ՀՈՐԻԶՈՆԻ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ. Յիսուն տարի եւ աւելի (Բ.)

Ինչպէս գրած էինք մեր նախորդ թիւով, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի (ՍՅԱՎ) 50-ամեակին առթիւ կայացաւ սոյն զրոյցը մասնակցութեամբ տնօրէնուհիին՝ Լորի Ապրաքեանի եւ հայերէնի դասաւանդներ՝ մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի ուսուցչուհի Սոնիա Բաբախեան-Գուզուճեանի, նախակրթարանի Գ. եւ Դ. կարգերու ուսուցչուհի Զեփիւռ Հաճեան-Ասատուրեանի եւ երկրորդականի ուսուցչուհի Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանի։

Լորիկ – Ես ամէնէն նորն եմ, բնականաբար երկրորդականի պարագային, պէտք է ըսել որ ինչպէս Զեփիւռը նշեց, գլխաւորաբար մենք նիւթերու հարց ունինք։ Օրինակի համար՝ 10-րդ դասարանի պարագային ունինք ծրագիր մը որ իրապաշտ սերունդով կը սկսի. կ՚անդրադառնանք ընկերային հարցերու. եկուր այս մասին գտիր քու սովորական դասաւանդելիք նիւթդ ամրագրող, անոր հետ յարակից ընթացող տեսանիւթ, լսատեսողական նիւթ։ Շատ կը պատահի, որ եթէ նոր գրող մըն է, որ կը ներկայացնեմ եւ եթէ արեւելահայերէնով տեսանիւթ մը գտայ, ձայնը կ՚անջատեմ եւ ե՛ս կը պատմեմ՝ համադրելով նկարը ձայնին հետ, բայց անշուշտ շատ աւելի իտէալական պիտի ըլլար եթէ մենք ունենայինք պատրաստ նիւթեր: Մի մոռնաք նաեւ, որ մենք ունինք ուրիշ գլխաւոր մեծ հարց մը ինչ կը վերաբերի Գանատայի եւ Քեպէգի ընկերութեան, որովհետեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն նիւթերու զուգահե՛ռ կը փորձենք դասաւանդել, երբ այդ նիւթերուն մէջ իրենք կ՚անդրադառնան ներկայ 21-րդ դարու ընկերութեան հարցերուն, մենք դիմացը նոյնը չունինք հայերէնով:

Նոյնպէս, օրինակ, երբ պիտի անդրադառնանք երիտասարդութեան հարցերուն, ստիպուած ենք աշակերտներուն տրամադրել որոշ բառամթերք մը կամ ստեղծել նոյնիսկ: Անցնող օրուան ընթացքին ամբողջ նահանգին մէջ բռնածաղրի դէմ օր էր, եկէք հիմա այդ մասին նիւթ գտէք հայերէնով։ Նոյնը՝ ամբողջ արհեստագիտութեան պարագային. պատանեկան տարիքի աշակերտները տեւաբար կապուած են ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն, ես չեմ կրնար իրենց տալ 10 էջնոց բան մը եւ ըսել՝ գացէ՛ք կարդացէ՛ք. անպայման պէտք է հետը տեսանիւթը ըլլայ։ գլխաւոր դժուարութիւնը մեզի այդ է։

Վ-Ա. – Իսկ կը քաջալերէ՞ք որ հայերէն գրեն գործիքներուն վրայ, որովհետեւ այդ ալ հարց է, նոյնիսկ հայերէն գիտցող շատ մարդիկ միայն լատինատառ կը գրեն, կ՚աշխատի՞ք այդ ուղղութեամբ:

Լորիկ – Ուրեմն կան աշակերտներ, որոնք կը նախընտրեն շարադրութիւնը document-ով տալ, ես շատ յաճախ կ՚ուզեմ ձեռագիր կարդալ, ձեռագիր տեսնել, բայց կան նաեւ աշխատանքներ, որ կ՚ուզենք, որ իրե՛նք մեքենագրեն, այսինքն՝ վարժուին հայերէն շարագրելու։

Լորի – Կ՚երկրորդեմ ըսուածները: Կը կարծեմ նաեւ, թէ հարցերէն մէկն ալ այն է, որ պզտիկներուն պէտքերը կը տարբերին ժամանակին ընթացքին, եւ մենք որպէս ազգային վարժարան միշտ պարտաւորութիւնը կը զգանք, որ փորձենք ընկերակցիլ նաեւ այդ դժուարութիւն ունեցող աշակերտներուն, ընտանիքներուն, բայց շատ մը դպրոցներու մէջ կա՛ն յատուկ մասնագէտներ, մեր քով այդ մասնագիտութիւնը չկայ։

Վ-Ա. – Դուք բոլո՛րդ մասնագէտ էք…

Լորի – Տարիներու ընթացքին մենք բաւական աշխատեցանք ծրագրի մը վրայ, որ քայլ պահէ տեղական պետական կրթական ծրագրին հետ, այսինքն՝ որ մեր դպրոցի ծրագիրը չըլլայ պարզապէս գիրքի մը բովանդակութիւնը, այլ հիմնուի իսկական կարողականութիւններու վրայ, եւ երբոր աշակերտը ֆրանսերէնի մէջ որոշ թեմա մը կ՚առնէ, կամ քերականական որոշ օրէնք մը կյ սորվի, կարելի եղածին չափ անշուշտ հայերէնի մէջ նոյնը ըլլայ, որովհետեւ պզտիկներուն համար այդ աւելի դիւրին է. երբոր ֆրանսերէնով կը սորվին մակբայ մը շատ աւելի արագ կրնան այդ կապերը ստեղծել հայերէնով եւ անգլերէնով: Ուրեմն շատ կը փորձենք այդ տարբերութիւնը չզգացնել մեր աշակերտներուն, որպէսզի չկարծեն, թէ հայերէնը երկրորդական լեզու է իրենց համար, մինչդեռ տեղ-տեղ ակնյայտ է այդ, որովհետեւ չկան կամ տակաւին չունինք անհրաժեշտ նիւթերը հայերէնով։ Թեմաներ կան որ համաշխարհային կը համարուին, բոլորին սրտին կը խօսին, օրինակ՝ Րաֆֆիի բոլոր գիրքերը որ մեր աշակերտները կը կարդան, շա՛տ կը սիրեն եւ կ՚ապրին այդ գիրքերուն հետ: Բայց եւ այնպէս երբոր կ՚անցնինք սիրային պատմութեան մը, չենք գտներ համապատասխան նիւթերը։ Տիկին Զեփիւռը չըսաւ, շատ գեղեցիկ աշխատանք մը ըրած է աշակերտներուն հետ, որ ձայնագրուեցաւ ալ. շարադրել բանջարեղէնի ըմբոստութիւնը։ Գիրքը կարդացին, յետոյ ստիպուեցան գրել բանջարեղէնի վրայ հանելուկներ, կատարեցին արձանագրութիւններ, եւ երբ կը լսես զանոնք, կ՚անդրադառնաս, որ իրենց հաճոյքը ակնյայտ է։ Ջանք կ՚ընենք անպայման հո՛ն հասնելու, բայց ճամբան երկար է եւ արդէն ուշ ենք:

ՁԵՐ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երրորդ հարցումովս կ՚ուզեմ լսել իրենց թելադրութիւնները՝ աշխատանքը բարելաւելու ի խնդիր

Սոնիա – Ծաղիկ դասարանին մէջ շատ կ՚երգենք, որովհետեւ Անահիտ Սարգիսեանի գիրքերու շարքը կը գործածենք, բայց տօնական առիթներուն, օրինակ՝ Վարդանանցի մասին, երբ կ՚ուզեմ բան մը սորվեցնել, չունիմ մանկական արտասանութիւն մը, միայն «Հայրի՛կ, ըսէ ո՛վ է Վարդան»-ը կայ, եւ շատ ձանձրացուցիչ կը դառնայ ամեն տարի նոյն արտասանութիւնը սորվեցնել ու լսել։
Գիտէք, երբ հայկական տօներ ըլլան, մամաները շատ կը սիրեն որ պստիկները արտասանեն…

Զեփիւռ – Գիտեմ թէ ինչ որ խօսուեցաւ, Լորիկը ըսաւ, կան նախ աշակերտներուն մակարդակի տարբերութիւնները. անցեալին գիտէինք, թէ աշխատասէր, միջակ եւ ծոյլ էին, կամ տկար, հիմա 6 մակարդակի կրնամ բաժնել դասարանը, նոյնիսկ 8 կամ 14… Մենք օգնութեան պէտք ունինք դասարանին մէջ, որպէսզի իբրեւ ուսուցչի՝ հանգիստ խիղճս, եւ ես 25 աշակերտներէս իւրաքանչիւրին իր արդար իրաւունքը տամ։ Երբ դասարանին մէջ կը տեսնեմ գերազանց աշակերտս նստած կը սպասէ, որովհետեւ ես յաւելեալ ժամանակ պէտք է տամ կարգապահական կամ ֆիզիքական կարիքով աշակերտի մը, կամ անդին հայերէն չգիտցող աշակերտ մը ունիմ… Լուծումները կան, բայց արմատական օգնութիւնը շատ աւելի կարեւոր է։
Ես առաջարկ մը ունիմ, որ դասարան մը բացուի ամեն մէկ մակարդակի համաձայն, եւ ուսուցիչ մը զբաղի յատուկ պարագաներ ներկայացնող աշակերտներով։ Ես բացարձակապէս չեմ ուզեր հայ աշակերտ մը դպրոցէն դուրս մնայ, բայց եթէ ես որպէս կազմակերպուած դպրոց չեմ կրնար օգտակար դառնալ այդ աշակերտին, ես արդար չեմ այդտեղ եւ այդ աշակերտը յանցանք չունի եթէ ինքը այդպէս է։

Լորիկ – Իմ պարագայիս թելադրանքէ աւելի մաղթանք է, որովհետեւ գիտեմ ինչ են պայմանները եւ գիտեմ երկրորդականի մէջ որքան ծանրաբեռնուած են իրենց դասանիւթերով եւ պետական քննութիւններով, բայց շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ մեր աշակերտները իրենց սորվածը կարենային արտայայտել. օրինակի համար՝ երբ թատերախաղ կը կարդանք կարենանք այդ թատերախաղը իսկապէս բեմականացնել։ Այնքան կը սիրեն Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը որքան դժուար է» թատերախաղը, որ ուղղակի կ՚ուզեն բեմականացնել, նոյնիսկ իրենք իրենց մէջ, սակայն այդ մենք միայն ընթերցումի ճամբով կ՚ընենք, բայց երեւակայեցէք ինչ ուրախութեամբ պիտի ներկայացնէին զայն՝ քանի մը կարողականութիւն միասին դնելով բեմին վրայ։

Զեփիւռ – Հոս կ՚ուզեմ պզտիկ բան մը աւելցնել. մեր երիտասարդները սորվին հայերէնով սիրե՛լ, աղջիկ տղայ սէ՛ր արտայայտել. չեն գիտեր, որ մենք ինչ գեղեցիկ երգեր ունինք, որ եթէ այդ երգը երգես, կրնաս ըսել այդ աղջկան «դուն որքան գեղեցիկ ես»։

Լորիկ – Մենք սիրային նամակ գրելու աշխատանք մը ըրինք ճիշդ այդ շաբաթը որ Սուրբ Սարգիս եւ Վալընթայնը էր, սիրային նամակ գրել եւ այս աշակերտները ելան ամեն մէկը իր ծնողքին գրեց այդ սիրային նամակը։ Ըսի այս փախուստի ձեւ է, 15-16 տարեկան տղա՛ք էք, պէտք է գիտնաք ձեր զգացումները արտայայտել. աւելցուցի, որ լաւ, հայրենիքիդ ալ կրնաս գրել, հայրենասիրութիւնն ալ սէր է, երեսիս նայեցան։ Բայց քանի մը հոգի մարտահրաւէրը ճիշտ ձեւով ընդունած եւ շատ աղուոր գրած էին եւ տակն ալ նշած, թէ տիկի՛ն, չկարծես որ իրական է, ասի երեւակայական է…

