Հայ մարզիկը եւ հայ քաղաքական գործիչը

Վերջերս ականատեսը դարձանք հայ մարզիկներու նուաճումներուն մարզական զանազան խաղաոճերու մարզերէն ներս, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանական մրցաշարքերուն:

Պէտք է ընդունինք, որ այս գերազանց ձեռքբերումները կ’ենթադրեն յարատեւ եւ տարիներու հետեւողական անդուլ պատրաստութիւն: Մշակուած սերմերը, վրան գումարած ցեղի ծիներու իւրայատկութիւնները, որ Վահագնի զօրութենէն սեռած ժառանգ մըն է անտարակոյս, կը ժայթքին ու կը ծլարձակին հայ մարզիկներու ներկայացումներուն ընդմէջէն, անշուշտ մարզիչներու եւ պատասխանատուներու անուրանալի վերահսկիչ ճիգերով:

Բնական է՝ այս երեւոյթը նորութիւն չէ, որ հայ ազգի մարզիկներ աչքառու ներկայութիւն հաստատեն մարզական համաշխարհային բեմահարթակներու վրայ, սկսած շախմատէն, բռնցքամարտէն, ճիմնազիոմէն եւ մինչեւ մարզական այլ խաղաոճեր, որոնց ծիրէն ներս միջազգային նուաճումներով հարուստ է հայկական մարզական արկղը: Առանց յիշատակելու առանձին-առանձին անունները այդ հերոսներուն՝ անցեալի ու ներկայի, կարելի է ընդգծել, թէ որպէս բուռ մը ազգ, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն եւ նիւթական համեստ միջոցներուն, հայրենիքի օրհներգը հնչեցնելն ու եռագոյնը գրկած յաղթերթի ցնծութիւնը ապրիլը, համազօր է մարզիկին եւ հանրութեան համար՝ պատերազմի դաշտի վրայ արձանագրուած յաղթանակի բերկրանքին ու հպարտութեան:

Այս բարոյական հրճուանքէն ուսանելի դասեր պէտք է քաղել, զորս կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

1.- Իմացական յաղթանակը նշան է, թէ դուն ճանչցած ես քու ունակութիւններդ եւ ծանօթ ես զանոնք զարգացնելու արուեստին, շահարկելով հասանելի բոլոր միջոցները: Այս գնահատականը կարելի չէ սահմանափակել կեանքի մէկ հարթակով: Պէտք է ազգային ներուժը սխրագործել տնտեսական, ընկերային-մշակութային եւ քաղաքական բոլոր բնագաւառներէն ներս: Մանաւանդ քաղաքական մակարդակի հասունութիւնն ու կարողականութիւններու ամբողջական շահարկումը ալֆան եւ օմեկան են, բանալի անօթներ են ստեղծագործ մթնոլորտներու մէջ հայկական արեւելումով՝ արձանագրելու պատուաբեր յաղթանակներ:

2.- Հայ ժողովուրդի նօսր թուային պատկերը, ժխտական գործօն չէ, որ կ’արգելակէ տուեալ մարզէն ներս որեւէ յառաջխաղացք: Կարեւորը ունակութիւններուդ ինքնաճանաչողութիւնն է, հաւատքը հանդէպ հետապնդած նպատակիդ: Մրցակիցդ, որքա՜ն ալ հզօր թուի, անոր հոգեբարոյական-առարկայական աշխարհին ամբողջական ծանօթութիւնդ, առ այդ գնահատելու իր «Աքիլլէսի կրունկը» եւ պատրա՛ստ շպռտելու պարսատիկը, գետին փռելով Գողիաթը: Այս ռազմավարական տրամբանութեամբ պէտք է հիւսել քաղաքականութիւն եւ պէտք չէ տարուիլ «իրապաշտական» սնաբարոյ անձնատուութեան քաղաքականութեան կանչերէն: Միայն «Հայկական արեւելումի» դեղատոմսով կարելի է մշակել ուրոյն ռազմավարութիւն, որ իր մէջ կը պարփակէ բոլոր թնճուկներուն պատասխանները: Ատենօք, Ուինսթըն Չըրչըլ ըսած է. «Մարդիկ յաճախ հարց կու տան՝ ինչի՞ համար մենք կը կռուինք: Կարող եմ պատասխանել ըսելով՝ եկէք դադրինք կռուելէ, այդ ժամանակ կ’իմանա՛ք»: Կռիւը պէտք չէ հասկնալ իր բառարանային սահմանումով: Հիմնականը անկոտրում հաւատքն է քու հետապնդած նպատակիդ, կարողականութիւններուդ ու անդուլ պայքարն է ճշդորոշուած սեւեռակէտին:

3.- Ոգեղէն ցրուածութեամբ ու մշուշապատ հայեցակարգով կարելի չէ մենամարտիլ եւ հակառակորդին հետ առերեսուիլ ու պատշաճ ուրոյն գործելակերպ ունենալ: Մտքի ու գաղափարական թռիչքի զօրութիւնն է, որ կը պայմանաւորէ քու յաղթանակդ: Մակերեսայնութիւնը եւ յարմարեցումը կ’առաջնորդեն անձնատուութեան ու կորուստի՝ վերջնական կազմալուծման: Մանաւանդ պետական-կուսակցական մակարդակի վրայ, ներելի չեն նմանատիպ մեղանչանք:

Ականատես եղանք, թէ ինչպէս հայ ըմբշամարտիկը ազերի մրցակիցին, մրցումի յարմար մէկ պահուն, քուրջի նման շպռտեց մրցադաշտի օղակէն դուրս, պատգամելով որ չեմ դաւանիր անզօրութիւն: Արդ, փաստեց, որ հայու պատիւը փրկելու համար ամէն ընձեռնուած կեդրոնաձիգ ուժ գործածելով՝ պատուաբեր յաղթական արդիւնքի կարելի է հասնիլ: Նմանապէս, համազօր ոգեղէն հաւատքն է, որ պէտք է գոյ ըլլայ բոլոր հայ այրերուն մօտ, որոնք կը ծառայեն ընկերային-քաղաքական զանազան մարզերու մէջ, մանաւանդ պետական համակարգի շրջագիծէն ներս:

4.- Շատ կը դժգոհինք Ժողովուդի այն մասսայէն, որ ապաքաղաքականացած վարքովը, կորսնցուցած ամէն ձեւի համարում քաղաքական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն հանդէպ եւ իրաւունքներուն անգիտակ, ո՛չ կը մասնակցի ընտրութիւններուն, ո՛չ ալ քաղաքական որեւէ աքթի, որովհետեւ թքած ունի ամէն արժէքի եւ կ’առաջնորդուի միայն իր կուշտին եւ որովայնին արձագանգներով։ Այս է նոր կերպարը ստեղծագործուած «Հպարտ քաղաքացի»ին:

Այլ իմաստով, մեր բոլոր մարզերու հերոսներն ու ախոյեանները, ծնունդ են նոյն այդ ժողովուրդի քուրայէն, սնած են նոյն մայրերու կաթէն: Հետեւաբար, հիմնական հարցադրումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ՝ պատասխան փնռելով, թէ ինչո՞ւ այս հակոտնեայ երեւոյթը գոյ է մեր հասարակութեան մէջ: Նոյն մօր որովայնի ծնունդը ըլլալով, թէ ապաքաղաքականացած հայորդին եւ միեւնոյն ժամանակ նախանձախնդիրը, բաժնելով հասարակ յայտարարը՝ նոյն ազգային պատկանելիութեան, մէկը՝ կը տեսնէ փայլատակող յոյսն ու ազգային արժանապատուութեան համար մարտնչիլը որպէս կենարար մատակարար աղբիւրը պայքարի ու յաղթանակի տենչանքին, իսկ մէկալը, ականատես ըլլալով հայաշխարհի քաղաքական զազրահոտ մթնոլորտին, խորշանքով կռնակ կը դարձնէ իր քաղացիական իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն, անսալով սեփական կուշտի կանչերուն՝ դեգերելով «չալաղաճ»ի բոյրի ետին:

5.- Քաղաքական յաղթանակի եւ պարտութեան օրինաչափութիւններուն հետ պէտք է հարազատ եւ անկեղծ արժեւորում կատարել ներազգային քաղաքական նոր մշակոյթ ստեղծելով, ուր ազգային եւ պետական շահերը գերիվեր պէտք է դասուին պարլեմանտական աթոռէ եւ կամ ՓՈՏՈ ՈՊ-ի քաղաքկանութենէ։ Այլ պատրանքի մըն ալ ականատես կ’ըլլանք այս օրերուն, երբ կարգ մը քաղաքկան գործիչներ, սնաբանութեամբ եւ յոխորտանքով կ’անդրադառնան Հայաստանի «քաղաքական յաղթանակ»ներու երեւոյթի մը մասին, կեղծիքով ներկայացնելով միջազգային բեմահարթակի վրայ, իբրեւ Հայաստանի պետականութեան փայլուն ձեռքբերումները, միեւնոյն ժամանակ նսեմացնելով հայկական սփիւռքի անուանի կառոյցներու անդուլ աշխատանքի արգասիքը, միջազգային պետական լոպիական շրջագիծէն ներս:

6.- Պատերազմական պարտութիւններու արհաւիրքը ապրող, հայրենիքի հողատարածք կորսնցուցած ազգի մը պետական իշխանաւոր ներկայացուցիչները՝ հայկական ամօթի լացի պատին առաջ, հազա՜ր մեղայ պէտք է քաշեն, չքմեղանքի հնարքները մոռնալով ու ազգային արաժնապատուութիւնը վերականգնելով: Այս անկեղծութեամբ պէտք է վանել ամպակ՝ քաղաքական պատրանքներու սին յաղթանակի կենացները:

Միջազգային եւ ներազգային հանրային կարծիքին այսքա՜ն կեղծիք հեգնանքով համեմուած հրամցնելը, երբե՛ք չի կրնար աչքի փոշի ցանել եւ ծածկոյթ ըլլալ գործուած ամօթալի ազգային հիասթափութիւնններուն: Այս մօտեցումները միա՛յն հակառակորդ ուժերու եղծանքներու ջաղացքին ջուր կը մատակարարէ ու ցմրուր ճաշակել կու տայ հանրութեան:

Վերջապէս, հայ մարզիկի սրտի տրոփումի կշռոյթով, պէտք է վերակենդանանայ հայու քաղքական մտքի պայծառութիւնը եւ մարզիկին տապալող բազկի ուժգնութեամբ հայ իշխանաւոր քաղաքագէտը պէտք է նկրտի, հասնելու համար Արամ Մանուկեանի պետական գործիչի անկտորում ոգիին ու վճռական կազմակերպական ուշագրաւ ունակութիւններուն, մտահան չընելով Խրիմեան Հայրիկի քաղաքական-հասարակական եւ հոգեւոր գործիչի վեհութիւնը։

Պէտք է մարզիկներու յաղթական ոգին մարզաւաններէն փոխադրենք քաղաքական դաշտ, ստեղծելով ճշմարիտ «քաղաքական յաղթանակներ», ուր խրոխտ իրանով եւ վէս գլուխով՝ Հայաստանի իշխանական քաղաքական ներկայացուցիչները պիտի տողանցեն միջազգային բեմերուն վրայ:

Ժան Հալլաճեան

Թորոնթօ

Comments are closed.