ՀՅԴ-ն Անգարայի Մէջ Մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) Համագումարին

Համագումարին, կուսակցութեան նորընտիր համանախագահ Սեզայ Թիմելլի եւ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ Խաժակ Մկրտիչեան

Կիրակի, 11 Փետրուարին, Անգարայի մէջ գումարուեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) երրորդ համագումարը: Ժողովը կը գումարուէր HDP-ի համար ծանր պայմաններու մէջ: Մէկ տարիէն աւելի է, որ ձերբակալուած են կուսակցութեան հազարաւոր գործիչներ, ներառեալ՝ կուսակցութեան երկու համանախագահները, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ աւելի քան տասնեակ մը պատգամաւորներ եւ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած բազմաթիւ գիւղապետներ: Ժողովի նախօրէին եւս Թուրքիոյ իշխանութիւնները նոր ձերբակալութիւններ կատարեցին եւ խոչընդոտեցին կարգ մը շրջաններէ պատգամաւորներու մասնակցութիւնը համագումարին:

HDP-ի դէմ հակաքիւրտ այս համատարած հալածանքը տեղի կ՛ունենայ 15 Յուլիս 2016ի ձախողած յեղաշրջումի փորձէն ետք երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութեան կարելիութիւններէն օգտուելով՝ «ահաբեկչութեան» հակազդելու պատրուակով, իսկ վերջին շրջանին նաեւ՝ թրքական բանակին Սուրիա ներխուժելու մթնոլորտին մէջ, ուր HDP-ն խորհրդարանին մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ դէմ հանդէս կու գայ այդ ներխուժումին: Այսուհանդերձ, համագումարը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ երեսուներկու հազար կուսակցականներու (մեծ մասը՝ մարզասրահէն դուրս) եւ «Ինչ ալ ըլլայ՝ պիտի յաղթենք» կարգախօսով:

Համագումարի դիւանին մաս կը կազմէր HDP-ի կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան: Համագումարին հրաւիրուած եւ ներկայ էին արտասահմանէն շարք մը կուսակցութիւններ, որոնց շարքին՝ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութիւնը (PES), Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Նորվեկիայէն, Իրաքէն, Գերմանիայէն, Իրլանտայէն, Պասքերու եւ այլ երկիրներէ զանազան կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նոյնպէս, մէկ ներկայացուցիչով, մասնակցեցաւ համագումարին: ՀՅԴն կը ներկայացնէր կուսակցութեան Միջազգային քարտուղարութեան անդամ Խաժակ Մկրտիչեան:

ՀՅԴի մասնակցութիւնը HDP-ի համագումարին զօրակցութեան արտայայտութիւն էր՝ ազատութեան եւ արդարութեան համար HDP-ի մղած պայքարին: HDP-ի պատասխանատուները բարձրօրէն գնահատեցին արտասահմանէն բոլոր կուսակցութիւններու, ներառեալ՝ ՀՅԴի մասնակցութիւնը համագումարին. բոլոր մասնակից կուսակցութիւնները ներկայացուեցան համագումարին:

Համագումարին ընթացքին խանդավառ մթնոլորտ կը ստեղծէր հայրենասիրական երաժշտութիւնը, որուն տակ մասնակիցներէն ոմանք երբեմն շուրջպար կը բռնէին: Հնչեցին նաեւ հայերէն հայրենասիրական երգեր:

Համագումարի կարեւորագոյն պահերէն մէկն էր ձերբակալուած համանախագահներ՝ Սելահետտին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկեն Եուքսքտաղի պատգամներու ընթերցումը: Տեղի ունեցաւ նոր համանախագահներու (մէկ կին, մէկ տղամարդ) ընտրութիւնը. ընտրուեցան Փերւին Պուլտանը (Pervin Buldan) եւ Սեզայ Թիմելլին (Sezai Temelli):

Համագումարին ՀՅԴ ներկայացուցիչ Խաժակ Մկրտիչեանը հանդիպումներ ունեցաւ HDP-ի պատասխանատուներու եւ արտերկրէն մասնակից կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Սեզայ Թիմելլիի ընտրութենէն ետք, Խ. Մկրտիչեան շնորհաւորեց զայն:

ՀՅԴն եւ HDP-ն անդամ են Ընկերվար միջազգայնականին (ԸՄ). վերջին տարիներուն, երկու կուսակցութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ հանդիպումներ ունեցան թէ՛ ԸՄ-ի շրջանակներէն ներս, թէ՛ առանձնաբար՝ Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ մէջ:

ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.