ՀՅԴ Գանատայի շրջանի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբի ջանքերով անցնող երկամեակին աւելի քան 100 հազար տոլար հանգանակուած է ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն

Ինչպէս միշտ, նաեւ Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 9-ին մարդաշատ էին Գանատայի Հայ կեդրոնները։ Առիթը ՀՅԴ Գանատայի շրջանի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին զեկուցական եւ հանգանակային հաւաքն էր՝ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն հայրենիքի հիւսիսային հատուածի դարպասապահ շրջաններ հանդիսացող Լոռիի եւ Ջաւախքի ռազմաքաղաքական կարեւորութիւնը նկատի ունենալով, իր «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին միջոցով կ’իրագործէ օժանդակութեան տարբեր աշխատանքներ։ Ինչպէս միջոցառման ընթացքին նշուեցաւ, այսօր համայն հայութեան ուշադրութիւնը աւելի շատ սեւեռած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին, եւ այնտեղ արձակուած իւրաքանչիւր կրակոց անմիջապէս կ’արձանագրուի աշխարհասփիւռ հայութեան հոգիին մէջ, սակայն այն չէ միակ վտանգուած սահմանը։ Այսօր տարբեր մարտահրաւէրներու դիմաց են նաեւ Հայաստանի հիւսիսային տարածքները՝ հայոց աշխարհի երկու կարեւորագոյն հիմնասիւները՝ Լոռին եւ Ջաւախքը, եւ այս շրջաններուն հզօրացումը Հայաստանի ու հայութեան հզօրացումն է, անոնց հզօրացումը կը ծառայէ նաեւ Արցախի, Արեւմտեան Հայաստանի եւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ հայութեան բազուկի ամրապնդման։

Միջոցառման իր ելոյթի խօսքին մէջ յանձնախումբի անդամ Վիգէն Աբրահամեան չուզեց ծանրանալ աշխատանքներուն կարեւորութեան վրայ, այլ նշեց. «Հայոց հիւսիսային պատուարի ամրութեան կարեւորութիւնը փաստաբանութեան կարիք չունի։ Ան ամէն հայու խորին համոզումն է, եւ այդ համոզումն է մեր աշխատանքներուն յաջողութեան բանալին»։ Զեկուցելով յանձնախումբին երկամեայ գործունէութեան մասին, ան ներկայացուց, որ փոքրիկ յանձնախումբով յաջողած ենք բաւական մեծ աշխատանքներ իրագործել, ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն, եւ այդ ամէնը իրագործուած են խոնարհաբար, նուազագոյն աղմկարարութեամբ, առանց շեփորի եւ թմբուկի, ի տարբերութիւն համացանցը ողողած նախաձեռնութիւններու, որոնք շատ յաճախ աղմուկէն այն կողմ չեն անցնիր։

Աբրահամեան իր խօսքը աւարտեց՝ վստահութիւն յայտնելով մեր ժողովուրդին հանդէպ, ու աւելցուց, թէ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան, ամրապմդման աշխատանքները դեռ պիտի շարունակուին նաեւ յաջորդ տարիներուն։

Միջոցառումը ունեցաւ նաեւ շատ յուզիչ եւ տպաւորիչ անակնկալ. Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի սաները, հայոց պատմութեան դասերէն սորվելով Լոռիի եւ Ջաւախքի պատմութիւնը, տեղեկացած էին միջոցառման մասին եւ մեծ ցանկութիւն յայտնած՝ իրենց լուման բերելու այս աշխատանքներուն։ Անոնք ինքնաբուխ նուիրահաւաք կազմակերպած էին ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի, նշանաբան ունենալով Չարենցի «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է» պատգամը։ Աշակերտները փոխանցեցին, որ իրենք տունն ու դպրոցը սորված են «միշտ պատրաստ ըլլալ, երբ երբ մեր ժողովուրդը կանչէ մեզ, միշտ ըլլալ ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար»։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց սիրելի ուսուցիչին՝ Մհեր Գարագաշեանին, որ ընդառաջեր էր աշակերտներուն ցանկութեան եւ օգնած՝ կազմակերպելու զայն։ Աշակերտներուն հանգանակութեամբ գոյացած 6555 տոլարը փոխանցուեցաւ յանձնախումբին:

Աշակերտները միջոցառման յուզումը աւելցուցին նաեւ իրենց ասմունքով։

Միջոցառումը իր աւարտիչ ելոյթով ամփոփեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեանը, որ գնահատեց կատարուած աշխատանքները, նշելով որ այս տեսակ աշխատանքները կ’իրականանան ներշնչումով, հաւատքով եւ նաեւ պարտականութեան ու պատասխանատուութեան բարձր զգացումով։ Ան շեշտեց, որ ինչպէս յանուն Արցախի, նմանապէս եւ այս շրջաններու՝ հայ տոհմիկ ազնուականութեան՝ Մամիկոնեաններու, Զաքարեաններու, Բագրատունիներու երկրի, զարգացման համար իր առաւելագոյն ուժերը ներդրած է եւ կը ներդնէ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը՝ իր բոլոր ուղեկից միութիւններով։ Կառոյցի ջանքերով վերանորոգուած եւ կահաւորուած են Ալաւերտիի, Ստեփանաւանի, Վանաձորի կեդրոնները եւ Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնը, նպատակ ունենալով ստեղծել միջավայր, ուր հայ ժողովուրդին ամենակարեւոր հատուածը՝ երիտասարդութիւնը, հնարաւորութիւն ունենայ, հիմնուելով ազգային արժէքներու եւ հայեցի դաստիարակութեան վրայ, կազմակերպուիլ եւ իրենց նորարարական գաղափարներով ու ծրագիրներով ներգրաւուիլ երկրի զարգացման ու հզօրացման գործին։ Ռաֆֆի Տօնապետեան կարեւոր նկատեց կառոյցին միջոցաւ Լոռիի մարզին եւ Ջաւախքի մէջ ճամբարներու կազմակերպումը, որ հնարաւորութիւն կ’ընծայէ կապ հաստատելու սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ապրող երիտասարդներուն միջեւ, առիթ, որպէսզի սփիւռքահայ երիտասարդները աւելի մօտէն ծանօթանան հայրենիքին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, ուղեկից միութիւններուն՝ ՀՕՄ-ին, ՀՄԸՄ-ին, Երիտասարդական եւ Համազգային միութիւններուն, շեշտելով որ առանց անոնց օգնութեան եւ աջակցութեան այս հայրենանուէր աշխատանքները չէին իրագործուէր։

ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին զեկուցական եւ հանգանակային միջոցառումը աւարտեցաւ յանձնախումբի ատենապետ Գաբրիէլ Սոմունճեանի խօսքով, որ յայտնեց, թէ յանձնախումբի երկամեայ գործունէութեան ընթացքին կատարած տարբեր միջոցառումներով հանգանակուած է 100,000 տոլարէն աւելի գումար, որմէ 22,000 տոլարը՝ սոյն ձեռնարկին ընթացքին:

Արմինէ Մուքոյեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.