«Հայ Ժողովուրդը Յաղթեց, Որովհետեւ Ունէր Արամ Մանուկեանի Պէս Նուիրեալ Առաջնորդ» Ընդգծեց Վարչապետ Փաշինեան

28 մայիսին Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած` «Յաղթանակի դարը» խորագիրը կրող տօնակատարութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին  Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան,  Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հիւրեր:

Վարչապետ Փաշինեան ծաղկեպսակ զետեղեց Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց: Զօրահանդէսի մասնակիցները ողջունելէ եւ պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերթը ընդունելէ ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտպանութեան նախարարին ուղեկցութեամբ ձեռնարկին մասնակիցներուն հետ կատարեց զինուորական սարքաւորումներու ստուգատես: Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ ցուցադրուած էին հայկական զինուժի գերճշգրիտ, գերժամանակակից, ինչպէս նաեւ թանգարանային նմուշի զինատեսակներ, որոնք մասնակցած են Սարդարապատի հերոսամարտին:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ զինուորական շքերթ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ 100 տարի առաջ` 1918 թուականի մայիսի 28-ին հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ արձանագրուած իւրայատուկ իրադարձութեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան, որ կարելի եղաւ հայ ժողովուրդին քրտինքով ու արեամբ:

«Հայ ժողովուրդը Բաշ Ապարանի եւ Սարդարապատի մէջ տարաւ իր պատմութեան փառահեղ յաղթանակները` ջախջախելով թրքական զօրամիաւորումներ, եւ այդ յաղթանակի թագն ու պսակը դարձաւ Ա. Հանրապետութեան հռչակումը: Հերոսական այս ճակատամարտերուն պատմութիւնը աներեւակայելի է: Ինչպէ՞ս կրցաւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած, սուրի քաշուած, թալանուած ու ոչնչացման եզրին կանգնած հայ ժողովուրդը յաղթել թրքական բանակին: Արդեօք կայի՞ն ընկերային-տնտեսական, ռազմաքաղաքական նախադրեալներ: Ո՛չ եւ երիցս ոչ: Գործնապաշտութեան եւ պարզ հաշիւով հայ ժողովուրդը յաղթելու ոչ մէկ առիթ եւ կարելիութիւն ունէր, բայց մենք յաղթեցինք, որովհետեւ սթափեցնող արթնութեամբ մը հասկցանք, որ մեր էութիւնը անապատներ քշուիլն ու կոտորուիլը չէ, որ մեր երակներուն մէջ կը հոսի Մեսրոպ Մաշտոցի, Արտաշէս արքայի արիւնը, մեր երակներուն մէջ կը հոսի Վարդան Մամիկոնեանի արիւնը:

«Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ իր պատմութեան վերջին չորս հարիւր տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ յոյսը դրաւ ո՛չ թէ ուրիշներուն, այլ ինքնիր վրայ: Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ հասկցաւ, որ ազգային պետութիւնն է ինքնութեան ու արժանապատուութեան միակ երաշխիքը, որ մեզի` քաղաքացիներուս պատկանող պետութիւնն է միայն, որ կրնայ ապահովել մեր իրաւունքը, մեր անվտանգութիւնն ու ապագան: Մենք հասկցանք, որ ազգային որեւէ երազանք կարելի չէ ի կատար ածել առանց պետութիւն ունենալու, ինքնիշխանութիւն ունենալու, անկախութիւն ունենալու: Եւ անկախ պետութիւնը իւրաքանչիւր ազգային երազանք ի կատար ածելու առաջին անհրաժեշտ նախապայմանն է: Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ ունէր Արամ Մանուկեանի պէս նուիրեալ առաջնորդ, որ պատրաստ էր ոչ թէ զոհել եւ վայելել իշխանութեան բարիքները, այլ կրել զրկանքներ եւ զոհուիլ յանուն ժողովուրդին, որ պատրաստ էր յանուն իր ժողովուրդին կռուիլ մինչեւ իր կեանքի վերջին վայրկեանները: Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ ունէր այնպիսի հրամանատարներ, ինչպէս Թովմաս Նազարբեկեանը, Դրոն, Մովսէս Սիլիկեանը, Դանիէլ Բէկ Փիրումեանը: Հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ որոշեց յաղթել», ըսաւ Փաշինեան:

Ան դիտել տուաւ, որ Ա. Հանրապետութիւնը ընդամէնը երկու տարուան կեանք ունեցաւ, բայց զայն հիմնադրողները անհեռանկար գործեր չկատարեցին, այլ հայոց նոր պետականութեան հիմը դրին: «Միայն Ա. Հանրապետութեան գոյութեան շնորհիւ էր, որ Հայաստանը Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ընդգրկուեցաւ իբրեւ լիարժէք միութենական հանրապետութիւն: Եւ միայն այս կարգավիճակին շնորհիւ էր, որ Հայաստան կրցաւ անցնցում դուրս գալ Խորհրդային Միութեան կազմէն եւ ստանալ միջազգայնօրէն ճանչցուած անկախ երկրի կարգավիճակ», դիտել տուաւ Նիկոլ Փաշինեան` հաստատելով, որ այսօր ալ  այլեւս ոչ ոք կը համարձակի բռնանալ ժողովուրդի կամքին, կասեցնել անոր վերածնունդն ու թռիչքը:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը երկիր մոլորակին վրայ պէտք է գոյութիւն ունենայ յաւիտեան, Հայաստանի դրօշը պէտք է յաւիտեան ծածանի` խորհրդանշելով մեր ոգին ու հպարտութիւնը, մեր ազատութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Եւ մեզի համար այսօր պատմական, աննախընթաց կարելիութիւն ստեղծուած է դառնալու մեր ժողովուրդին հազարամեայ ցաւերուն դարմանողը, անփարատելի սուգի ամոքիչը, դարաւոր երազանքներ իրականացնողը: Եւ ժամանակակից սերունդը` իբրեւ Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերու, Բաշ Ապարանի ու Սարդարապատի հերոսներու ժառանգորդներ, պարտաւոր է ստանձնել եւ կը ստանձնէ պատմական այդ առաքելութիւնը», աւարտեց վարչապետ Փաշինեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.