ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթող տեղադրուեցաւ Սարդարապատի մէջ
2559
0

Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ, Մայիսի 28-ին հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, պետական եւ քաղաքական նշանաւոր գործիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթող:
ՀՅԴ-ի այս նախաձեռնութիւնը իրականացաւ համագործակցութեամբ Սարդարապատի թանգարան, հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանի տնօրէնութեան հետ:
Ծրագիրը իրականացաւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի հովանաւորութեամբ եւ Վարուժ Լափոյեանի (Թորոնթօ) մեկենասութեամբ:
Յուշարձանը տեղադրուած է զանգաշտարակին մօտակայքը: Յուշարձանի խորհրդանիշներն են` սուրը, արծիւները, յաւերժութեան նշանը:
Military march on the occasion of the First Republic Day of Armenia took place at the Sardarapat Memorial