ՀՄԸՄ-ի 103-ամեակի Լուսանկարչական Մրցանքին Արդիւնքները Հրապարակուեցան

ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 103-ամեակին առիթով կազմակերպուած լուսանկարչական մրցանքը անցնող ամիսներուն ստեղծեց մեծ հետաքրքրութիւն: Մրցանքին կազմակերպիչ յանձնախումբը 23 մասնակիցներէ ստացաւ ՀՄԸՄ-ի առօրեան ցոլացնող 93 լուսանկարներ:

Այս առիթով յառաջացած դատական կազմը, որուն մաս կազմեցին լուսանկարիչ Րաֆֆի Պէրպէրեան, բեմադրիչներ Յակոբ Տէր Ղուկասեան եւ Ծովիկ Թորիկեան, արուեստագէտ Արա Ազատ, խմբագիր Նորա Բարսեղեան, նկարչական թեքնիք աշխատանքներու մասնագէտներ Դալար Մազլումեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան, յետ բազմակողմանի քննութեան, մրցանակակիրներ ճշդեց հետեւեալները.-

Ա. ՄՐՑԱՆԱԿ

Թալին Մանուէլեան, Լոնտոնէն, «Իրարու օգնել» խորագրեալ նկարին համար:
Մրցանակ` 1000 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ «CANON» վաճառանիշով լուսանկարչական մեքենայ մը:

Բ. ՄՐՑԱՆԱԿ

Շուշի Հեղինեան, Հայաստանէն, «Աշխարհը մանկան աչքերով» խորագրեալ նկարին համար:
Մրցանակ` 300 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ լուսանկարչական քամերայի portable tripod մը եւ պայուսակ մը:

Գ. ՄՐՑԱՆԱԿ

Ժիւլի Մանոյեան, Յունաստանէն, «ՀՄԸՄ-ական երջանկութիւն» խորագրեալ նկարին համար:
Մրցանակ` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը յաւերժացնող արժէքաւոր ժամացոյց մը` յատուկ հաստատագիրով:

Երեք մրցանակակիրները կ՛արժանանան նաեւ ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի մէկ տարուան բաժանորդագրութեան:

Մրցանքի կազմակերպիչ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբը այս առիթով իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ մրցանքի դատական կազմին, մրցանքին յաջողութեան նպաստած ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ մեկուսի վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք իրենց ոսպնեակներով յաւերժացուցին ՀՄԸՄ-ական կեանքէն ակնթարթ մը, ձեռնարկ մը կամ դէմք մը:

Մրցանակակիրներու լուսանկարները կը հրապարակուին ՀՄԸՄ-ի Դիմատետրի էջով եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթով:

ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.