ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Եւ Մեկուսի Վարչութիւններու Քարոզչական Պատասխանատուներու Առցանց Բ. Հանդիպումը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 27 յունիսի երեկոյեան ժամը 10:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) տեղի ունեցաւ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու քարոզչական պատասխանատուներու առցանց երկրորդ հանդիպումը: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր հոկտեմբեր 2024-ին:

Հանդիպումին մասնակցեցան 19 շրջաններու պատասխանատուներ, որոնց կարգին` Համա-ՀՄԸՄ-ական նախաձեռնութեան մը առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող ՀՄԸՄ-ի Եաֆայի մասնաճիւղին ներկայացուցիչը: Հանդիպումին սկիզբը ներկայ գտնուեցաւ եւ Եաֆայի մասնակիցը ծանօթացուց ՀՄԸՄ-ի Եւրոպայի ներկայացուցիչ Ֆետի-Խաժակ Գազանճեան: Հանդիպումին միացաւ եւ մասնակիցներուն իր սրտի խօսքը յղեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ  Յակոբ Խաչերեան: Ներկայ գտնուեցան նաեւ կազմակերպիչ քարոզչական յանձնախումբի անդամներ եւ յաձնախումբին մօտ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ  Վիգէն Աւագեան:

Հանդիպումին մասնակիցներու ներկայութեան ստուգումը կատարեց քարոզչական գրասենեակի գործավար Յարութ Մարկոսեան: Ներկաները ողջունեց, քարոզչական աշխատանքներու կարեւորութեան եւ նման հանդիպումներու անհրաժեշտութեան մասին արտայայտուեցաւ քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Յակոբճեան: Եղբայրը շեշտեց միութեան աշխատանքները հայ թէ օտար շրջանակներուն ծանօթացնելու հրամայականը` նոր անդամներ ներգրաւելու, համակիրներու մեր շրջանակը ընդլայնելու եւ բարեկամներ ու բարերարներ ներգրաւելու համար: Ան ըսաւ, որ քարոզչական աշխատանքը մեր օրերուն ընտրանք մը չէ այլեւս, այլ որեւէ գործունութեան անբաժան մէկ մասն է: Քարոզչութիւնը` իբրեւ միջոց, տեղ գտած է ՀՄԸՄ-ի վերամշակուած կանոնագիրին մէջ, եւ շրջաններ պարտին իրենց աշխատանքներուն մէջ կարեւոր ու լայն տեղ տալ անոր:

Խօսք առաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ քարոզչական յանձնախումբի մօտ ներկայացուցիչ Վիգէն Աւագեան: Եղբայրը ներկայացուց հոկտեմբերի առաջին հանդիպումէն մինչեւ օրս միութեան քարոզչական մարզին գլխաւոր նորութիւնները` զանոնք բաժնելով երկու մասի.

Ա.- Քարոզչական համակարգի ստեղծում.- Շրջաններու պատասխանատուներու ճշդում, քարոզչական գրասենեակի հիմնում, գործավարի աշխատանքի հրաւիրում, քարոզչական պատասխանատուներու ցամաքամասային առցանց հանդիպումներու կազմակերպում, ցանցային հարթակներու ստեղծում, կայքէջի արդիականացում, E-letter-ի եւ E-Marzig-ի (marzig.org) գործարկում եւ այլն:

Բ.- Միութենական ձեռնարկներու քարոզչութիւն.- Միջդիւանական խորհրդաժողով, սկաուտական համագումարի 100-րդ օրուան նշում, միութեան համագաղութային կառոյցի ստեղծման 50-ամեակի յիշատակում, «Հայ սկաուտի օր»-ուան առիթով միութեան շեփորախումբերու ծանօթացում, «Մարզիկ»-ի 45-ամեակի, ՀՄԸՄ-ի նաւապտոյտի, «Արցախ հիմնադրամ»-ի, «Եկամտաբեր ֆոնտ»-ի, ցամաքամասային բանակումներու եւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու իրազեկում եւ այլն:

