Հայ Եկեղեցին եւ հայ ինքնութիւնը

(Նօթ մը՝ Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովէն*)

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ.

Վերջերս, Մեծ Պահքի Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր Եկեղեցւոյ լսարանային ծրագրին մէջ, առիթը ստեղծեցի խորհրդածութեան առարկայ դարձնելու արցախցի Գարեգին վրդ․ Յովսէփեանցի «Մեր Հոգեւոր Հայրենիքը» յօդուածը, որ լոյս տեսած է 1907-ին, Էջմիածնի այն օրուան պաշտօնաթերթ՝ «Արարատ»ի մէջ, ապա ամփոփուած՝ իր «Դէպի Լոյս Եւ Կեանք» հատորին մէջ։ Գարեգին վրդ․ Յովսէփեանց, ապա Կաթողիկոս Կիլիկիոյ, 20-րդ դարու ամենալուսաւոր եկեղեցական, գիտական եւ մտաւորական դէմքերէն մէկն է։

Այս պահուն, իրեն կը դիմեմ, որովհետեւ շատ կարեւոր իմացք մը կտակած է մեզի։ Յովսէփեանց վարդապետ Հայ եկեղեցին հասկցած է որպէս հայութեան հոգեւոր հայրենիքը։ Այստեղ, լսարանային խորհրդածութիւնս պիտի չկրկնեմ, այլ իր յօդուածէն եօթ միտքեր պիտի քաղեմ, նախքան իմ կարճ խօսքը։

1.- Հայ ժողովրդի գիտակցական կեանքը՝ քաղաքակրթութիւնը սկսւում է քրիստոնէութեան հաստատութեամբ եւ նորա դրոշմն է կրում իւր զարգացման ամբողջ ընթացքում։

2.- Հայ մատենագրութեան առաջին յիշատակարանը Ս. Գրքի թարգմանութիւնն է, որի վերայ կրթուել են բազմաթիւ սերունդներ։

3.- Գիտութիւնն ու արուեստը հայ ժողովրդի մէջ ծագել եւ զարգացումն է ստացել եկեղեցու շրջանակի մէջ։

4.- Այս հայրենիքի վերայ միայն կարող ենք հոգեւորապէս աճել եւ զարգանալ․․․։ Մեր անցեալն ուրանալ չենք կարող, եթէ տգիտութեան եւ միակողմանի հասկացողութեան թանձր մառախուղը չէ նստել մեր հոգու վերայ։ Յառաջդիմութիւնը շղթաների կապակցութիւն է. նոր օղակը պէտք է կապուի հնի հետ եւ այսպէս շարունակուի անընդհատ։

5.- Մենք ըստ ամենայնի հին կեանքով վերածնուել չենք կարող, բայց հնի մէջ կան բարիքներ, որ իրենց կենդանի ներգործութիւնը պիտի ունենան եւ յաջորդ սերունդների վերայ։ Իսկ այս բոլորի մէջ մեր եկեղեցին ահագին դեր է կատարել անցեալում, եւ պէտք է կատարէ ապագայում, եթէ գիտակցաբար նորա ուժերը չջլատենք։

6.- Քրիստոնէական կրօնը (…) կամենում է աղ լինել կեանքի եւ քաղաքակրթութեան բոլոր երեւոյթները համեմելու համար։ (…) Եւ ահա այստեղ եկեղեցու առաջ պարզւում է գործունէութեան մի ընդարձակ եւ վսեմ ասպարէզ…։

7.- Մի՞թէ պէտք է նպաստենք կամ անտարբեր հանդիսատես լինենք, որ մեր հոգեւոր, սրբազան հայրենիքը իւր քայքայման գործողութեան մէջ յարատեւէ. սիրոյ եւ երախտագիտութեան անձնուէր զգացումով իւղ չպիտի՞ լցնենք նորա (…) մշտավառ կանթեղի մէջ, որպէսզի աւելի պայծառ լոյս տայ, եւ իւր հօտի ճշմարիտ, բարոյական վերաշինութեան աղբիւրը դառնայ։

