ՀՈՐԻԶՈՆԻ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ. Յիսուն տարի եւ աւելի (Ա.)
- (0)

Ա.
Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանը (ՍՅԱՎ) 2024-ին բոլորեց իր գոյութեան 50-ամեակը։ Արդէն իր 51-րդ տարեշրջանն ալ կը հասնի իր աւարտին։ Անկասկած հպարտանքի առիթ մըն է այս իրողութիւնը Մեծն Մոնթրէալի շրջանի հայութեան համար (ներառելով Լաւալն ալ) ։
Փետրուարի վերջաւորութեան, ցուրտ առաւօտ մըն է, բայց գիտեմ, որ ջերմութեամբ կը լեցուի հոգիս, երբ կը մտնեմ դպրոցի շէնքէն ներս։ Եկած եմ հարցազրոյց մը ունենալու Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան նախակրթարանի ու Բաստրմաճեան երկրորդականի մօտէն առնչուած չորս անձերու հետ՝ ընթերցողին աւելի յստակ գաղափար մը տալու համար մեր կրթական կեանքին, անոր արժէքին ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
Հորիզոնի կլոր սեղանին շուրջ, բայց տնօրէնուհիին գրասենեակին մէջ, զրոյցին կը մասնակցին ինքը՝ տնօրէնուհին՝ Լորի Ապրաքեանը, մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի ուսուցչուհի Սոնիա Բաբախեան-Գուզուճեանը (որ ՍՅԱՎ-ի շրջանաւարտ է), նախակրթարանի Գ. եւ Դ. կարգերու ուսուցչուհի Զեփիւռ Հաճեան-Ասատուրեանը եւ երկրորդականի ուսուցչուհի Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանը,, երեքն ալ հայերէնի դաշտին մէջ։
ՁԵՐ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Առաջին հարցումը որ կ’ուղղեմ իրենց, այդ փորձառութեան կը վերաբերի։
Սոնիա – Աշակերտները երբ կու գան Ծաղիկ դասարան, ոչ մէկ բան գիտեն, հայերէն տառերը չեն ճանչնար, բայց մինչեւ տարեվերջ կը տեսնեմ, թէ արդէն քանի տառ սորված են, կարդա՛լ սորված են, կը տեսնեմ որքան բարելաւուած է աշակերտը, յառաջացած է տարեշրջանի սկիզբէն մինչեւ վերջը. ասի մեծ ուրախութիւն է ինծի համար։
Զեփիւռ – Ամենէն մեծ հաճոյքս է, ընտանիքէս ետք, հայերէն լեզու դասաւանդելը: Ամենէն մեծ գոհունակութիւնն է, որ ես ստացած եմ եւ տակաւին կը ստանամ: Այս մէկը կախարդական բան մըն է, կեանքի այս դժուար օրերուն, երբ շէնքէն ներս կը մտնեմ «բարի լոյս տիկին Զեփիւռ»-ը զիս կ’անջատէ դուրսի աշխարհէն:
Մեր ամենէն մեծ պայքարը եւ մարտահրաւէրը ներկայ իրականութեան յարմարիլն է եւ այդ իրականութեան մէջ մեր առաքելութիւնն է հայերէնը սորվեցնել, հայերէնը ապրեցնել եւ հայը հայ մեծցնել։ Ինծի համար մեծ պատիւ է, մեծ հաճոյք է եւ հպարտութիւն է, գաղտնի՛ հպարտութիւն. յաղթանակս այդ է, երբ կը տեսնեմ աշակերտները հայերէնի պահը ուրախ կ’ապրին եւ հպարտութեամբ կ’արտայայտուին՝ իրենց կարելի եղած սահմաններուն մէջ, գործածելով հայերէն երբեմն նոյնիսկ անտեղի բառեր, որոնք նիւթին հետ կապ չունին…
Վ-Ա. – Բայց սորված են, պիտի ըսեն…
Զեփիւռ – Այո՛, այդ գոհունակութիւնը զիս կը մղէ որ ես յաջորդ օրը տարբեր միջոցներով, նոր գաղափարներով այս աշակերտներուն դիմաց ելլեմ:
