Հրազդանի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Ազատամարտիկ Մհեր Յարութիւնեանին Նուիրուած Յուշատախտակին
Նոյեմբեր 18-ին առասպելական ազատամարտիկ, ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտի հրամանատար Մհեր Յարութիւնեան (ՃՈՒՏ) կը դառնար 50 տարեկան:
Վերջերս ազատամարտիկին 50-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ անոր յիշատակին նուիրուած յուշատախտակի բացում` Հրազդանի Կ/թ 69 շէնքի բակին մէջ, ուր ապրած է Մհեր Յարութիւնեան:
Հանդիսութեան խօսք արտասանեց «Կամաւորական շարժում» ՀԿ նախագահ Հրանդ Մարգարեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց. որ «Այսօր մեր Մհերի, մեր ընկերոջ ծնունդն է, մենք եկած ենք իրեն այցելութեան: Եկած ենք գլխիկոր, եկած ենք ամօթով: Ամօթով, որովհետեւ մեր տունը կիսատ է, Արցախը գերեվարուած է, մեր ժողովուրդը գաղթական դարձած է, մեր գործը կիսատ է: Մհերի հետապնդած նպատակը առգոյ չէ: Ամօթով ենք, բայց` ո՛չ կոտրուած, ո՛չ ընկճուած, ո՛չ յուսահատած»:
Հրանդ Մարգարեան հաստատեց. «Մենք կը գիտակցինք, որ պէտք է նորէն սկսիլ, նորէն ազատագրել, նորէն կռուիլ, եւ մեր մէջ վրէժն ու անոր հուրը բոցկլտան: Մենք մեր ատամները սեղմած կը պահենք եւ միակ յոյսը, որով կրնանք ապրիլ, ոտքի կանգնիլ, այն է, որ պայքարը շուտով պիտի սկսի, եւ մենք կրկին հայոց լեռներէն դէպի տափաստաններ քշենք թշնամին: Այդ յոյսն է, որ այսօր մեզի կարելի կը դարձնէ ոտքի վրայ մնալ:
Մհեր կռիւի մարդ էր, իր կեանքը կռիւ էր, աւելի ճիշդ` կռիւը իր կեանքն էր: Ան այն տեսակն էր, որ կը գիտակցէր, թէ հայրենիքի արժէքը իր կեանքէն թանկ է: Մհեր կ՛ըսէր այսօր շատերուն, թէ ինչո՞ւ կառչած էք թշնամիին ողորմածութեանը, ինչո՞ւ կը կառչիք օտարի գթասրտութեան, ինչո՞ւ մեր փրկութիւնը ուրիշ տեղ կը փնտռէք. յենեցէ՛ք մեր ժողովուրդին վրայ, կազմակերպեցէ՛ք մեր ժողովուրդը, պայքարի՛ դուրս եկէք, պատրաստուեցէ՛ք կռիւի, եւ միայն անոր մէջ է փրկութիւնը:
Մեզի երեք բան անհրաժեշտ է` միտք, կամք եւ ուժականութիւն:
Միտք, որպէսզի այս իրավիճակէն ելք գտնենք, ճանապարհ տեսնենք, խոհեմ ըլլանք: Կամք, որպէսզի չընկրկինք, յարատեւ պայքարի հաւատք ունենանք, այդ ճանապարհով քայլենք եւ կերտենք մեր ապագան ու մեր հայրենիքը»:
Հրանդ Մարգարեան խօսքը եզրափակեց` հաստատելով, որ` «Ուժականութիւն, ուժ, հարուածելու կարողականութիւն եթէ չունիս, ոչ ոք քեզ կը յարգէ: Մհեր մեր ուժը, մեր հարուածը, մեր բազուկի զարկն էր, Մհերները այդպիսին էին: Եւ իմ կոչն է բոլոր Մհերներուն Հայաստանով մէկ վերակազմակերպուեցէ՛ք, զինուեցէ՛ք, կռուի արուեստին տիրապետեցէ՛ք. այս իշխանութեան հետ կամ առանց այս իշխանութեան` մենք պայքար ունինք, պէտք է այս երկիրը փրկել, եւ այդ չ՛ըլլար աղաչելով, ուրիշին գթասրտութեան կառչելով, այլ կ՛իրականանայ, միայն պայքարով:
Ես վստահ եմ, որ օր մը կրկին պիտի վերադառնանք այնտեղ: Պիտի վերադառնանք մեր կուրծքը ուռած, մեր ճակատը բարձր, հպարտօրէն պիտի ըսենք` մենք կը կռուինք, կը պայքարինք, կը շարունակենք գործդ, Մհե՛ր, եւ այսօրուան պէս ընկճուած, ամօթով եւ գլխիկոր պիտի չըլլանք: Ես վստահ եմ, որ այդ օրը պիտի գայ, Մհերներու օրը պիտի գայ, այլ ճանապարհ չկայ, անխուսափելիօրէն պիտի գայ:
Յիշեցնենք, որ Մհեր Յարութիւնեան զոհուած է Արցախ, 6 հոկտեմբեր 2020-ին, ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» ՀԿ ջոկատի մարտական առաջադրանքը կատարելու ընթացքին: Բոլորը զինք կը ճանչնային «Ճուտ» մականունով, որովհետեւ 17 տարեկանէն եղած է առաջնագիծի վրայ` Շահումեան շրջանին մէջ:
Մհեր անցած է արցախեան ազատամարտի ամբողջ ուղին, եղած է Դաշնակցութեան Շուշիի առանձնակի գումարտակի մարտիկ: Յետոյ արդէն իր բազմաթիւ զինակից ընկերներուն հետ առաջին իսկ օրը գտնուած է ապրիլեան պատերազմի թէժ կէտերու վրայ: Դաշնակցական միւս կամաւորներուն հետ դիրքերէն չէ իջած անգամ քառօրեայ պատերազմի զինադադարէն ետք:
Սեպտեմբեր 27-ին ալ, պատերազմի լուրը առնելէ քիչ մը ետք, միւս կամաւորներուն հետ գտնուած էր հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի մօտ:
6 հոկտեմբեր 2020-ին Արցախի հիւսիսը գտնուող Վարանգաթաղ (Յակոբ Կամարի, Լիւլասազ) գիւղի բարձունքի պաշտպանութեան համար մղած մարտը վերջինը եղաւ Մհեր Յարութիւնեանին համար:
Comments are closed.