց: Հիմա աւելի մեծ թիւով երկիրներ նկատի պիտի առնեն այս իրողութիւնը եւ շատերուն գիտակցութիւնը պիտի արթննայ:

Ես շատ հպարտ եմ գանատահայ ըլլալով: Սակայն, աւելի ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ Գանատայի մէջ ալ նոյնը կատարուի: Ես այս տարի Ապրիլ 24-ին, Գանատայի Խորհրդարանին առջեւ կատարուած ցոյցին այս պիտի պահանջեմ Գանատայէն եւ պիտի ըսեմ Էրտողանին, որ պէտք է ընդունի իրականութիւնը:

Շանթ Քեջեճեան

Ես կը կարծեմ, որ Ֆրանսայի նախագահին այս հոյակապ որոշումը օրինակ պէտք է դառնայ ուրիշ երկիրներու նախագահներուն: Ժամանակն է, որ Թրուտոն ալ Մաքրոնիին նման մտածէ եւ ստիպէ Էրտողանին տեսնելու արեւու պէս յստակ ճշմարտութիւնը:

Ես կը յարգեմ Ֆրանսայի նախագահը իր այս մարդասիրական կեցուածքին համար:

Արամ Պետրոսեան

Ֆրանսացիները հայասէր ժողովուրդ են եւ միշտ պատրաստ են մեզի օգնելու: Ես վստահ չեմ, որ գանատացիները նոյն բանը կրնան ընել մեզի:

Ֆրանսայի նախագահը մեծ սիրտ ունեցող մարդ է: Արդեօք Դրուտոն նոյնքան մեծ սիրտ ունի՞:

Հրակ Խաչիկ

Ես կը կարծեմ, որ Ֆրանսան շատ կը սիրէ Հայաստանը, քանի որ ան «Լա Ֆրանգոֆոնի» երկիրներու շարքին է եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրին դէմ է: Եթէ Գանատան ալ իսկապէս հակառակ է մարդկութեան դէմ գործուած ոեւէ ոճիրի, թող ինքն ալ նոյն բանը ընէ: Ա՛լ կը բաւէ Թուրքիոյ նախագահին ըրածն ալ: Ան շատ սխալ կ՝ընէ. աջ ու ձախ սուտեր կը տարածէ. միամիտ մարդոց գլուխները կը լուայ:

Դրօ Պալուզեան

Եթէ օր մը անձամբ հանդիպիմ Ֆրանսայի նախագահին, իրեն շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ, որովհետեւ ըրածը կը գնահատեմ: Իսկ եթէ օր մը հանդիպիմ Թուրքիոյ նախագահին, զինք սուտասան պիտի անուանեմ:

Քիօնա Մէլօ

Ես հպարտ եմ, որ աշխարհի մէջ կայ Ֆրանսայի նման երկիր մը, ուր Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան օր հռչակուած է: Սակայն, ամենէն կարեւորը այն է, որ հայը ինք ամէն օր յիշէ հայկական ցեղասպանութիւնը: Աւելի՛ն, ոչ թէ հայը սպասէ որ Ֆրանսան կամ Գանատան ճնշեն Թուրքիոյ վրայ ճանչնալու հայկական ցեղասպանութիւնը, այլ հայն ու Հայաստանը միասնաբար առնեն քաղաքական քայլեր:

Ի՞նչ կը խորհիք Էրտողանի մասին, եթէ ինք ըլլար ցեղասպանութեան զոհը: Արդեօք ի՞նչ պիտի ընէր:

Խաչիկ Սարգիս

Եթէ կարենայի Ֆրանսայի նախագահին բան մը ըսել, պիտի ըսէի, որ իր ըրածը շատ նշանակալից բան մըն է: Նոյնիսկ, հայկական ցեղասպանութիւնը ճանչցող պետութիւնները նման քայլի դիմելու քաջութիւնը կամ մտածումը չեն ունեցած, ուր մնաց Թուրքիոյ նախագահին երկխօսութեան հրաւէրը:

Եթէ կարողութիւն ունենայի, կը համոզէի գանատական կառավարութիւնը, որ Թուրքիոյ հետ խօսի եւ համաձայնի ի շահ իմ ժողովուրդիս:

Մեղրի Ղազարեան

Շնորհակալութիւնս կ՛երթայ Ֆրանսային եւ իր մեծ նախագահին: Ես ուրախ եմ, որ Ֆրանսայի պէս երկիր մը Ապրիլ 24-ը հռչակած է Հայկական Ցեղասպանութեան օր: Եւ տակաւին յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ հետ կ՛ուզէ խօսիլ եւ համոզել զինք, որ ետ տան մեր հողերը:

Կեցցե՛ս Ֆրանսա:

Լեւոն Քոչարեան

Ֆրանսայի նախագահը Էմանուէլ Մագրոն յայտնեց, որ ցեղասպանութիւնը յանցագործութիւն է մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ: Ուրեմն, իր կառավարութիւնը շատ լաւ բան մը ըրաւ Ապրիլ 24-ին համար: Երանի՜, Ճասթըմ Դրուտոն ալ նոյնը ընէ, որպէսզի աւելի մեծ թիւով երկիրներ գիտնան թուրքին ինչպիսի գէշ գործեր ըրած ըլլալը:

Անի Քէհեաեան

Երբ Ֆրանսայէն եկած այս բարի լուրը լսեցի, շատ ուրախացայ: Զարմանալի չէ՞, լսել նախագահի մը մասին, որ թէեւ հայ չէ, բայց ունի բարի հայու սիրտ մը: Ի՜նչ լաւ կ՛ըլլայ մեր բարի վարչապետն ալ հետեւի իրեն:

Անի Արպթալեան

Ես շատ ուրախ եմ, որ այլ երկիր մը մեր ցաւը կը հասկնայ ու մեզի թիկունք կը կենայ: Ֆրանսացի ժողովուրդը հասկցաւ կատարուած անարդարութիւնը եւ մեր պայքարին միացաւ:Կարելի այս ձեւով թուրքիան վերջապէս լաւ կը հասկնայ, թէ ինչ մեծ սխալներ ըրած է հայուն ու Հայաստանին նակատմամբ:

Եթէ մօտ ատենէն Գանատան ալ նոյն բանը ընէ, ինչպէս Ֆրանսան, աւելի շատ երկիրներ կը ճանչնան հայկական ցեղասպանութիւնը: Այս պարագային աւելի մեծ թիւով բարեկամներ կ՛ունենանք եւ Թուրքիան ստիպուած կ՛ընդունի իր սխալները եւ մեր հողերը ետ կու տայ մեզի: Կը հաւատամ, որ Թուրքիոյ նախագահ՝Էրտողանը չի կրնար Ֆրանսայի կեցուածքին դէմ դնել եւ ինքզինք արդարացնել,ինչպէս ըրած է միշտ: Ան պէտք է հասկնայ, որ ճշմարտութիւնը չի թաղուիր եւ իր սխալները պէտք է սրբագրուին:

Ալլա Կարապետեան

Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնը շատ մեծ ազդեցութիւն ձգեց հայ աշակերտներուն վրայ:

Շատ հպարտ եմ այսօր, որովհետեւ օտար ազգ մը ընդունեց հայերու կողքին կանգնիլ 1915-ի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելով: Վստահ եմ, որ Փետրուար 5, 2019-ը կարեւոր թուական մը եղաւ հայերուն եւ ֆրանսացիներուն համար: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Էմանուէլ Մաքրոնին, որ պատիւ բերաւ իր ժողովուրդին հանցագործութեան եւ արդարութեան սիրոյն հաստատած այս նոր օրէնքով:

Ամբողջ սրտովս կը ցանկամ, որ Գանատան հետեւի Ֆրանսայի օրինակին: Շատ պիտի ուզեմ, որ Գանատան ալ Թուրքիոյ նախագահը երկխօսութեան հրաւիրէ, որպէսզի ան այլեւս դադրի Ապրիլ 24 ուրանալէ:

Թամար Խշխշեան

Ֆրանսայի նախագահը համարձակօրէն կը պաշտպանէ հայն ու Հայաստանը եւ կը ծառայէ արդարութեան գործին: Այս մէկը կը քաջալերէ ու յոյս կու տայ բոլոր անոնց, որոնց դէմ ցեղասպանութիւն գործուած է եւ հանձաւորը անպատիժ մնացած է:

Եթէ մեր երկրի վարչապետն ալ այսպիսի քայլեր առնէ, շատ լաւ ազդեցութիւն պիտի ունենայ իր գործը: Մեր պարագային ան կրնայ օգնել մեզի, որ մեր հողերուն վերատիրանանք եւ անմեղ զոհերուն արեան գինը ստանանք:

Շանթ Թոփալեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.