Լորիկ – Թերեւս իմ ամենամեծ փորձառութիւնս, այս վերջին երեք տարիներուն, պիտի ըլլայ իմ բացայայտումս, բացայայտումս միջավայրին, մթնոլորտին եւ աշակերտներուն։ Երբոր երկար տարիներ Միջին Արեւելք կ’ապրիս եւ կու գաս ովկիանոսէն այս կողմ, քեզի համար ամեն ինչ նորութիւն է: Տեսնել ոգին եւ աշակերտներուն խանդավառութիւնը եւ ընդհանրապէս իրենց ունեցած մղումը, որ ոչ անպայման նիշերով է որ կրնանք բացատրել։ Մի՛ մոռնաք նաեւ, որ մենք անհաւասար պայքարի մը մէջ ենք, ոչ միայն մենք, որովհետեւ ամբողջ աշխարհին մէջ այլեւս երեխաներու հաղորդակցութեան լեզուն դժբախտաբար դարձած է անգլերէնը, բայց երբ իրենց կը փորձես բացատրել, ու կը հասկնան, թէ հայերէնն ալ կրնայ ըլլալ իրենց խաղի լեզուն եւ իրենց հաղորդակցութեան լեզուն, այդ մէկը իսկապէս քեզի ոչ միայն լաւատեսութիւն կու տայ, այլեւ խթան կը հանդիսանայ քեզի աւելի նոր մարտահրաւէրներ վերցնելու:
Վ-Ա. – Օրինակ մը կրնա՞ս տալ։
Լորիկ – Օրինակի համար նախանցեալ տարուան ընթացքին Թ. դասարանին հետ կրցանք այդ մթնոլորտը ստեղծել, եւ ես բնաւ չէի պատկերացներ, որ 19-րդ դարու Րաֆֆիի վէպերը կրնան մեզի խաղի նիւթ դառնալ եւ մրցակցութեան ոգի ստեղծել, եւ իրենք անով իսկապէս կարենան հպարտանալ. իմացայ, որ անոնք տուն գացած են եւ Կաղանդի ընթացքին, նաեւ իրենց ընտանեկան խրախճանքներուն ընթացքին, իրենց խաղերուն մէջ մեր դասերէն ալ հարցումներ դրած են, այդ մէկը իսկապէս շատ մեծ դրական փորձառութիւն է։
Ամենէն դրական փորձառութիւնս այս բացայայտումն էր, որ մեր աշակերտները գիտեն որ հայերէնը իրենց համար միայն դասի նիշ չէ, իրենց համար հայերէնը ամեն բանէ վեր է։ Թոյլ տուէք, որ հոս նաեւ ընդգծեմ, որ ՍՅԱՎ-ը իսկապէս ողնայարն է այս ամբողջ համայնքին։ Այս տարի աւարտական դասարանի աշակերտներ ունեցանք, որ օտար դպրոցներէ եկան, եւ որովհետեւ միութենական կեանքին մէջ իրենց ընկերները սուրբյակոբցի եղած են, ամեն գնով իրենց ծնողներուն դէմ ելան, թէ մենք ալ ՍՅ պիտի երթանք եւ հոսկէ պիտի աւարտենք մեր երկրորդական ուսումը։
Լորի – Կրնամ ըսել, որ իմ վրաս ալ մթնոլորտն է որ շատ դրական կ’ազդէ. երբոր կը տեսնես քու աշակերտներդ տարուէ-տարի որքան կը հասուննան եւ որքան կը հասկնան կարեւորութիւնը հայապահպանման, այլեւս իրենց համար միայն լեզուն չէ, միայն հայոց պատմութիւնը չէ. մեր պայքարը իրենց պայքարը դարձաւ, կը կարծեմ հոն է որ շատ կ’ուրախանամ։ Կ’անդարառնանք, թէ ամեն անգամ որ կարգ մը կը բարձրանան, աշակերտները կամաց-կամաց աւելի հայախօս կը դառնան. տարիք մը կու գայ, ուր բան մը կ’արթննայ մէջերնին եւ յանկարծ կը սկսին անոր ուշադրութիւն դարձնել, առանց որ դուն գաս եւ իրենց ըսես, որ հայերէնո՛վ արտայայտուէ. այո, կրնայ ըլլալ, որ մեր կատարեալ հայերէնը չէ, պատկերացուցածը չէ, բայց իրենք ինքզինքնին հայ կը զգան եւ մեզի համար հպարտութիւն է այդ։ Երբ կը տեսնենք, որ ձեռնարկներուն իրե՛նք են այլեւս բեմերու վրայ, մեր պատրաստած հունձքերը իրենք այլեւս կը ղեկավարեն մեզ,- անկէ աւելի մեծ գոհունակութիւն չկայ որպէս տնօրէն կամ անձնակազմ:
ՁԵՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երկրորդ հարցումս իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին է։
Սոնիա – Պզտիկները իրարու հետ անգլերէն կը խօսին վերջերս եւ տարուէ-տարի աւելի կը շատնայ այս երեւոյթը: Բայց աշակերտները գիտեն, որ դասարանէն ներս, տիկին Սոնիային պահուն, իրաւունք չունին անգլերէն խօսելու, եւ կ’ըսեմ, թէ սիրտս արագ զարնելու կը սկսի, երբ անգլերէն կը լսեմ, հետեւաբար գիտեն եւ իրարու կ’ըսեն թէ տիկին Սոնիային սիրտը զարնելու կը սկսի, եւ կը փոխեն հայերէնի: Ամեն տարի ունեցած եմ մէկ կամ երկու աշակերտ, որ բոլորովին հայերէն չէր խօսեր, այս տարի ալ ունիմ այդպէս աշակերտ մը, որ սկսած է արդէն բաւական հայերէն սորվիլ, բայց սկիզբը շատ դժուար էր, որովհետեւ չէր հասկնար եւ ես իրեն հետ ֆրանսերէն կամ անգլերէն չէի խօսեր, որպէսզի այդ սովորութիւնը չունենայ հետս օտար լեզուով խօսելու, եւ սկիզբը ինք շատ կը հակառակէր ինծի, որովհետեւ ինքը միշտ կ’ըսէր «չեմ հասկնար, չեմ հասկնար», ուրեմն իրեն կ’ըսէի, որ լաւ նայի ինծի, եւ ձեւերով ու շարժումներով կը խօսէի հետը, որպէսզի հասկնայ ինչ կ՚ըսեմ: Դժուարութիւն է այս, բայց վերջաւորութեան ալ ուրախութիւն է, որովհետեւ կը տեսնես, թէ ինչպէս պզտիկը կը սորվի նոյն ատեն:
Վ-Ա. – Յատկանշական է, որ անգլերէ՛նն է տարածուողը, ոչ թէ ֆրանսերէնը, որ վարժարանի դասաւանդման գլխաւոր լեզուն է…
Զեփիւռ – Անգլերէնը շատ սիրելի լեզու է, եւ ես երբեմն դասարանը յանկարծ դիտողութիւն կ’ընեմ անգլերէն. «անգլերէն խօսեցաք»- կ’ըսեն աշակերտները: Կ’ըսեմ այո, կ’ուզեմ գիտնալ, թէ հասկցա՞ք, ուրեմն քանի որ հասկցաք եւ ուշադրութիւն ըրիք, հիմա հայերէն պիտի խօսիմ: Անկեղծ ըսեմ, ատենին նախակրթարանի մէջ բացարձակ անգլերէն չէինք լսեր, բայց տարիներու ընթացքին ինչպէս գունաւոր մուխ մը դուռին տակէն յանկարծ կը սկսի լուռ տեղաւորուիլ սենեակիդ մէջ, այդպէս ալ անգլերէնը մուտք գործեց։ Բայց դպրոցը չէ յանցաւորը, պարզապէս որ մեր միջավայրը այս է, ուրեմն զարգացաւ այս մէկը, ուրեմն ես վերջաւորութեան չեմ յանձնուած, բայց եկած եմ ուրիշ միջոցի. միջոցս այն է՝ միայն հայերէն խօսիլ եւ հայերէնը օդին մէջ սփռել, ինչպէս անուշ բուրմունք կը սփռեն մեքենաներով, ես ալ որոշած եմ անցքին մէջ քալած պահուս ոեւէ աշակերտի հետ խօսիլ հայերէն՝ «բարի լոյս», «ուշադիր, կօշիկդ», «փեղկդ գոցէ», «աճապարէ», «ուշացանք» եւ այլն. իմ միջոցս այս է անընդհատ, եւ շատ աւելի խաղաղ ընթացք մըն է, որպէսզի մենք կարենանք հայերէնը սիրել տալ, որովհետեւ դիմադրողական ձեւով երբոր կ’ըսես «հայերէ՛ն խօսէ», «պիտի պատժուի՛ս», լաւ պատգամ մը չ’ըլլար այդ։
Վ-Ա. – Եւ ոչ արդիւնաւէտ, կ՚ենթադրեմ։
