Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Համաարցախեան Երկրորդ Բանակումը

Յուլիս 23-28 Ստեփանակերտի «Կարկառ» ճամբարի տարածքին կայացաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան համաարցախեան երկրորդ բանակումը: Համաարցախեան առաջին բանակումը կազմակերպուած էր մասնաճիւղի բացումը կատարուած տարին` 2019 թուականին: Անկէ ետք «Քորոնա»-ի, այնուհետեւ 44-օրեայ պատերազմի պատճառով աշխատանքները յետաձգուեցան:

ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Դաւիթ Գրիգորեանի խօսքով, այս պայմաններուն մէջ բանակումի կազմակերպումը մեծ մարտահրաւէր է, սակայն առողջ դաստիարակութիւնը, կրթութիւնը պէտք չէ տուժեն` անկախ պայմաններէն: «Նախքան բանակումը` 25 հոգինոց խմբապետական կազմը պատրաստելու աշխատանքներ ընթացան: Բանակումին Ստեփանակերտի դպրոցներէն չորսական տղայ ու աղջիկ ընդգրկեցինք, նախատեսած էինք 96 նորագիր ու խմբապետական կազմ, բայց առաջին օրը 125  մասնակիցներ կային: Երկու օր յետոյ մօտաւորապէս 40-ը լքեցին ճամբարը` դժուար պայմաններու, հարազատներու կարօտի պատճառով, այժմ 100 մասնակից կայ», ըսաւ ան:

ՀՄԸՄ-ի նպատակը միտքն ու մարմինը մարզելն է, մեր ճամբարները շէնքերու մէջ չեն ըլլար, այլ կը կազմակերպուին վրանային պայմաններու մէջ` բնութեան գիրկը: Այս մասին նշեց ճամբարի պետ Անդրանիկ Չաւուշեանը: Ան շարունակեց` ըսելով. «Խանգարող հանգամանքներ կային, բայց կրցանք զանոնք յաղթահարել: Ժամանակի սղութեան ու տեղատարափ անձրեւներու պատճառով որոշ նախատեսուած ծրագիրներ չկրցանք իրագործել: Տարբեր դպրոցներու աշակերտներու տարբեր խումբերու մէջ ընդգրկեցինք, կրցանք համախմբել, ծանօթացնել իրարու հետ», յայտնեց ճամբարին պետը:

Բանակումին նիւթապէս աջակցեցաւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, ծախսերուն միւս մասն ալ հոգաց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը:

Բանակումին նպատակը պատանիները գործնականօրէն սկաուտական աշխատանքներուն ծանօթացնելն էր, սկաուտական նոր խումբեր պատրաստելը եւ բնութեան աւելի մօտ դարձնելը:

Բանակումին, ինչպէս նշեցին կազմակերպիչները, ամէնէն մեծ հարցը սնունդի հետ կապուած էր, որուն պատճառով ստիպուած շաբաթ մը յետաձգած են ծրագիրը` տեղական բանջարեղէնի եղանակին հասնելու համար: Նոյնպէս բանակավայրը ընտրած են Ստեփանակերտի մօտիկ վայր մը, որպէսզի կարելի ըլլայ սնունդը հասցնել, ինչպէս նաեւ` հիւանդանոցին մօտ ըլլալ: Բանակումին մասնակցեցան 11-12 տարեկան պատանիներ: Անոնք նշեցին, որ այս օրերու ընթացքին աւելի կարգապահ եւ կազմակերպուած դարձան, աւելի լաւ սկսան ճանչնալ բնութիւնը, ու բանակումը կը մնայ իբրեւ լուսաւոր դրուագ:

Բանակումի փակման արարողութեան ժամանակ մասնակիցները հանդէս եկան մարզական, գեղարուեստական ելոյթներով, աշխուժութիւն ցուցաբերած սկաուտները պարգեւատրուեցան պատուոյ գիրերով եւ շնորհակալագրերով, իսկ երեկոն եզրափակուեցաւ խարոյկին շուրջ հաճելի ժամանցով:

Comments are closed.