ՄԵԿՆԱՐԿ՝ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳՐԻ
- (0)

3 Յունիս 2025-ին, Երեւանի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Արցախահայերու համար LEGO-ի և անգլերէնի ուսուցման ծրագրի հերթական փուլին, համագործակցութեամբ՝ Big Mind Kids զարգացման կեդրոնի։
Ծրագիրը կ՚իրականանայ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի օրհնութեամբ։
Այս դասընթացքները կը տրամադրուին Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն համար, որուն ընդմէջէն անոնք կը ծանօթանան LEGO-ի ուսուցման մեթոտներուն, «ռոպոթ»ներ կազմելու եւ ստեղծելու ու զուգահեռ ծանօթանալու անգլերէն լեզուի տարրական ուսուցումներուն։
Մենք կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր երեխայ ունի եզակի կարողութիւն եւ այս ծրագրի ընդմէջէն անոնք կը պատրաստուին կեանքի տարբեր մարզեր։ Անվճար այս ծրագրով պատանիները կարողութիւնը կ՚ունենան կեդրոնանալու կեանքի դրական անցումներուն եւ գալիք փայլուն օրերուն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