Հ.Յ.Դ. Մասնակցեցաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան Համագումարին

Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան (Party of European Socialists, PES) համագումարը տեղի ունեցաւ 7-8 Դեկտեմբեր 2018-ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 500 մասնակիցներու՝ պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ եւ ակտիւիստներ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, կազմակերպութեան դիտորդ անդամ հանդիսանալով, մասնակցեցաւ համագումարին: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչն էր Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեանը։

2019-ի Եւրոպական ընտրութիւններուն շեմին տեղի ունեցած այս համագումարին բնաբանն էր «Արդար, Ազատ, Կայուն՝ առաջադէմ Եւրոպան, որ կը պահանջենք»։

Համագումարը մեծ շուքով ներկայացուց Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահի Եւրոպացի ընկերվարականներուն միասնական թեկնածուն՝ Ֆրանզ Թիմէրմանսը: Թիմէրմանսը Հոլանտայի ընկերվարական կուսակցութեան առաջատար դէմքերէն է, Եւրոպական Յանձնաժողովի փոխնախագահ եւ Հոլանտայի նախկին արտաքին գործոց նախարար:

Այս առիթով համագումարի ընթացքին խօսքերով հանդէս եկան՝ Մեծն Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ` Ճերեմի Քորպինը, Սպանիոյ վարչապետ` Փետրօ Սանչէզը, Փորթուկալի վարչապետ` Անթոնիօ Քոստան, Եւրոպական Խորհրդարանի «Ընկերվար եւ Ժողովրդավար» խմբակցութեան նախագահ` Ուտօ Պուլմանը եւ ուրիշ Եւրոպացի ընկերվարական առաջնորդեր:

Կարեւորագոյն քննարկման նիւթերն էին՝ Եւրոպայի մէջ ծայրայեղ աջակողմեան շարժումներու աճին դէմ պայքարը, փոփուլիզմին եւ կեղծ լուրերու տարածման երեւոյթին դիմակայելը, տնտեսական եւ ընկերային արդարութեան հիման վրայ կերտուած ապագայ Եւրոպական Միութեան տեսլականը, Պրէկզիթի բանակցութիւնները, կանանց եւ երիտասարդուհիներու բռնութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքարի ձեւերը, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան վտանգներն ու բնապահպանութեան մարտահրաւէրները:

Համագումարի տարբեր կլոր սեղաններու ընթացքին դատապարտուեցան թրքական իշխանութիւններու կողմէ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները, եւ պահանջուեցաւ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական բոլոր բանտարկեալներուն ազատ արձակումը:

Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Յ. Շիրինեանը զանազան պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներու հետ իր ունեցած զրոյցներուն ընթացքին, առիթը ունեցաւ արծարծելու Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հարցերը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման պահանջատիրական պայքարը:

Համագումարի աւարտին PES-ի նախագահ վերընտրուեցաւ Պուլկարացի Եւրոպատգամաւոր (եւ երկրի նախկին վարչապետ) Սերգէյ Ստանիշեւը, որ յայտարարեց որ կուսակցութեան նախագահութեան հիմնական առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ 2019-ի Եւրոպական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելը: Ընտրարշաւի պաշտօնական մեկնարկը կը տրուի Մատրիտի մէջ, Փետրուար 2019-ին:

1992-ին հիմնուած Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութիւնը (ԵԸԿ/PES) կը համախմբէ Եւրոպական 33 լիիրաւ անդամ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ։ Եւրոմիութեան անդամ կամ անդամութեան թեկնածու պետութիւններէ ունի 13 գործակից անդամ կուսակցութիւններ եւ այդ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներէ 12 դիտորդ կուսակցութիւններ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի դիտորդ անդամի կարգավիճակ։ PES-ի լիիրաւ անդամ կուսակցութիւններէ ութ ներկայացուցիչներ մաս կը կազմեն Եւրոպական Յանձնաժողովին (Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմին), ներառեալ՝ Յանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան և անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա ‎Մոկերինին: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, PES-ը միակ կուսակցութիւնն է, որ ունի Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր՝ 28 պետութիւններէն ընտրուած պատգամաւորներ, ընդհանուր՝ 190 պատգամաւոր, կազմելով Եւրոպական Խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը՝ Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու Յառաջդիմական Դաշինքը, որու հետ ՀՀ Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը 2016-ի Յուլիսին համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած է։

ՀՅԴ Երիտասարդականը լիիրաւ անդամ է PES-ի երիտասարդական կազմակերպութեան՝ Երիտասարդ Եվրոպական Ընկերվարականներուն (Young European Socialist, YES)։

ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.