Մահացաւ Կուսակցական Եւ Հասարակական Գործիչ, Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան
- (0)

Յուլիս 4-ին, իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ, 3 ժամանակաշրջանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետի պաշտօնը վարած եւ մեր համայնքի կեանքին մէջ օգտաշատ ներկայութիւն եղած Անդրանիկ Մսըրլեան:
Անդրանիկ Մսըրլեան լիբանանեան պատերազմի իրերայաջորդ փուլերուն անդամակցած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տարբեր կազմերուն` ձեռնհասօրէն վարելով գանձապահի պաշտօնը:
Անդրանիկ Մսըրլեանի անուան հետ անմիջականօրէն կապուած են երիտասարդական, միութենական, համայնքապատկան կազմակերպութիւններու հիմնադրութիւնը եւ շինարարական ծրագիրներու իրականացումը:
Անդրանիկ Մսըրլեանի մահով լիբանանահայութիւնը կը կորսնցնէ Դաշնակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդի ծառայութեան լծուած կուսակցական-հասարակական վաստակաշատ գործիչ մը: