Սամուէլ Կարապետեան. «Փաշինեանը հեռացնելու գաղտնի ծրագիր ունինք»
- (0)

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի առաջնորդ եւ վարչապետի թեկնածու Սամուէլ Կարապետեան յայտարարեց, որ իր ղեկավարած ուժը եւ որոշ ընդդիմադիր ուժեր ունին գաղտնի ծրագիր՝ Հայաստանի գործող իշխանութիւնը եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռացնելու համար։
Դատական նիստէն առաջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Կարապետեան նշեց, որ հանդիպումներ ունեցած է ընդդիմադիր որոշ ուժերու հետ, սակայն չբացայայտեց ծրագիրին մանրամասնութիւնները։
«Ընդդիմադիր որոշ ուժերու հետ հանդիպած ենք։ Մենք մեր գաղտնի ծրագիրը ունինք, չեմ բացայայտեր զայն։ Այդ Փաշինեանը հեռացնելու ծրագիրն է», ըսաւ Կարապետեան։
Ան վստահեցուց, որ իրենց ծրագիրով կարելի պիտի ըլլայ «շատ դիւրին» հեռացնել գործող իշխանութիւնը։ Լրագրողներու հարցումին՝ արդեօք միասնական ընդդիմութեան առաջնորդը ինք պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Կարապետեան պատասխանեց, որ Քոչարեան «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդն է, իսկ ինք՝ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքինը։
Կարապետեան ընդգծեց, որ ընդդիմադիր ուժերը իրարու հետ «կիսելիք ոչինչ ունին»։ Անդրադառնալով պատգամաւորական մանտաթներ վերցնելու կամ չվերցնելու հարցին՝ ան նշեց, որ վերջնական որոշում տակաւին չկայ, իսկ կայացուելու պարագային այդ մասին հրապարակաւ պիտի յայտարարուի։
«Տակաւին որոշում չկայ, պէտք է իրավիճակը գնահատենք։ Մենք պիտի երթանք այն ճանապարհով, որով ամենաարագը կարելի պիտի ըլլայ հեռացնել Փաշինեանը։ Պիտի չնայենք այսօր դաշտ նետուած որեւէ մէկու պատումներուն. մենք ի վիճակի ենք մեր որոշումները կայացնելու։ Այսօր “մինչեւ վերջ պիտի երթանք” ըսելով նկատի ունինք, որ պէտք է հեռացնենք Փաշինեանը», ըսաւ Կարապետեան։