ՀՅԴ-ն Ներկայացուց Ընկերային-Տնտեսական Քաղաքականութեան Հիմնադրոյթներու Սեփական Նախագիծը

Օգոստոս 10-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակին կողմէ մշակուած` «ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներ»-ու նախագիծի շնորհահանդէսը:

Նախագիծը կը բովանդակէ Հայաստանի ընկերային-տնտեսական զարգացման վերաբերող ՀՅԴ հիմնարար մօտեցումները, սկզբունքներն ու հաւաքական լուծումները:

ՀՅԴ Բիւրոյին անունով բացման խօսքով հանդէս եկած գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան նշեց, որ սոյն փաստաթուղթը, որուն մշակումը սկսած է ձմրան, ներկայիս նախագիծի վիճակին մէջ է, եւ ներկուսակցական ու աւելի լայն ձեւաչափով քննարկումներու ընթացքին պիտի բիւրեղանայ ու պիտի դառնայ այն ուղեցոյցը, որուն հիման վրայ պիտի մշակուին հետագայ` աւելի գործնական նշանակութիւն եւ ուղղուածութիւն ունեցող տնտեսական փաստաթուղթերը, որոնցմով կուսակցութիւնը պիտի առաջնորդուի տնտեսական քաղաքականութիւնը իրականացնելու ընթացքին: «Մինչեւ հիմա գործող բոլոր իշխանութիւնները ազատական քաղաքականութեան կրողներ եղած են, եւ դրօշակ դարձած է «պետութիւնը վատ տնտեսվարող է, պետութիւնը պէտք է հեռու մնայ» խօսքը: Մենք այդ մօտեցումին դէմ ենք: Երբ ունինք շուկայի ձախողութիւն, այդ պարագային պետութիւնը պէտք է ինք տնտեսական գործունէութիւն իրականացնէ», նշեց  նախարար Արթուր Խաչատրեան:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանի համաձայն, այս նախագիծը չէր կրնար հակասել Դաշնակցութեան նախորդ ծրագիրներուն: «ՀՅԴ սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները» նախագիծին նպատակը այս հարցին մէջ Դաշնակցութեան տեսլականը ներկայացնելն է:

«Օրէնսդրական այն փոփոխութիւնները, որոնք յառաջիկային կը սպասուին, վկայութիւնն են անոր, որ մեր կողմէ յառաջ քաշուած մօտեցումները ճիշդ են: Անոնք կը վերաբերին գիներու գոյացման արդար համակարգէն մինչեւ եկամուտներու վերաբաշխման քաղաքականութեան», ըսաւ Ա. Մինասեան:

Նախարարներուն համաձայն, իրենք որոշ հարցերու շուրջ համախոհ են կառավարութեան միւս անդամներուն հետ, բայց իրենց գաղափարները լիովին իրականութիւն դարձնելու համար գործադիր իշխանութեան մէջ լիարժէք մեծամասնութիւն ունենալը անհրաժեշտ է:

Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի ծրագիրներու համակարգող Թադեւոս Աւետիսեան, որ մանրամասնօրէն ներկայացուց նախագիծը: Անոր համաձայն, փաստաթուղթը կը ներկայացուի հանրային քննարկման` իբրեւ նախագիծ, հետագային նախընտրական փլաթֆորմներու մէջ օգտագործուելու համար:

«Անիկա քննարկման կը ներկայացուի, որովհետեւ շատ կարեւոր կը նկատենք հանրային եւ մասնագիտական շրջանակներու կարծիքը: Նպատակ ունինք այդ քննարկումներուն լոյսին տակ վերատեսութեան ենթարկել, բարելաւել հիմնադրոյթները, եւ կը նախատեսուի, որ այդ հիմնադրոյթները կուսակցութեան համար նախընտրական փլաթֆորմներու եւ տարբեր ընկերային-տնտեսական ծրագիրներու մշակման հիմք կը հանդիսանան», յայտնեց Թադեւոս Աւետիսեան:

Նախագիծին մէջ ներկայացուած են Հայաստանի ընկերային-տնտեսական զարգացման ՀՅԴ-ի հիմնարար մօտեցումները, սկզբունքներն ու հաւաքական լուծումները: Հիմնական սկզբունքներն են` տնտեսական աճը, ընկերային արդարութիւնը, կայուն զարգացումը: Փաստաթուղթի առաջին հիմնադրոյթին մէջ գրուած է, որ պետութիւնը պէտք է լիարժէքօրէն ստանձնէ իր քաղաքացիներուն ընկերային-տնտեսական բարեկեցութեան եւ կեանքի որակի առաջանցիկ աճի ապահովման առանցքային դերը:

«ՀՅԴ-ի հիմնարար մօտեցումները, սկզբունքները հիմնականին մէջ կը վերաբերին ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն եւ մեխը նաեւ պետական կարգաւորումն է: Այսինքն` պետութեան դերը տնտեսութեան կարգաւորման մէջ, որպէսզի կարգաւորուի նաեւ ընկերային, ներառական տնտեսական զարգացումը», նշեց Թադեւոս Աւետիսեան:

Նշենք, որ նախագիծը երէկուընէ դրուեցաւ հանրային բաց քննարկման` հրապարակայնացնելու, առաջարկներ ստանալու եւ շահագրգիռ քննարկումներու լոյսին տակ յառաջ քշուած հիմնադրոյթները բարելաւելու նպատակադրումով: Շուրջ երկու ամսուան հանրային քննարկումներէ ետք անիկա  վերջնականապէս պիտի վաւերացուի եւ ստանայ իր աւարտուն տեսքը:

Ամբողջականացած նախագիծին վերջնական տարբերակը եւս պիտի հրապարակուի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ` հիմք կրնայ հանդիսանալ ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրին համար: Յառաջիկային նախագիծը կու տանք իր ամբողջութեամբ, ինչպէս նաեւ կը հրապարակենք շնորհահանդէսին ընթացքին արտասանուած խօսքերը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.