ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Ուրբաթ, 22 Նոյեմբեր 2019-ի ﬕջօրէին, Հռոﬕ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընկերակցութեամբ Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանի, Ս. Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեանի եւ իրենց ընկերացող անձնաւորութիւններու։
Շքախումբը ընդունեցին Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Թեﬕ առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, վարժարանիս Մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեան, վարժարանիս հայ ծէսի, պատմութեան եւ գրաբարի ուսուցիչ՝ Գեր. Ներսէս վրդ. Սաքայեան, Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ քոյրերը, գլխաւորութեամբ ﬕաբանութեան ընդհանուր ﬔծաւոր Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի, վարժարանիս ժառանգաւորաց դասն ու հայ կաթողիկէ լրատուաﬕջոցներու ներկայացուցիչներ:
Այցելութիւնը ընթացք առաւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տաճարին պատմականը ներկայացուց Գեր. Ներսէսը, ուղղուելով դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մատուռ։ Վարչապետը եւ անոր կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան պահ մը աղօթեցին ﬕնչ վարժարանի ժառանգաւորները կը հնչեցնէին «Զի՞նչ տաց» եւ «Մինչ օրաննէս» շարականները։ Ապա, անոնք ուղղուեցան Աւագ Խորան, ուր վարժարանիս Մեծաւոր Գերյ. Նաամոյեան ներկաները ողջունելէ ետք, հակիրճ ձեւով զեկուցեց վարժարանիս շուրջ 150 տարուան գործունէութեան մասին։
Իր կարգին, Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի անունով ներկաները ողջունելէ ետք, շեշտեց Լեւոնեան Վարժարանին կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր Հայ կաթողիկէ ապագայ կղերականներու պատրաստութեան, որպէսզի ծառայեն Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին։ Ան ընդգծեց պատմական արժէքը այս հինգդարեայ եկեղեցւոյ, ուր կը գտնուին երկու հայ կարդինալներու շիրիﬓերն ու մասունքները եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկու նահատակ երանելիներու սրբանկարները։
Գերապայծառ Տէրը խօսքը աւարտեց վստահեցնելով Վարչապետին, թէ իր ամէնօրեայ աղօթքները կը բարձրացնէ առ Աստուած՝ հայ ազգի բարօրութեան եւ բարգաւաճման խնդրանօք։
Վարչապետ Փաշինեան իր կարգին ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատեց Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին առաքելութիւնը՝ ըսելով. «Մենք իսկապէս, որպէս ժողովուրդ, պէտք է ինքներս ﬔզ աւելի լաւ ճանաչենք, աւելի խորը իմանանք ﬔր պատմութիւնը, աւելի մանրամասն գիտենանք ﬔր ժառանգութեան մասին եւ ﬔր ապագան կառուցելու աﬔնակարեւոր գործողութիւններից մէկը ﬔր անցեալը ճանաչելու, ﬔր անցեալի հետ հաշտ լինելու գործընթացն է»:
Հուսկ, Գերապայծառ Տէրը եւ Մեծաւոր Հայրը վարչապետին նուիրեցին «Les Arméniens à travers siècles et millénaires» հայոց պատմութեան ֆրանսերէն եռահատորը եւ Ս. Ընտանիքի պակտերը։ Աւարտին, Գերապայծառ Տէրը «Պահպանիչ»ով օրհնեց ներկաները։
Այնուհետեւ, պատուոյ հիւրերը ուղղուեցան Լեւոնեան Վարժարան, ուր մօտէն ծանօթացան վարժարանիս զանազան բաժանմունքներուն, սկսելով բակէն, ապա այցելեցին մատենադարանը, ուր վարչապետը անձամբ թղթատեց վարժարանիս ձեռագիրները եւ իր տպաւորութիւնները արձանագրեց յուշամատեանին մէջ։
Հայկ Շահինեան