Ճեմարանականի օրատետրէս փրցուած էջեր

Ծանօթ: Այս յուշագրական տողերը նախքան Սուրիոյ տագնապի օրերը, խնդրուած էր ինձմէ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարակններու Շրջանաւարտից Միութեան «Շաւիղ» պարբերաթերթին համար: Այսօր, որոշ լրացումներով կը յանձնեմ մամուլին, միշտ ցանկալով յաջողութիւն իմ Ճեմարանի հայակերտ երթին:

Ժան Հալլաճեան

Թորոնթօ

1977-ի դպրոցական տարեմուտի սկզբնական օրերն են: Գրեթէ շաբաթ մը անցած է պաշտօնական բացման թուականէն: Ամրան խանդավառ օրերու առթած գինովութիւնը դեռ եւս համակած է ողջ էութիւնս: Սակայն,երբ գլուխս կ’երկարեմ բնակարանէս դուրս, կը տեսնեմ տերեւաթափի առաջին պատառիկները, որոնք գերեզմաններու մահաբոյրը յիշեցնող խռովայոյզ աշնանային թեւածող զեփիւռին վրայ հանգչած, կու գան, այնպէ՜ս կը հպին հոգեպարար տենչանքիս, խամրելով ամառնային կուտակուած խանդս ու թօշնելով ուսուցման թարմ տարեշրջան մը դիմաւորելու վառ ախորժակս: Մեր շէնքէն երբ դուրս կ’ելլեմ, գողտրիկ փչող զով հովի խլեակները հազիւ կարող էին գգուել խնամուած մազս, որ քանի մը օրեր ետք զոհ պիտի երթային «Ֆըթուէ»ի սպային հարթիչ մկրատին:

Թիլէլ պողոտան դեռ թմբիրի մէջ է: Հազիւ աղբահաւաքներու յարդէ աւելին խշշոցը լսելի է: Թիլէլի կից մեր տան փողոցը՝ Հրշէջներու պողոտան, հայկականութեամբ տրոփող ներկայութիւն է: Հայ խանութպաններու ստուար ներկայութիւնը տարբեր երանգ կու տայ քաղաքի այս բաժնի ընկերային-ժողովրդագրական դիմագիծին: Այս դրոշմը, իր տեսակով չի նմանիր Նոր Գիւղի հայատրոփ հաւաքականութեան: Պէտք է ընդունինք, որ քաղքենիական դրոշմը շեշտակի է մեր շրջանին համար: Բայց ի՜նչ փոյթ, կարեւորը այս «Կէթօ»ն մեզ պիտի ուղղէ հոն, դէպի Նոր Գիւղ աւան՝ Երկիր յիշեցնող մէկ պուճուր հայութիւն համատեղող ովասիսը: Մեր պողոտայի խանութպանները՝ Գրատուն Պեքարեանը, դերձակ Կարօն, դերձակ Շահնուրը, «կաթօճի» Սարգիսը, կօշկակար Ներսէսը, գլխարկավաճառ Գէորգը, պնակավաճառ Ետալեանը, կոճակ բացող Մովսէսը, Ֆօթօ Վէնիւսը, շապկագործ Շիրազը, կերպասավաճառ Այնէլեանը, վարագոյր ծախող Գօգօն, կօշկավաճառ Պետրոս Տէրտէրեանը, օղիվաճառ Քէյվանեանը, ռատիօ նորոգող Մուսալլին, դերձակ Կարպետեանը, սանտուիչ Մարտօն, ըստ սովորութեան առաւօտեան ուշ ժամերուն միայն «տարապա»ները պիտի բանային: Թաղի արաբ անուշավաճառ «Տիապ»ը՝ միակն է, որ բաց է: Իր իքնատիպ՝ հրուշակը յիշեցնող «Զըլլէպիէ»ի հոտը կը բուրէ ամէնուրեք:

Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտի հանգամանքովս հարբած, շրջանաւարտ ըլլալու երիցագոյնի խրոխտ ակնակներով, կը փորձեմ աջ ու ահեակ սփռուած կրտսեր ճեմարականներուն ուշադրութիւնը վրաս հրաւիրել: «Ֆըթուէ»ի տարազի ուսերուն վրայ հանգչած կարմիր «ժապաւէն»ները փոխարինած էի կանաչով՝ աւարտական աշակերտի կարգանիշով: Փղոսկրեայ գահի վայելքը ունեցողի արբանքով կը դիտեմ չորս դին: Ձեւով մը իրենց կը փորձէի հասկցնել, որ այս տարի ՄԵՐ տարին է, եւ պէտք է առաւել կարեւորութիւն ընձեռնել աւագներուն: Ի վերուց մօտեցումով, կը կարծէի ակնածանք պիտի պարտադրեմ մեզմէ կրտսերներուն, որոնք փողոցի մէկալ անկիւնը գրաւած՝ խանդավառ բացականչութիւններով, երերուն շարժումներով, խայտացող կլկլակի նման՝ անհամբեր կը սպասեն «օթօքար»ը: «Օթօքար» ելլելու մենաշնորհը, տնօրէնութեան կարգադրութեամբ, արգիլուած էր երէց աշակերտներուն: Երէցները վեհանձնութիւնը պէտք է ունենային կրտսեր Ճեմարականներուն զիջելու այդ բարեմասնութիւնը:

Իրանս վէս բռնած, շտապ քայլերով կ’ուղղուիմ Ֆօթօ Հայկին դիմաց՝ հանրակառքի կայանը: Սին հոգեվիճակներուս կողքին, քիչ մը լուրջ մտորումներ՝ զգաստութեան լախտի հարուած մը կու տան սիրամարգի սիգաճեմ պերճանքիս: Ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալու հոգեմտաւոր խառն յոյզերս, խորքին մէջ կ’անհանգստացնէին զիս: Ես ինձ հարց կու տայի, թէ ճեմարանականի իմ կեանքի աւարտով ուսման հետ իմ սիրալիր կենակցութիւնս ի՞նչ աւարտ պիտի ունենար: Արդեօք պիտի վերջակէտուէ՞ր ուսման հետ մեղրալուսինս: Արդեօք ուսման անհատնում աղբիւրէ պիտի դադրէի՞ մտաւոր պապակս յագեցնելէ: Անտեսանելի հորիզոնը՝ անորոշութիւնը, կը սարսռէր էութիւնս, ու յոռետեսութեան շղարշը կը մթագնէր վառ թռիչքս: Անկիւնադարձային եւ ճակատագրական տարի մը դիմակալելու հանգամանքը, դարբինի մուրճի հարուածի սաստկութեամբ կը կռանէր ալեկոծ ներաշխարհս:

