Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը հրաժարական ներկայացուց
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան, որ նաեւ կը կատարէ նախագահի պարտականութիւնները, յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն։ Ան նշեց, որ որոշումը կայացուցած է երկար մտորումներէ, քննարկումներէ եւ վերջին օրերուն տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններէ ետք։
Իր յայտարարութեան մէջ Դանիէլեան ընդգծեց, որ 2025 թուականի մայիս 21-ին պաշտօնը ստանձնած էր ոչ թէ անձնական շահերէ, քաղաքական փառասիրութենէ կամ պաշտօն ունենալու ցանկութենէ մղուած, այլ Արցախի պետական հիմնարկներու շարունակականութիւնը չընդհատելու եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու քաղաքական ձայնը պաշտպանելու նպատակով։
Ան յիշեցուց, որ բռնի տեղահանութենէն ետք կրնար ընտրել աւելի դիւրին ճանապարհ՝ կեդրոնանալով ընտանիքին, նոր կեանքի եւ աշխատանքի վրայ։ Սակայն, իր խօսքով, ընտրած է «ոչ թէ հեշտը, այլ պարտաւորը»՝ շարունակելու Արցախի պետականութեան գաղափարի պաշտպանութիւնը Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրականութեան պայմաններուն մէջ։
Դանիէլեան նաեւ անդրադարձաւ իր անձին շուրջ վերջին շրջանին շրջանառուող խօսակցութիւններուն, անհիմն մեղադրանքներուն եւ զրպարտութիւններուն՝ նշելով, որ չի ցանկար, որ իր դէմ ուղղուած արշաւը որեւէ ձեւով ստուեր նետէ Արցախի Հանրապետութեան, անոր պետական հիմնարկներուն եւ Ազգային ժողովի հեղինակութեան վրայ։
Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ միասնականութեան եւ ընդհանուր պատասխանատուութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ կարելի չէ ամբողջ բեռը շարունակաբար կրել մէկ կամ քանի մը անձերու ուժերով։ Այդ պատճառով, ըստ անոր, հրաժարականը նաեւ փորձ է պետական կառոյցը հեռու պահելու անձնական շահարկումներէ եւ արհեստական հակադրութիւններէ։
Միաժամանակ, Դանիէլեան ընդգծեց, որ պաշտօնէն հեռանալը չի նշանակեր հրաժարում Արցախէն, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութենէն կամ վերադարձի պահանջէն։ «Պաշտօնը ժամանակաւոր է։ Արցախը, մեր ժողովուրդի ցաւը, մեր հերոսներու յիշատակը եւ անոնց առաջ ունեցած պարտքը՝ մշտական», ըսաւ ան։
Յայտարարութեան աւարտին Դանիէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն մարդոց, պատգամաւորներուն եւ գործընկերներուն, որոնք անցնող շրջանին մնացած են իրենց պատասխանատուութեան եւ ազգային նպատակներուն կողքին։ Ան վստահեցուց, որ Արցախի հարցը չի կրնար փակուած նկատուիլ, քանի դեռ գոյութիւն ունի իր հայրենիքին նկատմամբ իրաւունք ունեցող ժողովուրդ, վերադարձի պահանջ եւ զոհուած հերոսներու յիշատակին առջեւ չյանձնուելու պարտաւորութիւն։