Զեփիւռ – Քիչ մը քարոզչութեամբ քիչ մը իրապաշտ մօտեցումով, քիչ մը կատակով, քիչ մը աւելի հայերէն գրել-կարդալ տալով պիտի աշխատինք։ Օրինակի համար՝ 15 վայրկեան ազատ լուռ ընթերցումի պահ ունինք հայերէնի ամեն դասի սկիզբը. որեւէ մէկ գիրք կ’առնեն եւ կը փնտռեն բառ մը, որ առաջին անգամ կը տեսնեն։
Ինծի համար դժուարութիւն մըն էր լեզուն, բայց անոր կողքին երկու ուրիշ բաներ ունիմ ըսելիք. առաջինը, այսօր ժողով ունէինք ֆրանսերէնի ուսուցիչներուն հետ եւ ծրագրումի մասին կը խօսէինք. պահ մը նախանձ արթնցաւ մէջս, որ աշակերտները ծրագրուած ձեւով նիւթ մը պիտի գտնեն եւ պիտի երթան աղբիւրը գտնեն, ուսումնասիրեն եւ այլն: Տակաւին մենք հայերէնով այդ կարելիութիւնը չունինք, թէեւ ունինք առցանց աղբիւրներ, բայց նոյնքան չէ որքան ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի պարագային, որ ըսես գացէք պրպտումը ըրէք ու էջ մը գրեցէք։
Լորի – Եթէ ըլլան ալ, աշակերտին մատչելի լեզուով չեն։
Զեփիւռ – Այո, եւ եթէ գացին եւ փորձեցին գտնել, արեւելահայերէնով պիտի ըլլայ, սիրով կ’ընդունիմ արեւելահայերէնը, բայց մենք պէտք է արդէն գուրգուրանք արեւմտահայերէնին վրայ, արեւելահայերէնի ուղղագրական կանոնները չենք ուզեր տեսնել եւ անոր վրայ աշխատիլ, այս ալ երկրորդ դժուարութիւնն է։
Բայց տակաւին կայ դասագիրքի հարցը. մեր ունեցած աղբիւրները, մեր հին գիրքերը շատ գեղեցիկ գիրքեր են, սակայն չեն յարմարիր մեր առօրեային։ Հիմա սկսած ենք մեր անձնական միջոցներով պատրաստել դէպի գիրք հասցնող ծրագիր մը, որ յաջորդ տարեշրջանին կարենանք աշակերտին ձեռքը տալ հայերէնի աշխատանքային ընթերցանութեան գիրք, տետրակ, որ ի՛րը պիտի ըլլայ:։
Վերապէս նկատի առնենք ժամանակի հարցը։ Միմիայն չորս ժամ ունինք շաբաթը հայերէն դասաւանդելու, բայց այդ չորս ժամ չէ իսկապէս, որովհետեւ մեր աշակերտները պիտի գան, հանուին-հագուին, լուացարան երթան, ուրեմն մեզի կը մնայ երեքուկէս ժամ դասաւանդելու լեզու, աւանդութիւն, հայրենասիրութիւն, գրականութիւն, քիչ մը արուեստ, երաժշտութիւն, պատմութիւն։ Ասով հանդերձ պէտք է մտածել, թէ ի՞նչ կարելի է ընել խաղով, թատերգութեամբ, այլ միջոցներով։ Բարեբախտաբար ունինք մեր ստեղծագործարանը (Créalab-ը), ուր պզտիկները նոր ձեւերով հայերէն կը սորվին՝ զարկ տալով իրենց ստեղծագործական ձիրքերուն։
Մեր դպրոցը քայլ կը պահէ ժամանակին հետ եւ կը դիմէ արդիական միջոցներու, եւ ատոր համար մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք տնօրէնութեան եւ բոլոր բարերարներուն, որոնք իրենց աչքը միշտ Սուրբ Յակոբին վրայ կը պահեն: Դժուարութիւնները շատ են, բայց ուսուցիչներն ալ ստեղծագործ ուսուցիչներ են, ամեն մէկը իր կարգին իր կարելին կ’ընէ:
(Շնորհակալութիւն Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեանին, որ կատարեց ձայնագրութեան արտագրումը, որմէ ալ կարելի եղաւ խմբագրել այս զրոյցը։)
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
(Շար.1 եւ վերջը յաջորդիւ)
Խմբանկարին մէջ, ձախէն աջ՝ Սոնիան, Զեփիւռը, Լորիկը, զրուցավարը եւ Լորին