Հանդիպումին խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան IT-ի պատասխանատու Շանթ Տեմիրճեան, որուն գլխաւորութեամբ յառաջ կը տարուին նաեւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերու քարոզչութեան ընկերային ցանցերու բաժինի աշխատանքները: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց ծրագրուած եւ գործադրութեան դրուած նախաձեռնութիւնները` նշելով այն բոլոր աշխատանքները, որոնք շրջաններէն կ՛ակնկալուին մարզախաղերէն առաջ, ընթացքին եւ ետք: Տեմիրճեան շեշտեց ընդհանուր գործակցութեան, արագ արձագանգի եւ որակաւոր բովանդակութեան ներկայացման անհրաժեշտութիւնը, Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին ճշդած ընդհանուր արժեչափերուն եւ ուղղութիւններուն համաձայն:

Առցանց հանդիպումին առիթ տրուեցաւ մասնակիցներուն, որպէսզի զեկուցեն անցնող ութ ամիսներուն իրենց շրջաններուն կատարած քարոզչական գլխաւոր աշխատանքներուն մասին:

Աւարտին խօսք առաւ եւ ներկաները ողջունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան: Ան միութեան քարոզչական մեծագոյն իրադարձութիւններէն մէկուն` մարզախաղերուն մասին արտայայտուելով ըսաւ, որ մարզախաղերը մեզի համար նպատակ չեն, միջոց են: «Մենք կը հաւատանք, եւ ատիկա իրականութիւն է, որ ՀՄԸՄ-ը ամէնէն բազմանդամ երիտասարդական միութիւնն է հայ իրականութեան մէջ: Այդ միութիւնը ներկայացնող անդամներն են, որոնք յուլիսին պիտի հաւաքուին հայրենիքի մէջ: Հետեւաբար մենք պիտի չցուցադրենք մեր թեքնիք կարողութիւնները, բայց քարոզչական համապատասխան միջոցներով եւ յատկապէս ընկերային ցանցերով աշխարհին պիտի ներկայացնենք մեր միութեան ուժը եւ իսկական դիմագիծը»:

Յ. Խաչերեան այս առիթով յիշեցուց, որ մարզախաղերու մասնակիցներու տարազներուն վրայ պիտի ըլլայ Արցախի դրօշը: Ան ըսաւ, որ շատ յատկանշական է այս մէկը: «Մեր այս հաւաքին նպատակը նաե՛ւ քով-քովի գալ է, հայրենիք վերադառնալ է, ըսել է, որ` մենք ետ տուն կու գանք, երբ առիթը ըլլայ: Այդ տուն եկողները ազգային արժէքներ ներկայացնող երիտասարդներ են, որոնք միայն մրցում խաղալու չեն երթար հայրենիք: Անոնք կ՛երթան տողանցելու եւ այցելելու այն վայրերը, որոնք ուղղակի կ՛առնչուին ազգի գոյութեան հետ: Այս ամէնէն մեծ պատգամն է, զոր մենք պիտի տանք, մանաւանդ` ա՛յս օրերուն: Առաքելութիւն է մեր ըրածը, եւ այդ առաքելութեան տէրը ըլլանք», շեշտեց ան:

Ապա Յակոբ Խաչերեան հաստատեց, որ այս բոլորը գիտնալով` մենք ներքին մրցակցութիւն պէտք չէ ունենանք, որովհետեւ մեր նպատակը մարզախաղեր կազմակերպելէ շատ անդին է: «Մեր նպատակը ո՞վ, ի՞նչը յաղթեցը չէ: Բոլորի՛ս յաղթանակն է, բոլորիս կողմէ ցոյց տալ է բոլորին` ներսիններուն եւ դուրսիններուն, որ այս միութիւնը արմատ ունեցող միութիւն է` իր Հայաստանի թեւով, իր Արցախի միաւորով եւ սփիւռքի բոլոր միաւորներով», եզրակացուց Յ. Խաչերեան եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն: