Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 27-րդ եւ ՀՕՄ-ի 103-րդ Պատգամաւորական ժողովը
- (0)

Անցնող շաբաթավերջին՝ 27-29 Յունիս 2025-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի 27-րդ եւ ՀՕՄ-ի 103-րդ Պատգամաւորական ժողովը, մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Արմինէ Կարապետեանի, ՀՕՄ-ի ԱՄՆ-ի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ռիթա Հինդլեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմնի ներկայացուցիչներու, ՀՕՄ-ի Գանատայի 8 մասնաճիւղերէ պատգամաւորներու եւ հիւրերու:
Ժողովի բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 17 Յունիս 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Ծովիկ Թերզեանի, պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովականներուն:
Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի օրհներգներու ունկնդրումէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն, բարերարներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բռնի պարպումի օրերուն պայթումի հետեւանքով մահացած հայորդիներու: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան, ըսելով. «Մեր երկամեայ աշխատանքներու ուղեգիծը հազիւ մշակած, վարչութիւնս գտնուեցաւ փոթորկոտ նոր մարտահրաւէրի մը դիմաց: Այս մարտահրաւէրը Արցախի աղէտն էր, որ ծայր առած էր 9-ամսեայ պաշարումով եւ ապա յանգած Արցախի հայաթափումին: Այս ճակատագրական իրադարձութիւնները ցնցեցին բոլորս, բայց չյուսահատեցուցին մեզ: Ի պատիւ ձեզի, սիրելի՛ ընկերուհիներ, Մենք՝ Գանատայի շրջանս, միասին, մէկ բռունցք դարձած օգնութեան ձեռք մեկնեցինք բռնի տեղահանուած արցախցիին, անգամ մը եւս ցուցաբերելով հայ ազգի ծառայութեան մէջ մեր նուիրաբերումի ոգին եւ տոկուն նկարագիրը: Անկասկած Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար նշանաբանը լոկ խօսք չէ մեզի համար: Ահա այս է ՀՕՄ-ականի վայել կեցուածքը»: Ապա աւելցուց. «Դարձեալ եւ շնորհիւ ձեր աջակցութեան, մենք յաջողեցանք ընթացք տալ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան բոլոր ծրագիրներուն: Պատուով կատարեցինք մեր վրայ դրուած բոլոր պարտականութիւնները եւ ձեր մասնաճիւղերու վարչութեանց ու անդամներուն անվերապահ աջակցութիւն ցուցաբերեցինք»: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ընկերուհինե՛ր, հպարտ եղէք, որ իսկական մարդասէր ու բարեսիրտ հայ էք: Հպարտ եղէք, որ ՀՕՄ-ական էք: Հպարտ եղէք, որ 115 տարուան յաղթական պատմութիւն մը ունեցող կազմակերպութեան մը մէկ անսասան մասնիկն էք»:
Իր օրհնութեան աղօթքն ու յաջողութեան բարեմաղթանքները փոխանցեց Սրբազան Հայրը, որմէ ետք նաեւ հերթաբար խօսք առին միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոնիտէի կողմէ խօսք առաւ Հրակ Տարագճեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Գանատայի հայ համայնքի կարեւորագոյն սիւներէն է ՀՕՄ-ը, իսկապէս։ Առանց ՀՕՄ-ին, մենք պիտի չկարենայինք ուժեղ ու ինքնավստահ քայլեր առնել, որուն համար շնորհակալ ենք։Հիանալի է տեսնել ՀՕՄ-ի բոլոր ծրագիրներուն փայլուն յաջողութիւնները, իր բոլոր անդամներուն անձնուրաց նուիրումին շնորհիւ, որոնք չանտեսելով իրենց ասպարէզներն ու ընտանիքները, երբեմն զրկուելով անոնցմէ, իրենց ժամանակը կը տրամադրեն ազգին ու հայրենիքին»:
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան դրուատելով ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը ըսաւ. «115 տարիներու ՀՕՄ-ի անձնուրացութեան վիթխարի գործունէութիւնը կը փաստէ այն մասին, որ 20-րդ դարուն ծնունդ առած նուիրեալ հայուհիներու այս ասպետութիւնը, արժանի է համայն հայութեան երախտագիտական զգացումներուն: Երախտի՛ք այն վեհանձն խաչուհիներուն, որոնք հաւատացին եւ կը հաւատա՛ն հայութեան արդար դատին»: «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան երախտագիտութիւն յայտնեց Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութեան 25 տարիներու վրայ շարունակուող «Հորիզոն»ի Մանկապատանեկան յաւելուածի աջակցութեան՝ որ կը կազմէ քառորդ միլիոն տոլար։
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ Թամար Շահինեան եւս խօսք առաւ ըսելով. «ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը իսկապէս հպարտութիւն առթող շրջաններէն մէկը կը համարուի իր տարած գործունէութեամբ, որուն ես անձամբ մօտէն կը հետեւիմ «Հայ Հորիզոն»ի յայտագիրներուն պատրաստութեան ընդմէջէն», ապա աւելցուց, թէ ողջունելի է ՀՕՄ-ի գործունէութեանց ծիրի ընդլայնումը, յատկապէս վերջին տարիներուն, համագործակցելով տեղական կազմակերպութիւններու եւ հիւանդանոցներու հետ, ինչպէս նաեւ դաստիարակչական ոլորտին զարկ տալով:
ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Քէօսէեան շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի 115-ամեակն ու Գանատայի անկախ շրջան դառնալուն 35-ամեակը, ապա ըսաւ. «ՀՕՄ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը, ոչ միայն Հայաստանի եւ արցախահայութեան ուղղուած, այլեւ սփիւռքի մէջ մեր բոլոր կառոյցներուն ու վարժարաններուն, խթանիչ ուժ կը հանդիսանայ բոլորիս, որուն ամէնէն խօսուն օրինակը վերջերս լիբանանահայութեան օգնութեան հասնելու իրենց տարած ջանքերն էին, որուն ի տես միւս բոլոր միութիւնները, ներառեալ ՀՄԸՄ-ը, իրենց կարելին ըրին, որ առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերեն մեր կարօտեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն»:
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմնի անունով խօսք առաւ Սօսի Խարապոյեան եւ ըսաւ. «ՀՕՄ-ը միշտ պատրաստ եղած է մեր պատանիներուն օգնութեան հասնելու՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս, որուն համար երախտապարտ ենք ՀՕՄ-ին եւ ՀՕՄ-ուհիներուն տարած աշխատանքին, որ անգնահատելի է: Ձեր վարձքը կատար, սիրելի՛ ընկերուհիներ, դուք ձեր ընտանիքին, աշխատանքին ու անձնական ժամերէն զոհելով, օրն ի բուն կ’աշխատիք, ի խնդիր մեր ժողովուրդի զաւակներուն բարօրութեան ու բարգաւաճման»:
Ժողովը ընթացաւ Կեդրոնական վարչութեան այս առթիւ զեկոյցի ընթերցմամբ, Շրջանային վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագրի ներկայացմամբ, յառաջիկայ վարչութեան ի գործադրութիւն առաջարկներու եւ թելադրանքներու բանաձեւմամբ եւ նիւթական նախահաշիւի պատրաստութեամբ:
Ժողովի երեք օրերուն ընթացքին, Գանատայի տարբեր շրջաններէ ժամանած պատգամաւորները քննարկման բովէ անցընելով Շրջանային վարչութեան նախորդ երկամեակի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ բարեսիրական ծրագիրներուն վարչութեան կատարած ներդրումներուն ու իրագործումներուն ընդհանուր գնահատականն ու հաշուետուութիւնը կատարելէ ետք, զայն համարեցին գերգնահատելի:
Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ի երեկոյեան Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ՀՄԸՄ Կամք մարզասրահին մէջ, հոգեւոր հայրերուն, քաղաքական գործիչներու, ժողովին մասնակցող պատգամաւորներուն, ՀՕՄ-ուհիներու, բարերարներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի 115 եւ Գանատայի անկախ շրջան դառնալուն 35 ամեակներուն նուիրուած արժանավայել հանդիսութիւնն ու ճաշկերոյթը:
Ապա Կիրակի, 29 Յունիս 2025-ին, ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ հետեւեալ անդամներէն կազմուած ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային նոր վարչութիւնը. Մոնթրէալէն Լիւսի Շահինեան, Անի Թաշճեան, Մարի Հալաճեան, Լաւալէն Ազգանոյշ Հատիտեան, Սիւզի Պոյամեան, Քրիստին Աֆարեան, Թորոնթոյէն Մարալ Մսրլեան, Վարդուկ Պարտագճեան եւ Արաքսի Փիլաւճեան:
Աւարտին հնչեցին նաեւ գնահատանքի խօսքեր նախկին վարչութեան հասցէին՝ ժողովին մասնակցող հիւրերուն եւ պատգամաւորներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ բարեմաղթութիւններ՝ նորընտիր վարչութեան:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»