«Ղարաբաղի Տագնապը Պայքար Չէ Տարածքի Համար, Այլ Անիկա Սկսած Է Ցեղային Առճակատումէ». Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յոյս ունի, որ Միացեալ Նահանգները պիտի օգնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման։ «Թասս»ը կը հաղորդէ, որ Փութին այս մասին յայտնեց «Վալտայ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին։

«Երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները հերթական անգամ եկած էին մեր մօտ (Մոսկուա)։ 23 Հոկտեմբերին անոնք հանդիպում ունին Ուաշինկթընի մէջ։ Ես մեծ յոյսեր ունիմ, որ մեր ամերիկացի պաշտօնակիցները պիտի գործեն մեզի հետ եւ պիտի օգնեն տագնապի լուծման», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը։

Փութին յայտարարեց, որ ղարաբաղեան տագնապը հայկական կողմին եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախապէս եղած է ազգային ճակատում եւ սկսած է հայ ժողովուրդին հանդէպ գործուած յանցագործութիւններէն։ «Այս տագնապը չէ սկսած իբրեւ միջպետական տագնապ՝ իբրեւ տարածքներու համար պայքար, այլ սկսած է իբրեւ ազգային ճակատում։ Ցաւալի փաստ է, որ Սումկայիթի մէջ, ապա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ ժողովուրդին հանդէպ յանցագործութիւն գործուած է, եւ այս բոլորը պէտք է նկատի առնուին», ըսաւ ան։

Ռուսիոյ նախագահը նկատել տուաւ, որ Ատրպէյճան կորսնցուցած է իր տարածքներուն զգալի մասը, եւ այդ յաւերժ չի կրնար շարունակուիլ։ «Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումները միշտ չէ, որ կը համընկնին, յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հարցով եթէ բանակցութիւնները երեսուն տարուան ընթացքին արդիւնք չեն տար, այդ չի նշանակեր, որ պէտք է սկսիլ կրակել։ Մոսկուան կը զօրակցի քաղաքական լուծման», ըսաւ Փութին։

Ան նաեւ անդրադարձաւ երկու երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն՝ նշելով, որ Ռուսիա մնայուն կերպով ունեցած է առանձնայատուկ կապեր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։ Ըստ Փութինի՝ Ռուսիոյ համար Հայաստան եւ Ատրպէյճան հաւասար գործընկերներ են, եւ Ռուսիոյ համար ողբերգութիւն է, որ այնտեղ մարդիկ կը զոհուին։ «Կ՛ուզենք ամբողջական յարաբերութիւններ թէ՛ Հայաստանի, թէ ալ Ատրպէյճանի հետ», աւելցուց ան։

Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեց, որ շատ պիտի ուզէր փոխզիջում գտնել Ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ եւ ան օրական քանի մը անգամ հեռաձայնային զրոյցներ կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ։ «Պէտք է յամառօրէն աշխատինք բոլորին հետ, զինուինք համբերութեամբ, բան մը, զոր կ՛ընենք արդէն, ապացուցենք բոլորին, որ մեր դիրքորոշումը ճիշդ է, եւ մենք զայն պիտի պաշտպանենք։ Իսկ այն հարցերուն մէջ, որոնց շուրջ մեր մօտեցումներն ու դիրքորոշումները չեն համընկնիր, պէտք է փոխզիջում փնտռել», ըսաւ Ռուսիոյ ղեկավարը։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.