Խռովայոյզ, երերուն մտածումներով յղփացած՝ կը սպասեմ «սէրվիս»ը: Սովորաբար, կանգառս ճամբու ընթացքին վարորդներուն համար առաջինը կ’ըլլար: Մտորումներուս տողանցքը կ’ընդհատուի յանկարծ, «Ֆանֆան»ին ծղրտոց ձայնով. «Եալլա Մէյտա՜ն-Նոր Գի՜ւղ, Նոր Գի՜ւղ»: Արտառոց հնչեղութեամբ ձայնը կը խանգարէ առաւօտեան անդորրը, հրաւիրելով զիս բարձրանալու ինքնաշարժ: Այսօրուան առաջին բարի լոյսը «Ֆանֆան»ին հետ փոխանակելով կը նստիմ իր կողքին: Այլ օրեր, պիտի պատահէր, որ հանդիպէի տարբեր հայ վարիչներու, որոնք «Մէյտան»ի սէրվիսի գիծին վարժ ու ծանօթ դէմքեր էին, նաե՛ւ հանրածանօթ իրենց մակդիրներով՝ Պէրլիէ Յակոբը, Թիարա Եախուպը, Պալամուտը, Անֆիէճի Ստեփանը, Լէյլա Եախուպը, Օլիւճի Թորոսը…:

Հայ մեքենավարները յատուկ ակնածանք կը ցուցաբերէին հայ ուսուցիչին հանդէպ եւ իրենց կու տային սէրվիս բարձրանալու նախապատուութիւն: Եթէ պատահէր աշակերտ մը ու քիչ անդին ուսուցիչ մը կանգնած ըլլար, անվարան՝ ուսուցիչին մօտ պիտի կանգնէր մեքենավարը: Այդ մասնաւոր դիմաւորութիւնը կը լրացուէր սիրալիր «Ահլէ՜ն Ուսթազ»ով: Եթէ աշակերտ մը քիչ մը հանգիստ տեղ գրաւած ըլլար, «քիչ մը անդին»ով կը հրաւիրէին զինք հաւաքուելու, աւելի լայն տեղ բանալու դիտաւորութեամբ «պարոն»ին: Ան ալ աւելցնեմ, որ հայ վարորդները շատ պատուախնդիր էին, այն աստիճան, որ երբե՛ք չէին թոյլ տար իրենք իրենց օտարազգի յաճախորդներ վերցնելու, որպէսզի անոնք առիթը չունենան նստելու հայ պարմանուհիներու կողքին եւ խանգարելու անոնց հանգիստը:

Այս առաւօտ ալ յար եւ նման պատկերներու կը հանդիպիմ: Հազիւ «Թօնի Սթիքի» զառիվայրը հասած, «Ֆալաֆէլ Արաքս»ի անկիւնը ամենէն շատ թիւով ճեմարանականներու կը հանդիպինք, որոնք հեւքոտ վազքով, «Աուճաթ Ալ Ճուպ»էն օթօքարը փախցուցած ըլլալով՝ մեզի կը միանան: Հինգ հոգինոց տեղերը երթալով կը նեղնան, երբ կը հասնինք Ճաշարան «Գափրի»ի դարձուածքը: Ականջներս սրած, անհեթեթ փորձ մը կ’ընեմ, երգիչ Ճորճ Թիւթիւնճեանին գիշեր մը առաջ, հայրենասիրական-յեղափոխական առինքնող երգերուն, դարերու խորքէ եկող արձագանգին դղրդիւնը լսելու: Այդ երգերու դիւցազններու կերպարը ու հերոսապատումներու բոցաշունչ դրուագները, մեր հոգիներուն փեղկէն՝ այնքա՜ն հաղորդիչ, այնքա՜ն տոգորիչ կը թափանցէին, պատճառ դառնալով որ մեր մէջ յորդէր ցայտող, անտաշ ազգային ինքնագիտակցութեան տարերքը: Ինքնըստինքեան, այդ երգերու տրոփիւնով՝ յուշիկ կը մրմնջեմ «Ձայն տո՛ւր, ո՛վ ֆետայ, ինչո՞ւ ես տրտում…», արժանանալով նստողներուն ապշահար նայուածքին ու խանգարելով Ֆանֆանին առօրեայ թախծոտ սրտի յանկերգը՝ յորդորը երբ կ’ըսէր.

-Տղա՛ք, դասերուն կարեւորութի՛ւն տուէք, պարոնին դասը լա՛ւ մտիկ ըրէք: Գիտցէ՛ք, որ «կարդալ»ը ոսկի ապարանջան է…

Մեր հայ Վարորդները ընդհանրապէս չէին արտայայտուեր պատշաճ բառամթերքով ու լեզուական ընդունելի տարազով, սակայն շեշտակիօրէն իրենց խօսքերուն եւ գործերուն ընդմէջէն կը դրսեւորէին յատուկ պատկառանք ու երախտապարտութիւն՝ բոլո՛ր անոնց, որոնք ուսման եւ ուսուցման հետ կ’առնչուէին: Տարբեր եղանակներով այս մէկը կը դրսեւորէին: Այդ ձեւերէն մէկն ալ, սէրվիսի ճշդուած գիծէն դուրս ելլելով, մինչեւ Ճեմարանի դրան առջեւ կը հասցնէին գնացքի աշակերտները եւ ուսուցիչները, մանաւանդ երբ անդրադառնային, որ վեր չբարձրանալը՝ դասապահէն ուշանալու պատճառ կրնար ըլլալ, որ անընդունելի հանգամանք էր իրենց շուկայական յայսմաւուրքին մէջ:

Հայ վարորդներուն զրոյցի հիմնական առանցքը նաե՛ւ կը կազմէր հոգեհատոր սէրվիսի մեքենան: Ցասումով կը պատմէին, թէ ինչպէ՛ս կարգ մը յաճախորդներ անխնայ մօտեցում կը ցուցաբերեն իրենց «հոգեհատոր»ին: Այսպէս՝ աղբ կը թափեն, դուռը ամուր կը խփեն, պատուհանը շատ արագ շարժումներով վեր-վար կը հանեն, շատ մը պարագաներու պատճառելով նիւթական վնասներ: Երբեմն, իրենց համեմուած «հերոսապատում»ներն ալ կը զարդարէր խօսակցութիւնը: Օրինակ՝ ոստիկաններու հետ առօրեայ անհաղորդ յարաբերութիւննին՝ տառապանքնին, ու թէ ինչպէ՜ս միշտ անիրաւուած վերաբերմունքի կ’ենթարկուին զիրենք տուգանելու ձգտող ոստիկաններու կողմէ: Յոխորտանքով կը պատմէին, թէ ի՜նչ ճարտարութեամբ՝ «խաթր»երնուն նայելով, ընդհանրապէս կը պրծէին նիւթական ծանր տուգանքէ, կարմիր թղթոսկեայ տասնոց մը սահեցնելով ներկայացուելիք վկայագրին մէջ:

