ՀՅԴ-ն Կառավարութենէն Ետ Կը Կանչէ Իր Նախարարները
2475
0
Հաշուի առնելով ներկայ լարուած եւ ջրբաժաններ գծելու մթնոլորտը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ներկայացուցիչները ետ կը կանչէ ՀՀ կառավարութենէն։ Այս մասին, ըստ yerkirmedia.am-ի, յայտնած է ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան, աւելցնելով, որ աւելի ուշ Գերագոյն մարմինը հանդէս պիտի գայ հանգամանալից պարզաբանումներով ու յայտարարութեամբ։