Այս միտքերը պատմական եւ իրողական թափանցումներու եւ ճանաչումներու բանաձեւումներ են, եւ այժմէական են։ Ոմանք, անկասկած, կրնան տարակարծիք ըլլալ անոնց։

Արդարեւ, հայ ինքնութիւնը անկիւնադարձային իր կազմաւորումը սկսաւ Քրիստոսի աւետարանին ընդառաջումով։ Ամենամեծ վկան այդ անկիւնադարձին՝ հայ գիրերուն ստեղծումն էր վասն Ս. Գրքի թարգմանութեան։ Եւ Ս. Գրքին շունչը դարերու վրայ կերտեց հայ հոգեւոր հայրենիքը։ Հայ ինքնութիւնը դարեր շարունակ նորոգուեցաւ այն հայրենիքին սկզբունքներով եւ իրագործումներով։ Աղէտալի ժամանակները չկրցան զայն մահուան դատապարտել…։ Թէեւ եկան ու հասան 1915-ի գլխագիր Մահուան թուականը, տարագրութիւնը, տարագիրներուն սփռուիլը, Հայաստանի սովետականացումը։ Բայց թէ՛ Սփիւռքի մէջ, եւ թէ՝ Հայաստանի մնացորդին՝ զարթնումի ընդհանրապէս համեստ քայլեր առնուեցան։ Թէ աւելի մեծ քայլեր կարելի էր առնել՝ բանավիճելի է…։

Արցախեան շարժումը եւ Հայաստանի Վերանկախացումը՝ դրական ակնկալութիւններու շուրջ համախմբեցին հայութիւնը, առհասարակ։ Իսկ հիմա որ Արցախը գրաւուած է, Հայաստանը վերստին վտանգաւոր հանգրուանի մը մէջ է, եւ Սփիւռքի մէջ ալ անորոշութիւն եւ յուսալքութիւն կը փչեն՝ ի՞նչ պիտի ընէ մեր հոգեւոր հայրենիքը՝ Հայ եկեղեցին։ Իր իսկ առաքելութիւնը պիտի վերակենդանացնէ, որ կը նշանակէ առաջնահերթաբար բարեկարգել ինքզինք՝ ո՛չ անկայուն եւ յոռեմիտ իշխանաւորի մը ցնորքներով, այլ ըստ իր անցեալի փորձառութեան իմաստուն լուծումներու դասերուն, եւ լուծման շնորհալի ու շնորհաբեր առաջարկներուն, որոնք վերջին դարուն արձանագրուած են, ինչպէս նաեւ՝ նոր առաջարկներու, որոնք այժմին զգայարանքը, ճանաչումը, եւ մանաւանդ՝ արթնութիւնը ունին։ Ինքնաբարեկարգումէն կը բխին համայնութեան շինութիւնը եւ շէնութիւնը։

Հայ եկեղեցին իր իսկատիպ առաքելութեամբ, որ հոգեմտաւոր անդրակերպումի (մեթանոյա) եւ Երկնքի արքայութեան համար է, հայ ինքնութեան ստեղծող մըն է, ո՛չ ուղղակի, այլ՝ անուղղակի (որեւէ կազմակերպութեան առաքելութիւնը՝ նոյն ատեն իր բանին եւ գործին հետամուտ ըլլալն է. այն հետամտութիւնը՝ ինքնաբերաբար նորոգեալ ինքնութիւն կը ստեղծէ) եւ նոյնիսկ անկրօն ու ապակրօն պայմաններուն մէջ՝ մեզ կը վերածէ ժողովուրդի մը, որ կը յաղթէ ժամանակներուն…։

Հայ եկեղեցին ամէնուր մեծ, շատ մեծ մարտեր ունի անտարբերութեան, անորոշութեան, յուսալքութեան եւ ջլատիչ ու քայքայիչ ուժերու դէմ։ Մարտերը կը պահանջեն Վռամշապուհ-Սահակ-Մեսրոպի յանձնառութիւն, ինչպէս՝ պայծառ այլոց․ եւ ինքնութիւնը յար կը հիմնաւորուի ու նոր տեսիլքներ մարմին կ’առնեն։

(*) Կարդացուած Փարիզի մէջ՝ շաբաթ, 11 ապրիլ 2026-ին։