ՀՅԴ ներկայացուցիչը Իսթանպուլի մէջ մասնակցած է Ընկերվար Միջազգայնականի ժողովներուն

Ընկերվար միջազգայնականի (Այսուհետեւ՝ ԸՄ) ՀՅԴ ներկայացուցիչ եւ ԸՄ փոխնախագահ Մարիո Նալպանտեան 23-25 Մայիսի 2025-ին Իսթանպուլի մէջ մասնակցած է ԸՄ-ի նախագահութեան, տնտեսական եւ կազմակերպական յանձնաժողովներուն, ինչպէս նաեւ խորհուրդի ժողովներուն, ուր քննարկուած են աւելի քան հարիւր երկիրներէ 132 կուսակցութիւն ընդգրկող կազմակերպութեան վերաբերող հարցեր։

ԸՄ-ի՝ Իսթանպուլի մէջ գումարուած ժողովներուն հիւրընկալը Թուրքիոյ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնն էր (CHP)։ ԸՄ-ի նախագահութեան եւ խորհուրդի նիստերը կը նախագահէր կազմակերպութեան նախագահ, Սպանիոյ վարչապետ Փետրո Սանչես։

Մարիո Նալպանտեան մասնակցեցաւ կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովներուն՝ Քոնկրէսներու միջեւ ժամանակահատուածին գործող Խորհուրդի 24 Մայիսի նիստի օրակարգի երկրորդ՝ «Բռնութեան եւ բախումներու յաղթահարումը, քաղաքացիական անձերու պաշտպանութիւնը» նիւթի քննարկումին։

Մ. Նալպանտեանի ելոյթի հիմնական մասը կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Մեծարգոյ նախագահութիւն, սիրելի՛ գործընկերներ, այս ժողովի ընթացքին ամենաշատ հնչած բառերը, հաւանաբար, եղած են «խաղաղութիւն», «ժողովրդավարութիւն», «իրաւունք», «մարդու իրաւունքներ», որոնք այլ բառերու կողքին կ’ամփոփեն համայն մարդկութեան ապրումները այս օրերուն։

Ապրումներ ու համատարած վախեր՝ երբ կը տեսնենք, որ աշխարհի հզօրները այսօր կը փորձեն օրէնքի փոխարէն հաստատել ուժի գերակայութիւն։ Այս ժամանակաշրջանը ես կը կոչեմ յետ-օրինականութեան շրջան, երբ երկրի ներսը օրէնքները կ’անտեսուին օրուան իշխանութեան համար, իսկ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ուժը կ’անտեսէ միջազգային օրէնքը, միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, միջազգային կառավարման համակարգի բազմակողմանի կառուցուածքը՝ ձգտելով վերադառնալ կայսրութիւններու եւ վասալ պետութիւններու նոր դարաշրջան։

2023-ի վերջին ամիսներուն, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին՝ ցեղասպանութեան կանխարգիլման յատուկ խորհրդական Ալիս Ուայրիմու Նտերիթուն, անդրադառնալով 1948 թ․ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին համաձայնութեան, ահազանգեց, որ համաձայնութեան ստորագրումէն 75 տարի անց՝ այսօր ցեղասպանութեան սպառնալիքի տակ են Միանմայի ռոհինգիաները, Եթովպիոյ թիգրայացիները, Սուտանի մասալիթները, Իսրայէլի կողմէն բռնագրաւուած Կազայի պաղեստինցիները, հայերը Արցախի մէջ, որոնց նկատմամբ միջազգային հանրութիւնը պատշաճ արձագանք չէ ցուցաբերած։

Արցախի դէպքը շարունակուող յանցագործութիւն է։ Հայերը դուրս մղուեցան հազարամեայ իրենց հողերէն Ատրպէյճանի կողմէն, որ կ’անտեսէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը՝ երաշխաւորելու բնիկ ժողովուրդին իրաւունքները եւ անոնց արժանապատիւ, անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձը։ Ավելին՝ խախտելով միջազգային իրաւունքը, Ատրպէյճանը կը շարունակէ գերութեան մէջ պահել հայ գերիները եւ կեղծ մեղադրանքներով կը դատէ անոնց՝ Արցախի ղեկավարներուն, որոնց շարքին է մեր, ձեր ընկեր Դաւիթ Իշխանեանը, որուն ծանօթացաք եւ լսեցիք այս կազմակերպութեան 2022 թ․ Քոնկրէսի ընթացքին։ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կ’ոչնչացնէ հայ ժողովրդի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը եւ յուշակոթողները։

Այս ժողովին տարբեր ելոյթներու ընթացքին հնչեցին Նաթանեահուի, Լուքաշենքոյի եւ Ալիեւի անունները։ Եւ ատիկա պատահական չէ, որովհետև անոնք կ’ամբողջացնեն իրարու՝ իրենց կործանարար գործողութիւններով ներկայացնելով մեր ժամանակներու մռայլ կողմը։

Խաղաղութեան մասին խօսքեր եւ մաղթանքներ հնչեցին այս ժողովին տարբեր ելոյթներով։ Նոյնիսկ եղաւ ակնարկ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մասին։ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը գտնուին խաղաղութեան գործընթացի մէջ՝ գործընթաց մը, որուն վերաբերեալ ունինք անհամաձայնութիւններ եւ հարցականներ, սակայն խաղաղութեան գաղափարին լրջօրէն կը հաւատանք։ Թուրքիա կը հետեւի այդ գործընթացին եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ այդ պայմանագիրի ստորագրումով՝ յաւելեալ ճնշում բանեցնելով Հայաստանի վրայ։ Սակայն տեղին է յիշեցնել, որ Հայաստան՝ վերանկախացումէն ի վեր, 1991 թուականէն սկսեալ, մշտապէս ձգտած է առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու Թուրքիոյ հետ, սակայն Թուրքիա մերժած է։ Եթէ Թուրքիա իսկապէս կը ցանկայ նպաստել տարածաշրջանի մէջ արդար, տեւական եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման, պէտք է վերանայի իր պատմութեան եւ ընդունի իր պատասխանատուութիւնը 1915-1923 թթ․ Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման մէջ։

Պարտադրուած խաղաղութիւնը ո՛չ արդար է, ոչ ալ՝ կայուն եւ տեւական»։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ

26 Մայիս 2025