ՀՅԴ-ն Կը Շնորհաւորէ «Արմէնփրես» Լրատու Գործակալութիւնը. «Ազնիւ Ծառայութիւն` Մեր Երկրին Եւ Ժողովուրդին»

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը շնորհաւորական ուղերձ յղած է «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ ուղերձին մէջ նշուած է.

«Արմէնփրես»-ի կենսագրութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Ա. Հանրապետութեան շրջանէն: Այսօրուան յոբելեանը մեր երկրին անխոնջ եւ անդադար ծառայութեան հարիւրամեայ ուղին կը նշանաւորէ: Մէկդարեայ գործունէութեամբ, տեղեկատուական այս գործակալութիւնը ո՛չ միայն հայաստանեան կեանքի ամէնօրեայ լուսաբանողը եղած է, այլեւ կատարած է պետական կեանքին բնորոշ կարեւոր գործառոյթ:

Ուրախ ենք, որ նոր ժամանակներու թոհուբոհին մէջ «Արմէնփրես»-ը չկորսնցուց իր ուղին ու առաքելութեան գիտակցութիւնը եւ կը մնայ մարզի գնահատուած օղակներէն մէկը:

Վաստակի ամէնէն պատկառելի բեռը ունեցող գործակալութեան եւ իր հաւատաւոր աշխատակիցներուն կը մաղթենք նոր տասնամեակներու յաղթահարում եւ ազնիւ ծառայութիւն մեր երկրին ու ժողովուրդին»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.