Վասպուրականի շէնքին առջեւէն անցած պահերնուս, կը յիշեմ մեր մարզանքի ուսուցիչ «Այրանճի Աբրահամ»ին ֆութպօլի կեանքի պատմութենէն դրուագները: Թէ ինչպէ՜ս Գերմանիկ Վասպուրականի անպարտելի խումբը, «յայտէ՜, պապէ՜, յայտէ՜» բացականչելով՝ յաղթական իրենց վերջին հաւաքատեղին կ’ընէին ակումբի շրջափակը, մարաշցի համակիր հոծ զանգուածի մը զօրակցութեամբ:

Վաղ առաւօտեան «Քէպապճի Պայթուկ»ին բացօթեայ կառքէն «ճիկարէ քէպապ»ի գուլայ-գուլայ գալարուն ծուխի հետքերով ու անկէ բուրած ախորժաբեր բուրմունքով օծանուած, կը հասնինք Սահակին սրճարանին դիմաց:

Պատանեկութեանս օրերուն, հատուկենտ լսած էի Սահակի ոդիսականի ու սխրագործութեան մասին: Ինծի համար Նոր Գիւղի դարպասը եւ ամրոցը այդ խորհրդաւոր քարաշէն, բազմայարկ, մշտադալար պուրակով պարուրուած սրճարանն էր: Երբե՛ք խիզախութիւնը չէի ունեցած մտնելու անոր շրջափակէն ներս: Կը հաւատայի, որ անոր սանդուխները բարձրանալը վիճակուած է այն յատուկներուն, այն նուիրեալներուն, որոնք դրոշմուած են գաղափարապաշտ մարտիկի բարոյական միւռոնով, եւ ուղղակի մկրտուած Դրօներու, Հրաչ Փափազեաններու, Թէհլիրեաններու քուրային մէջ: Կը դաւանէի, թէ գաղափարական մարտիրոսութեան ընծաներուն միայն վիճակուած էր անոր դարպասը թակելը ու գաղափարական ապարանքի շքեղութիւնը վայելելը: Ինծի համր մոգական խորհուրդաւոր ամրոցի տարազով կը ներկայանար այդ արտաքնապէս անշուք սրճարանը, մինչ կազմաւորուելիք գաղափարական դեռատի ինքնութիւնս կը կաշկանդէր զիս՝ թոյլ չտալով մագլցիլ անոր բարձրունքը: Կը մտածեմ, թէ այդ խորհրդաւոր դիւցազուններու մեհեանը, անոր հիւրընկալ քերովբէները դեռ հո՞ն են արդեօք: Դեռ ե՛ւս դարպասի արանքներէն աչալուրջ կը հսկե՞ն Նոր Գիւղի անդորրութեան:

Այս առաւօտ, ինչպէս ամէն առաւօտ, աչքերս սեւեռած այդ «ապարանք»ին, կը փորձեմ տեսնել այդ երանելի՝ սրբացած դիւցազուններուն դէմքերէն ճաճանչող լոյսը: Աւելի ուշ պիտի հասկնամ, որ այդ ճիգերը ապարդիւն էին: Սահակները՝ Դրօներու կողքին պէտք է փնտռել, հերոսներու պանթէոնին մէջ: Անոնք, իրենց մշտնչենական օթեակներէն յաղթական կ’աղաղակեն բանաստեղծի շռնդալից խօսքը՝ «Մենք մեր գերեզմաններուն մէջէն կը շարունակենք ապրիլ»: Անմահութիւնը՝ վայել է նմաններուն: Անոնց կտա՛կն էր, որ մեզ կը բարձրացնէր Ճեմարանի զառիվերը:

Առաւօտեան վաղ ժամերուն Ճեմարանի պողոտան ինքնատիպ կենդանութեամբ եռուզեռ կ’ապրէր: Զառիվերին վրայ երկարած հայ արհեստաւորներու խանութներուն դիմաց, հայ վարպետները ցած աթոռակներու վրայ նստած, կը խմեն առաւօտեան զարթնիչ սուրճը: Անդին, Մերտխանեաններուն արհեստանոցին դիմաց աշակերտ-արհեստաւոր խառն խումբ մը, բարձրաձայն կը վիճին մէկ օր առաջ ՀՄԸՄ-ի ֆութպօլի խաղի եւ իրաւարարի կողմնակալ սուլիչներու կործնարար դերակատարութեան շուրջ: «Սանտուիչ Ժանօ»ին եւ Ճեմարանի դրան դիմաց կանգնած աշակերտները, քիչ մը աւելի կոճկուած ու ընդունելի երկիւղածութեամբ կը սպասեն Ճեմարանի բարձրախօսէն հնչող «Հայր Մեր»ի աւարտին: Ղազարը, «Ժանօ»ին կրտսեր եղբայրը, թաղեցիի իր անպաշտօն վերակացութեան դերին մէջ, ուշադիր կը հսկէր երթեւեկին ու բազէի զննիչ աչքերով օտարամուտ ներկայութիւնները կիզակէտը դարձնելով՝ կը փորձէր կանխել անհամ իրավիճակներ: «Ղազանճի» Մանուկեան եղբայրները ձեռքերնին կոփող մուրճը բռնած, ոտքի՝ բարեպաշտութեամբ կը հետեւէին առաւօտեան աղօթքին: Մեր դասարաններէն միշտ վարժ ենք լսելու իրենց դարփինի հարուածներու կշռութաւոր «մեղեդի»ն, որ համանուագ հնչեղութեամբ, դասատուի ձայնին հետ միաձոյլ, կարծես աւելի՛ պինդ՝ մեր մտքերուն մէջ կը մխէին դասաւանդուող գիտելիքները ու կ’օգնէին, որ ամրագրուին մեր ուղեղներուն մէջ: Իսկ աւելի հեռուն, արաբ գիւղացիները բարձրաձայն կը սակարկեն, փորձելով տարհամոզել հայ վարպետները աւելի ձեռնտու գինով նորոգելու իրենց խանգարուած սարքերը:

Դրան առաջ կանգնած, դասապահէն ուշացած՝ նորեկ ճեմարանականներու երամին կը միանամ: Կարեկցական նայուածքներս աւելի տակն ու վրայ կ’ընէ անճրկած վիճակնին: Նորեկները չէին հետեւեր աղօթքին ու փսփսալով կը զրուցէին, փորձելով գտնել յարմարագոյն պատրուակ մը, արդարացնելու համար իրենց առաջին մեղանչումը: Իմ կարգիս, չէի փորձեր ուաշացումիս հնարք մը գտնել: Կը հաւատայի, որ ունէի այն առաւելութիւնը, որ կ’երաշխաւորէր զիս, որպէսզի արժանանամ հսկիչներու բարի կամեցողութեան: Վերջապէս 6 տարուան վաղեմի ծանօթութիւնն ու շրջանաւարտ դասուելու նոր կարգավիճակը, մեզ պէտք է շնորհէին անձեռմխելիութիւն, պրծելու նման «թեթեւ» յանցագործութիւններէ:

