ՀՅԴ Լոռիի կառոյցը համալրուեցաւ նորագիրներով
Սեպտեմբեր 14-ին Լոռիի մարզի Այգեհատ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Լոռիի ՀՅԴ կառոյցի 10 նորագիրներու երդման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ նախագահ Աշոտ Սիմոնեան, ԳՄ անդամներ Գեղամ Մանուկեան, Խաչիկ Ստեփանեան եւ ՀՅԴ անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմենուհի Կիւրեղեան:
Արարողութեան անդրադարձած է Գեղամ Մնաուկեան. «Այսօր Լոռիի Այգեհատ գիւղին մէջ երջանկութիւնը ունեցայ մասնակցելու Լոռիի ՀՅԴ կառոյցի 10 նորագիրներու երդման արարողութեան: Անոնց համար խիստ պարտաւորեցնող է յատկապէս այս վայրին մէջ՝ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն, Դաշնակցութեան բարոյական տիպար, մեր ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի մեծ գաղափարախօսներէն Սիմոն Զաւարեանի շիրիմին մօտ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիք ընդունուելու իրենց երդում տալը: Այն բարոյական պարտաւորութիւնը, որ Զաւարեանի յիշատակը բոլորիս վրայ կը դնէ, անչափ պարտաւորեցնող է: Սիմոն Զաւարեան ծնունդով հենց այս գիւղէն է, իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման՝ անցնելով Կիլիկիայով, Արեւմտեան Հայաստանով, ի վերջոյ 1913 թուականին յուղարկաւորուեցաւ Թիֆլիսի հայկական Խոջիվանքի գերեզմանատունը: 1998 թուականին միայն անոր աճիւնը հնարաւոր եղաւ վերայուղարկաւորել անոր ծննդավայրը»:
Comments are closed.