ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդունած է Եւրոպական Խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահը

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան Ապրիլ 25-ին ընդունած են փաստահաւաք առաքելութեամբ Հայաստան ժամանած՝ Եւրոպական Խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Լուկաս Ֆուրլասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Եւրոպայի խորհրդականը ներկայացուցած է այցելութեան նպատակներն ու ակնկալուող արդիւնքները, ինչպէս նաեւ նախօրէի իր այցը ՀՀ Սիւնիքի մարզի սահմանամերձ հատուածներ եւ Լաչինի միջանցքի սկզբնամաս, ուր ատրպէյճանական կողմը անօրինական անցակէտ տեղադրած է՝ աւելի վատթարացնելով Արցախի ճգնաժամը։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրին՝ իր երկարամեայ հայանպաստ գործունէութեան համար եւ ներկայացուցած՝ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակը։ Ան ընդգծած է, թէ Հայ Դատի Եւրոպայի եւ կեդրոնական գրասենեակները պատրաստ են շարունակաբար խթանել Հայաստանի վերաբերեալ առարկայական իրազեկութեան մակարդակի բարձրացումը Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներու շրջանակին մէջ:

Մտքեր փոխանակուած են Եւրոպական Միութեան մէջ հայկական շահերու արդիւնաւէտ պաշտպանութեան, յառաջիկային համատեղ ձեռնարկներու կազմակերպման եւ Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ հայկական հարցերով քննարկումներ կատարելոււ հրատապ անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ

26 Ապրիլ 2023

 

Comments are closed.