******

Մեր ընկերուհիներէն Գայիանէն՝ դասարանի վերակացուն, իր պարտականութեան գիտակից, անցքին մէջ կանգնած արագ շարժումներով կը թօթուէր գրատախտատակի սրբիչը: Աճապարելով կ’ուղղուիմ դասարան: Հազալով կը ճեղքեմ կաւիճի թաւ մառախուղը, որուն առանցքէն հազիւ նշամարելի են Գայիանէին զոյգ աստղերու նման փայլատակող, կանաչագոյն աչքերը: Հազիւ նշմարելի նայուածքները զիս կը հրաւիրէին աւելի ընդոստ շարժելու եւ տեղս գրաւելու:

Դասարանին մէջ խուճապի մթնոլորտ կը տիրէր: Մէկ շաբաթ առաջ պարոն Մկրտիչեանին պատուէրը՝ գրելու ազատ նիւթով վերջին շարադրութիւնը, անճարակ դարձուցած էր շատերը, չյարմարցնելով թեմա մը: Ներսէսը, գրասեղանի ընկերակիցս, նոյն վիճակին մատնուած էր: Շուար՝ հայերէնի շարադրութեան տետրակը փնտռելու իր ճիգին մէջ, «Եա՜ Ալլա՜հ» մը բացականչելով, ջայլամի օրինակով՝ գլուխը ափերուն մէջ առաւ, պահ մը կարծելով որ իր մեծ իրանն ալ թաքցուցած պիտի ըլլար այդ ձեւով:

– Ի՞նչ կայ, Նենօ՛, «թաշխալայի» մէջ կ’երեւաս,- ըսի մեղմ ձայնով:

– Ա՜խ, անկեղծ ըսած, բան մը չեմ գրած,- արտասուալից եղանակով հառաչեց:

– Ծօ՛, «պատուելի՛», քանի մը տող չկրցա՞ր յարմարեցնել,- այպանողական յարեցի իրեն…

– Լակո՛տ, դուն գիտես գրելը ներշնչում կ’ուզէ, մուսաներդ ուղեղդ պէտք է կսմթեն: Եթէ գիտես, որ տեղ մը կը ծախուի այդ մուսաներ ըսուածը, ըսէիր՝ երթայի եւ գնէի: է՜հ, աղօթեցի, նորէն ա՛լ չեկան սրիկաները, ուրկէ՞ բերեմ, ըսէ՛,- բարկացած պատասխանեց:

-Նենօ՛, մի՛ մտահոգուիր, պրն. Մկրտիչեանը քեզ կը սիրէ, վստահ եմ քեզ պիտի խնայէ: Այսօր դուն պիտի չըլլաս եաթաղանին զոհը, հիմա կը տեսնես…

Խօսքերս բալասանի ազդեցութեամբ հանդարտեցուցին այլայլած հոգին: Ներսէսը խորունկ շունչ քաշելով դատարկ էջերով տետրակը հանգչեցուց գրասեղանին վրայ ու ձեռքերը ծալլելով՝ ողորմելի մարդու նման յանձնուեցաւ ճակատագրին:

Անդին՝ Վահրամը, դասարանին յետսապահ դիրքը գրաւող գրասեղանին կռթնած, ընձուղտի նման երակարձիգ վիզը երկարելով պատուհանէն, մտահոգ՝ կը հետախուզէր անցքը: Յանկարծ սարսափազդու ուրուական մը նշմարողի նման բացականչեց.

– Հո՛ս է, եկա՛ւ, եկա՛ւ…:

Գայիանէն հեւքոտ ճիգով մը, առաջին կարգի գրասեղանին ետեւ անցնելով՝ իր տեղը գրաւեց, ընդհուպ՝ համազգեստին վրայ հաւաքուած փոշին թոթափելով: Պրն. Մկրտիչեան իր աւանդական, բայց կոկիկ զգեստով, հեղինակաւոր իր քայլերով մտաւ դասարան: Գաբրիէլ հրեշտակապետի գալստեան օրը յիշեցնող լռութիւն կը տիրէր դասարանին մէջ:

Պարոնին խոժոռ դիմագիծն ու հանգամանաւոր «բարի լոյս»ով դասարան մուտքը, աւելի ծանրաբեռնեցին Ներսէսին մտատանջ վիճակը: Պրկուած մթնոլորտի անդորրը խանգարեց Վահրամին կեղծ հազը, սպասելով իր զինակից ընկերներուն համապատասխան արձագանգին: Վահրամին արձակած գրգռիչ նիզակը մնաց իր կապարճին մէջ: Սպասողական քար լռութիւնը համատարած էր: Պրն. Մկրտիչեան անձայն անցաւ գործի: Սովորաբար գրասեղան առ գրասեղան, կ’անցնէր ու կը հաւաքէր տետրակները: Այսօր ալ, նոյն վարժութիւնը կիրառելով հասաւ Միհրանին մօտ: Ի տես անոր այսահար ու շուար վիճակը, թեթեւ ու զսպուած ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ պարոնին երեսին վրայ, պահ մը թուլցնելով խորշոմած դիմագծին վրայ կնճիռներու ակօսը: Ընկալեալ սովորութեամբ, տարիներէ ի վեր, Միհրանը շարադրութեան տետրակ երբե՛ք չէր ներկայացներ: Այսօր ալ, Միհրանը ափերը բաց, զինաթափ, հանգիստ ու անվրդով կը հայցէր ներողամտութիւն: Անբացատրելի՝ ուսուցիչ-աշակերտ լռելեան հասկացողութիւն կամ թաքուն պայմանաւորուածութիւն մը գոյացած էր իրարու միջեւ, ուր Միհրանը միշտ կ’արժանանար պարոնին «տենդագին» անբացատրելի հանդուրժողականութեան: Պարոնը չէր կրնար թաքցնել իր ջերմ հոգածութեան զգացումները, որոնք ակնյայտօրէն կը ծորային աչքերէն: Հանդուրժողականութեան ալիքը, նաե՛ւ կը պարփակէր Էմանուէլը(1), որ հայկական դպրոց երբե՛ք չէր յաճախած, օտարացուած էր հայերէնէն, եւ որպէս ունկնդիր կը հետեւէր հայերէնի դասապահերուն՝ եթէ կամենար: Այս անգամ ալ, խաղաղօրէն Միհրանին մօտէն անցաւ ու կանգնեցաւ Ներսէսին մօտ:

Ներսէս խեղդամահի հառաչանքի շեշտադրումով, հազիւ կրցաւ թոթովել «պ-ա-ր-ո՜ն» բառը: Կարապի հոգեւոր երգը յիշեցնող լալագին ձայնը չէր համընկներ իր հսկայ իրանին հետ: Անողորմելի մարդու պատմուճանը հագած, աչքերը կարեկցագին, գերի ինկած զինուորի տուայտանքով՝ յանձնուած էր ճակատագրին: Ներսէսին համար դժուար էր շինծու պատճառ յերիւրելը: Անկեղծութիւնն ու ճշմարտախօսութիւնը իր նկարագրի անբաժան ընկերակիցներն էին: Ան պապանձումն Զաքարիա ըլլալ նախընտրեց, քան ինքնարդարցումի «Ճերմակ» սուտ մը խօսիլը:

– Դուն նոյնպէ՛ս Բրութոս,- դառնութեամբ ըսաւ պարոն Մկրտիչեանը:

Սակայն չկրցաւ զսպել իր ներաշխարհի համակրանքի հարազատ զգացումը հանդէպ Ներսէսին, ու լայն ժպիտ մը ուրուագծելով երեսին վրայ, հանդարտեցուց Ներսէսին այլայլած հոգին: Իմ կարգիս, սառն հանդարտութեամբ երկարեցի տետրակս: Մենամարտի առաջին արարէն յաղթական դուրս գալու յոխորտանքով՝ Վիգէնը, Պերճը, Համբիկը, Վահրամն ու Նշանը հետեւեցան իմ օրինակիս ու համարձակ շարժումներով յանձնեցին իրենց աշխատանքները: Կարգը աղջիկներուն հասաւ: Անոնք աւելի՛ ինքնավստահ եւ շտապ փոխանցեցին պարտականութիւնները:

Տետրակներու տրցակը գուրգուրանքով գրկած, բարեբեր հունձք մը ունենալու գոհունակութեան նշաններ ցոյց տալով՝ պարոնը բարձրացաւ ամպիոն:

Աշակերտներս, լուռ ու մունջ, կը խուսափէինք ուղղակի մեր նայուածքները դէպի ամպիոն յառելէ: Ոմանք, գետնէն բան մը որոնելու պատրուակով կամ կօշիկի մը կապը զօդելու դիտաւորութեամբ, ուրիշներ՝ գրասեղանին ճռնչող ոտքերը ամրացնելու դերասանական ճիգով մը, կը փորձէին ուղղակի հեռու մնալ պարոն Մկրտիչեանի շիլ, բայց սէգ, արծիւի նման՝ խուզարկու եւ խիստ նայուածքներու տեսադաշտէն: Ոմանք ալ, յուշիկ, կ’արտասանէին սուրբի անուններ՝ զայն գտնելով անախորժ կացութեան մը չմատնուելու միակ ապաւէնը:

Դասապահի ընթացակարգը բացատրելով պարոնը հետեւեալը թելադրեց.

– Նայեցէ՛ք, սիրելինե՛ր, այսօրուան դասապահը՝ ժամանակի սահմանափակումի պատճառաւ, պիտի բաժնենք երկու մասերու: Նախ, պիտի շարունակենք Համաստեղի կեանքի եւ գրական ստեղծագործութեան մասին մեր ներկայացումը, ետքը` ձեզի պիտի վերապահեմ միայն մէ՛կ շարադրութիւն ընթերցելու առիթ:

Մեզի համար հանգստացնող յայտարարութիւն էր՝ լսել վերջին մասը դասապահի ընթացակարգէն: Ըստ երեւոյթին՝ պարանոցը մէկ հոգիի վզին պիտի կախուէր: Նայինք՝ ո՞վ պիտի ըլլար այդ «բախտաւորը», որ աղաւնիի պէս պիտի թափահարէր, երբ իյնար պարոնին մագիլներուն մէջ:

Պարոն Մկրտիչեան հանդարտ ու կշռութաւոր ձայնով սկսաւ մանրամասնել, շաբաթ մը առաջ կիսատ թողած Համաստեղի գրական վաստակի ներկայացումը: Յանկարծ, իր ձայնի շեշտադրումը փոխուեցաւ, աւելի՛ խիզախ եղանակով սկսաւ իր վերլուծումները ընել, երբ «Սպիտակ ձիաւոր»ը ներակայացուց: Պարոնը չէր կրնար թաքցնել դէմքին վրայ ուրուագծուած թախծոտ ներաշխարհին նշանները: Այդ վայրկեաններուն, իր ծնողաց բնօրրանին՝ Սասուն աշխարհին կարօտախտէ տառապող ուսուցիչի հանգամանքով կը ներկայանար: Չէր կրնար չդրսեւորել իր հոգիին մէջ կոտտացող ցաւերը, երբ կը յիշատակէր կորուսեալ չքնաղ Տարօնն ու Մուշ աշխարհը: Իր հայեացքները յառած պարտէզի մայրիի խիտ տերեւներուն, անոնց առանցքէն կը փորձէր զրուցել վախճանեալ Զարեհ Վեհափառի համր կիսանդրիին հետ,այդ լռելեան հաղորդակցութեան ընդմէջէն կը փորձէր հասկնալ, թէ արդեօ՞ք Վեհափա՛ռն ալ կը լսէր, Ճեմարանի պատերուն զարնուող Մարտիկի կանչին արձագանգները: Իսկ պարոնին դէմքին վրայ հանգչած մեծածաւալ ականջները՝ լարուած, կը տքնէր աւելի՛ յստակ լսելու, սպիտակ ձիուն պատմութեան խորերէն հասած սասանող դոփիւնները, ու անոր կատաղի ու ահեղ վրնջոցը, որ կարող էր զարհուրել մոլեգնոտ թուրք ասկարներու խուժանը:

Պարոնը երկար բացատրեց, թէ ինչո՛ւ «Սպիտակ ձիաւոր»ը, լոկ հերոսապատումի մը խտացումը չէ, ո՛չ ալ արկածախնդրական պատմութիւն, այլ հայ ազգի անզուգական հոյլ մը նուիրեալներու պանծացման եւ անմահութեան երթն է: Զուգահեռներ քաշելով բացատրեց, թէ ինչո՛ւ վէպի հերոսներուն ընդմէջէն կ’անմահանան Սերոբ Աղբիւրը, Անդրանիկը, Մուրատը, Արաբօն, թէ ինչո՛ւ անոնց վարքագիծը, ազատութեան եւ լինելիութեան հաշւոյն մղուող ազգային ազատագրական պայքարի եւ մեր ազգի գոյատեւման ու յաւերժութեան թռիչքն է ու ստրկութենէ ազատելու տենչը: Պարոնը, իր լայն բացատրութիւններով կ’աւանդէր, որ երկին ընդմէջէն պարզուած դրուագներու եւ հերոսներու ներկայացումը չունի ժամանակի սահմանափակում: Մարտիկը, բժիշկ Նայիրեանը, Վարդանը, Չէրչի Կիրոսի անձնուրաց հայորդիներու կերպարներ են, որոնց օրինակը նաե՛ւ կը գտնենք վաղ ժամանակներու մեր դիւցազնավէպերու հերոսներու սխրագործութիւններուն մէջ: Վէպի հերոսները կը հանդիսանան հարազատ շառաւիղները այդ դիւցազուններուն: Աւելիով՝ մեր նորագոյն պատմութեան էջերն ալ նոյնանման անձնդիր հայորդիներու բազում օրինակներով լեցուն են: Անոնց տեսակը՝ հայու ըմբոստ ոգիի, խիզախութեան, ազատատենչութեան, արիութեան եւ վեհանձնութեան խորհրդանիշներն են:

Ախորժակով շարունակեց նկարագրումը Վարդաձորի, ընդգծելով որ այդ հրաշագեղ հայրենի փոքր տարածքը, լոկ սահմանափակ ածու մը չէ: Անոր պրիսմակէն պէտք է տեսնել ամբողջ պատմական Հայաստանը, որուն հողին կառչելու ու հայրենի տունին փարելու տենչաքին կը հանդիպինք հերոսներու արտասանած ամէն մէկ խօսքին մէջ:

Սովորաբար պարոն Մկրտիչեան՝ զգոյշ, ինչու չէ խուսափողական մօտեցում կը ցուցաբերէր, երբ հարցի մը ներկայացումը կը պարփակէր կուսակցական երանգ: Ընդհանրապէս, շատ զուսպ էր դասաւանդման ընթացքին ուղղակի դեգերելու կամ կողմնորոշուելու հայ ազգային գաղափարական անդաստանի խնդիրներուն վրայ: Առաջին անգամն էր այդ օրինաչափութիւնը կը խախտէր ու այդ նրբութեան լարը բեկելով, իր հոգիին մէջ խանդաղատանքով փաթաթուած գաղափարական հայ մարդու շղարշը բանալով, ակներեւ համարձակութեամբ, կը բացայայտէր իր մէջ խնամքով անթեղուած դաշնակցական մարդու գաղափարապաշտ դիմագիծը: Այդ պահուն, իր արտայայտութիւններուն ընդմէջէն տարերային ձեւով կը ցայտէր «Սասնայ ծռեր»ու խրոխտ, անզիջող, պինդ եւ պայքարունակ էութիւնը: Այդ պահուն, պարոն Մկրտիչեան չկարենալով թաքցնել գաղափարական դաւանումը՝ համարձակօրէն կը բացայայտէր իր դիմագիծին այն անտեսանելի բաժինը, որուն քօղարկուած մնալը այնքա՜ն երկար ատեն՝ շատերուս համար հարցականներու դուռ կը բանար ու անտեղի անհանգստութիւն կ’առթէր:

Պարոնը ներկայացման աւարտով, ընդհուպ՝ սառած հայեացքները կեդրոնացուց մեր վրայ: Իր վեհ ճախրանքով յագեցած ու լիցքաւորուած Մարտիկի պատգամով ըսաւ.

– Հիմա տեսնենք՝ դո՛ւք ինչ անակնկալ ունիք ինծի: Մարտիկը եւ իր ընկերները ձգենք այդ լեռներուն վրայ, իրենց անաւարտ առաքելութիւնը թող շարունակեն, իսկ մենք ալ աւարտենք մեզի վիճակուած գործը: Հայտէ՛, տեսնենք ի՜նչ ախորժաբեր թեմա մը պիտի հրամցնէք այս տարուան վերջին շարադրութիւններով:

Դասարանի աշակերտներու օրինակին հետեւելով, ե՛ս ալ խուսափողական նայուածքներով կը փորձէի հեռու մնալ՝ անյարմար փորձութեան մը սարդոստայնին մէջ չիյնալու դիտաւորութեամբ: Յանկարծ, պարոնը պայթեցուց «եզրափակիչ հրաւէրը».

– Այս «պատիւը» պիտի շնորհենք մեր սիրելի Ժանին, տեսնենք ինչպիսի՞բան մը պիտի հրամցնէ մեզի:

Բոլոր ձեւի քողարկումներս ի դերեւ ելան: Ինկած էի պարոն Մկրտիչեանի մագիլներուն մէջ: Շանթահարուած մարդու նման, ապշահար, դեռ ե՛ւս կը տատանէի, երբ կրկին լսեցի պարոնին զարթուցիչ ձայնը.

– Ժա՛ն, հրամէ՛ ամպիոն:

Իրաւացիօրէն կ’ըսեն՝ ճակատագրէն կարելի չէ խոյս տալ: Այդ պահուն, դասարանին մատաղը դառնալը վիճակուած էր ինծի: Երերուն քայլերով, անձկութեամբ՝ ուղղուեցայ ամպիոն, դառնալու զոհասեղանի բորբոքուն խարոյկին միակ լիցքը: Ծանօթ ըլլալով պարոնին դասաւանդման ոճին,կը սարսափէի ուղղելիք սուր ու անխնայ քննադատութենէն, շարադրութեան ընթերցումի ընթացքին ու անոր աւարտին իր արձանագրելիք եզրափակիչ գնահատականէն: Այդ խստաբարոյ երանգը ժառանգած էր Յակոբ Օշականէն՝ իր ուսուցիչէն: Բայց մտաբերեցի, որ այսուամենայնիւ իր կառուցողականմցուցմունքները, ուղղորդող եւ քաջալերական խօսքերը, որոնցմով ընդհանրապէս կը համեմէր քննադատական թելադրանքները, վերջին ապաւէնս պիտի ըլլար՝ թեթեւցնելու ստեղծուելիք անախորժ վիճակը: Համարձակութեանս թեւերուն թափ տուի: Դողդոջուն մատներս ուղղեցի սեղանին վրայ տեղադրուած տրցակին ու մէջէն քաշեցի տետրակս: Աչքերս հանդիպեցան Համբիկին «սիրտ պաղեցնող» նայուածքներուն ու հեգնական ժպիտին: Դողդոջուն շրթներուն շարժումներէն կը կարդայի հետեւեալը՝ «ինկա՜ր, գա՛մփռ, ինկա՜ր»: Որոշեցի չանսալ մտավախութիւններուս ուրուականին ու արհամարել Համբիկին խռովարար ազդերը: Սակայն, ձայնիս թրթռուն ու խռպոտ ալիքաւորումը կը մատնէր հոգեկան տակնուվրայութիւնս, որթանձր մառախուղի ծանրութեամբ կ’արգելակէր խոյանքս: Հաւաքեցի հոս ու հոն տարտղնուած արիութեան բեկորներս ու խթանելով խամրացած քաջութիւնս՝ լորձունքս կուլ տուի, թրջելով ձայնային լարերս ու սկսայ ընթերցել.

«Վերջին շարադրութիւնս2

Հրաժեշտի շարադրութիւնս՝ պէտք է ըլլայ դիպուկ թէ՛ իր թեմայով, թէ՛ իր խորքով: Դէպքե՜ր ու կերպարնե՜ր մտքիս մէջ կը տողանցեն, զիրար կը հրմշտկեն ու կը բախին մտածումներուս քարափին, բայց որեւէ մէկը որպէս իւրայատուկ նիւթ՝ հաւանութեանս չէր արժանանար: Վերջին շարադրութիւնը, գուցէ իրողապէս պիտի ըլլար իմ գրելիքներուս վերջին արգասիքը: Մատիտս կը սահեցնեմ փորձելով յարմարեցնել խորագիր մը: Քանի մը փորձէ ետք, մտքիս մէջ փայլատակեց գաղափար մը՝ «Վերջին շարադրութիւնս» դարձնել խորագիր: «Էվրէգա» կը բացականչեմ սահեցնելով գրիչս ու թուղթին յանձնելով տարտամ մտածումներս:

Մտքով կը սաւառնիմ հեռուն՝ մանկական աղոտ յիշատակարաններու շտեմարանս, ուր կը տեսնեմ օրիորդ մը, ձեռքէս բռնած, կ’օգնէր որ գծագրեմ «ա» տառը: Ետեւ ետեւի զուգահեռ գծերու մէջ, կարելի համաչափութեամբ՝ կը փորձէի տեղադրել «ա»ն: Յաջորդաբար «բ»ը ու «գ»ը: Յաջորդող օրերուն բոլոր այբբենարանի տառերուն հետ ընտելանալու նոյնանման ճիգ կը թափէի:

Մանկապարտէզի դպրոցական օրերէն, նաեւ հետաքրքրակա՛ն դէպքեր ալ ամրագրուած են յիշողութեանս մէջ: Այսպէս, ինչպէս կարգ մը երեխաներ, ես ալ գիշերները կ’ընդդիմանայի կանուխ անկողին ուղղուելուն դէմ: Հայրս երկա՜ր տքնանքէ ետք, գտած էր դիւթիչ բալասանը, աւելի ճիշդ, զգլխիչ թմրանիւթը՝ զիս քունի տանելու: Մեղմ, հայրենասիրականյեղափոխական մեղեդիներու ծուէններով, հեշտագին՝ զիս կը յանձնէր քունի հաշիշով օծուն կոհակներուն: Հայրենասիրական երգերը կը դրոշմուէին մանկական գողտրիկ ներաշխարհէս ներս: Անոնց արձագանգը չէր ուշանար եւ յաջորդող օրերուն կը լսուէր մանկապարտէզի դասընկերներուս մօտ, որոնք օրական պիտի ճաշակէին այդ հանկերգը ու թութակի նման, իրենց կարգին, պիտի իւրացնէին զանոնք: Մինչեւ հոս, անբնական բան չկար: Արտասովոր ընթացքը յաջորդող հանգրուանն էր, երբ օր մը նոյնինքն դասընկերներէս Արան, տան մէջ հպարտութեամբ պիտի մեներգէր այդ «երգերու ուսուցում»էն պատառիկներ, զարմանք պատճառելով ծնողաց: Այո՛ զարմանք, որովհետեւ ծնողքին համար ալ անակնկալ էր լսել երգեր, որոնք «Անառատ Յղութեան Քոյրերու» դաստիարակութեան եղանակին հետ շատ ալ հաշտ չէր սազեր: Առ ի հետաքրքրութիւն՝ դիմելով վարժարանի Քոյրերուն բացայայտուեցաւ, որ այդ դրածոյ «Ընկեր Փանջունի»ական հովերը, չարաճճի Ժանոյին՝ մանկունակ, անմեղ «ամբոխավարական կատարողութեան» արդիւնքն էր:

Մանկապարտէզի տարիներու աւարտով, կեանքի այլ դասաւորումով յաճախեցի ոչ հայկական վարժարան: Թէեւ տան մթնոլորտս իր շարունակականութիւնը պահեց, եւ հոն նորութիւն չկար, սակայն բոլորովին հակոտնեայ աշխարհի մը մէջ յայտնուեցայ: Բոլորովին օտար միջավայր, օտար կենցաղ, օտար լեզու եւ անհաղորդ նոր ընկերներ: Կը նմանէի այն նորածինին, որ նոր կտրուած էր հարազատ մօր կաթով սնուելու պատեհութենէն, ու ամէն վայրկեան մօր տաքուկ ստինքին փարելու տենչը կ’ապրէր: Օրեր ետք պիտի յանձնուէի ժամանակի տարերքին ու յարմարէի նոր պարտադրուած միջավայրին: Հարկադրաբար պիտի սնանէի ու յղփանայի օտարամուտ բարքերով: Շատ արագ՝ ֆրանսերէնը դարձաւ մայրենիս, ու հետզհետէ «այբը սանտր տեսնել»ու վիճակին մատնուեցայ: Անցան երեք տարիներ, որոնք բաւարար էին մոռցնելու «ա»ն:

Երեք տարիներ օտար օրօրոցներու վրայ տարուբերեցայ, անհարազատ խաղավայրերու ցայտաղբիւրներու ջուրը ըմպեցի: Յանկարծ, իրերու մէկ անակնկալ դասաւորումով ՝ երանելի օր մը, ետին ձգեցի Ֆրանսուան, Ֆատին, Աթա Ալլահ, Ալֆօնսը, Ժիլպէրը, Մօրիսը ու տարիներու տուայտանքէ ետք, վերադարձայ հայկական դպրոց, ուր կրկին պիտի խաղայի Գօգոյին, Պետիկին, Յարութին ու Համբիկին հետ: Հայկական դպրոց Վերադարձս այդքա՜ն ալ հեշտ չեղաւ: Դպրոցի տնօրէնութիւնը, տեսնելով հայերէնի ոչ բաւարար մակարդակս, մտահոգ էր՝ թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենամ քայլ պահել ու ընկալել դասարանի «առաջատար» հայերէնը: Հօրս երաշխաւորութիւնը պիտի բաւէր համոզելու պարոն Փիլիպոս Դերձակեանը, որ դպրոցական տարեմուտին, հայերէնը՝ ընդունելի ու բաւարար մակարդակի աստիճանի պիտի տեսնէր մէջս, ու ես՝ կազմպատրաստ ըլլայի իւրացնելու վարժարանի մատուցած հայերէնի բաժինը: Ամրան արձակուրդս անցուցի «Պետիկն ու գայլ»ի, «Փոքրիկն Անին», «Գիծ եւ գիրի» աշխարհին հետ վերածանօթացմամբ ու հօրս ճիգերով կրցայ մայրենիին հետ նախնական «ընտելացման» մթնոլորտին մէջ մտնել: Ամառնային «devoirs de vacances»ը փոխարինուեցաւ «Շողական»ով: Վերջապէս, երեք ամիսներու տքնաջան աշխատանքէ ետք, այլեւս «ա»ն հարազատի հանգամանքով կ’ընկալէի:

Այս բոլոր ճիգերով մէկտեղ, դպրոցական առաջին եռամսեակի հայերէնի դասապահերը, ինծի համար գողգոթայ բարձրանալու չափ մղձաւանջ էին: Հայերէնի պահը երբ մօտենար, սարսուռ մը կը պատէր ողջ էութիւնս: Կը նախանձէի դասընկերներուս սահուն ընթերցանութենէն: Ամօթխածութեամբ, կը փորձէի հետեւիլ ուսուցիչին: Իսկ ուղղագրութեան պահը՝ հանելուկի պահ էր ինծի համար: Չէի ըմբռներ, թէ ինչո՛ւ Մաշտոց «ր»ն ու «ռ»ն հնարած էր, ինչո՛ւ համար «դ» եւ «թ» պէտք է ըլլան մայրենիին մէջ, երբ ֆրանսերէնը միայն ունէր «r» եւ «t»:

Օրերու թաւալումով այբբենարանի խորթացման պայմանգրութիւնս վերջ գտաւ: Այլեւս վանողական չէր իմ եւ այբբենարանի միջեւ յարաբերական կեանքը: Կամացկամաց կը փարատէր վերածանօթացման պրկուած մթնոլորտը, ու կը վերադառնայի վաղեմի մեր տաքուկ սերտացման օրերուն: Ա՛լ չէի նմաներ այն պանդուխտին, որ երկար տարիներու բացակայութենէ ետք, երբ կը վերադառնար իր հարազատ օճախը, առաջին հանդիպումով՝ մօտ հարազատն անգամ կը վարանէր տաքուկ եղանակով իր հետ ողջագուրուելէ: Յամառ աշխատանքով, կրցած էի փարատել ամօթխածութեան քողը եւ վանել մէջէս վարանումի ուրուականները: Այլեւս «ջուրի կտոր» ընթերցանութեան ունակութիւն ձեռք ձգած էի: Ա՛լ կը տարբերէի «ե»ը «է»էն:

Երբ հինգերորդ դասարան էի, գրեցի առաջին շարադրութիւնս: Նիւթը չեմ յիշեր, բայց կը յիշեմ, որ դիմած էի հօրս օգնութեան: Այս պահուս կը գրեմ «Վերջին շարադրութիւնս» առանց օգնութեան:

Մտաբերեցի պարոն Մկրտիչեանին թելադրանքը, որ շարադրութիւնը երկարապատում ըլլալու չէ անպայման, եւ ինք քանի մը տողերով իսկ բաւարարուած պիտի ըլլար, եթէ տեսնէր այդ տողերուն մէջ աշակերտի մը ուրոյն արգասիքը: Արդէն էջերով սպիտակ թերթերը մրոտած էի, ու այդ իմաստով կը բաւարարէի անոր բաղձանքը: Անսալով յորդորին պիտի եզրափակեմ ըսելիքներս.

Սիրելի՛ պրն. Մկրտիչեան, պատշաճութեան սահմաններուն մէջ է թէ ոչ՝ չեմ գիտեր, սակայն անպայման պիտի արձանագրեմ իմ երախտագիտական զգացումս այս վերջին առիթը ներկայացնողին, մեզի գրական ճաշակ ու ոսկեղինիկի ճանապարհը հարթողին՝ մեր աննման ու անբասիր ուսուցիչին: Ցտեսութի՛ւն

Խորունկ շունչ մը քաշելով գլուխս տետրակէս վեր առի: Առաջին անգամ հայեացքս հանդիպեցաւ Համբիկին խրոխտագին աչքերուն, որոնց մէջ կը փայլատակէր երախտագիտութեան ցոլքեր, որ կ’ըսէր.

– «Գա՛մփռ», դիւրին պրծար ու բոլորիս հաշւոյն քրտինք թափեցիր: Պիտի չմոռնանք այս «սխրանք»դ:

Շապիկիս թեւին ծայռամասով Ճակտէս ծորած պաղ քրտինքի կաթիլները արագ մը սրբելու փորձ ըրի: Մինչ, նայուածքներէս չէր վրիպեր պարոն Մկրտիչեանի գոհունակ, բերկրանքով համակուած ժպիտը: Փաղաքշական շեշտադրումով, խօսքը ուղղելով ինծի՝ հետւեալը ըսաւ.

Է՜հ, Ժա՛ն, բաւական լաւ բաներ քեզմէ դուրս եկած են, բայց երանի վերջին բաժնի «կաշառքդ» խնայէիր մեզի հրամցնելէ: Այսքա՜ն զեղուն, ներբող խօսքեր պէտք չունէիր ըսելու: Քաջ գիտենք ձեր բոլորին մէջ խայտացող անկեղծ զգացումները: Ամէն պարագայի, Իմ թելադրանքներս գրաւոր պիտի արձանագրեմ տետրակիդ մէջ ու շուտով գնահատականս պիտի տեսնես:

Վստահ էի, որ շաբաթ մը ետք հաճոյքով պիտի ընթերցէի կարմիր մատիտով արձանագրուած երկարապատում վերլուծումները ու կառուցողական խօսքերը: Չէի հաւատար, որ այսքա՜ն խնայուած վերջաբանով պիտի աւարտէր այս մղձաւանջը ու համեմատաբար շատ «կիրթ» վերաբերմունքով մը պիտի դուրս գայի այս անելէն:

Պարոն Մկրտիչեան՝ աւարտական ժլատ խօսքը արտասնելով, գանձ մը գտնողի հեշտանքով համակուած, տետրակներու ծրարը ծոցին, խանդաղատանքով փարած, արագ քայլերով ուղղուեցաւ ուսուցչարան:

Հայերէնի դասապահը աւարտած էր, սակայն Ք.Ե.Ա. Ճեմարանի հայակերտ գոյերթը պիտի շարունակուէր…

1 Հեգնականը, Էմանուէլի պարագային, որ աւելի ուշ Հայաստան մեկնելով շարունակեց համալսարանական ուսումը եւ հարկադրաբար մայրենին իւրացնելու խնդիր ունեցաւ:

2.- Արձանագրուած շարադրութեան այս տողերը, որոշ խմբագրական լրացումներով արտագրած եմ այդ տարուան շարադրութեան տետրակէս:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.