Կրնա՞մ բան մըն ալ աւելցնել. Գիտեմ, որ թէ՛ միութիւնները, թէ՛ դպրոցը զիրար կը յարգեն, իրարու տեղ կու տան, մենք նոյնիսկ ուշադրութիւն կ՚ընենք, որ երբ աշակերտները բանակումի պիտի երթան, յաջորդ օրը գրաւոր չենք պահանջեր, այսինքն այդ սերտ գործակցութիւնը կայ, բայց նաեւ հայերէնախօսութեան այդ ամբողջ աշխատանքը, որ մենք դպրոցէն ներս կը փորձենք ընել, պէտք է ընեն նաեւ այդ միութիւնները, որոնք ունին դպրոցական տարիքի անդամներ, պէտք է իրենք նախանձախնդիր ըլլան, որ իրենց պատասխանատուները մայրենի լեզուով արտայայտուին։ Նոյնն է պարագան նաեւ ծնողներուն, որոնք, օրինակ, երբեմն կը կարծեն, թէ իրենց զաւակը եթէ ՀՄԸՄ ղրկեցին կամ Սուրբ Յակոբ, վերջացաւ իրենք ընելիք չունին։ Երբ երեխաները դպրոց կը ձգեն եւ իրենց բարի օր կը մաղթեն, այդ հայերէնո՛վ ընեն, մանաւանդ երբոր գիտես, թէ հայր ու մայր հայ են, հայախօ՛ս են։ Դպրոցը որքան ալ փորձէ հրաշք մը ընել, զաւակը վերջ ի վերջոյ տուն պիտի վերադառնայ։ Բոլորէն պէտք է խնդրենք հայերէն խօսելու այդ ճիգը ընել, որպէսզի գործը դիւրին ըլլայ բոլորիս համար:

Լորի – Կարծեմ շատ բաներ ըսուեցան, խօսեցանք արդիական նոր գործիքներ, վիտէոներ, որ պզտիկներուն հայերէնը աւելի դիւրին եւ շօշափելի դարձնեն դասարանէն դուրս։ Կը կարծեմ, թէ պատճառը, որ անգլերէնին կը դիմեն այն է, որ իրենց լեզուական աշխարհը անգլերէն դարձած է Youtube-ը, Tik tok-ը անգլերէն են, ուրեմն պէտք է փորձենք հոն թափանցել, – ինչպէ՞ս, չեմ գիտեր, – բայց հոն է, որ շատ աշխատանք պէտք է տարուի, որպէսզի «Happy birthday» երգելու տեղ երգեն «Շատ տարիներ քեզի» կամ «Բարի տարեդարձ»։

Միւսը անշուշտ նիւթականի պակասն է. գաղափարները կան եւ մեր անձնակազմը խենթանալիք է, չունեցածովն իսկ ինչե՜ր կ՚ընէ, բայց եթէ քիչ մը աւելի նիւթական միջոցներ ունենայինք, վստահ եմ, շատ աւելի բան պիտի կարենայինք ընել։

Վ-Ա. – Մեծապէս շնորհակալ եմ բոլորիդ։ Կը յուսամ ձեր ձայնը կը լսուի, եւ ինչպէս միշտ, այս առթիւ ա՛լ աւելիով մեր համայնքի անդամները լայն կը բանան իրենց քսակները…

(Կրկին շնորհակալութիւն Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեանին, որ կատարեց ձայնագրութեան արտագրումը, որմէ ալ կարելի եղաւ խմբագրել այս զրոյցը։)

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
(Շար.2 եւ վերջ)

Խմբանկարին մէջ, ձախէն աջ՝ Սոնիան, Զեփիւռը, Լորիկը, զրուցավարը եւ Լորին

«Հորիզոն», 2025-06-02, -09 (2396-2397)

Յօդուածին Ա. մասը կարդալ այս յղումով։