Ընդդիմութիւնը պիտի ստանձնէ պատգամաւորական լիազօրագիրները
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — «Հայաստան» դաշինքը Յուլիս 6-ին յայտարարեց, թէ Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք պիտի ստանձնէ պատգամաւորական լիազօրագիրները՝ զանոնք նկատելով քաղաքական պայքարի լրացուցիչ գործիք եւ ոչ թէ պաշտօն կամ յարմարաւէտութիւն։
Դաշինքը վերահաստատեց, որ Սահմանադրական դատարանի վճիռը չի սրբագրեր ընտրական խախտումները եւ չի լուծեր ձեւաւորուող իշխանութեան օրինականութեան հարցը։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ դաշինքը կը վիճարկէ գործող իշխանութեան ներկայացուածութիւնը Ազգային ժողովին մէջ եւ կառավարութիւն կազմելու անոր իրաւունքը, այլ ոչ թէ ընդդիմութեան ստացած քուէները։
«Հայաստան» դաշինքը ընդգծեց, որ ընդդիմութեան ստացած աւելի քան 550 հազար քուէները պարտաւորեցնող են եւ պէտք է ծառայեն պայքարի շարունակութեան։ Ըստ դաշինքին՝ պատգամաւորական լիազօրագիրներէն հրաժարիլը պիտի նշանակէ կամաւորապէս հրաժարիլ այն իրաւական եւ քաղաքական գործիքակազմէն, որ կարելի է օգտագործել գործող իշխանութեան դէմ պայքարին մէջ։
Դաշինքը յայտարարեց, որ խորհրդարանին մէջ իր գործունէութեան առանցքը պիտի ըլլայ ընդդիմադիր ուժերու համատեղ օրակարգը՝ Սահմանադրութեան պարտադրուած փոփոխութիւններու կանխում, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պաշտպանութիւն, քաղբանտարկեալներու եւ Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, ինչպէս նաեւ գործող վարչախումբի հեռացում։
Յայտարարութեան համաձայն՝ խորհրդարանական ներկայութիւնը պիտի ծառայէ նաեւ քաղաքացիներու խնդիրները բարձրաձայնելու, հանրային դիմադրութիւն կազմակերպելու եւ միջազգային հարթակներու վրայ այլընտրանքային քաղաքական մօտեցումներ ներկայացնելու նպատակին։
«Հայաստան» դաշինքը Սահմանադրական դատարանի որոշումը որակեց ոչ թէ պայքարի աւարտ, այլ նոր եւ աւելի համակարգուած փուլի սկիզբ՝ ընդգծելով, որ պայքարը պիտի շարունակուի թէ՛ խորհրդարանին մէջ, թէ՛ խորհրդարանէն դուրս։
Իր կարգին, յուլիս 5-ին, ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը եւս յայտարարեց, թէ պիտի ստանձնէ պատգամաւորական լիազօրագիրները։