Ռուսիոյ պետական տումայի նախագահը Հայաստանին կը զգուշացնէ․ «Այսպէս սկսաւ ամէն ինչ Ուքրանիոյ մէջ»

Ռուսիոյ պետական տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտին յայտարարած է, թէ վերջին քաղաքական զարգացումներուն հետեւանքով Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը կրնայ աւելի խորանալ։

ՌԻԱ Նովոսթիի համաձայն, Վոլոտին յիշեցուցած է, թէ Յաղթանակի տօնի նախօրեակին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովին մասնակցած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով ժամանած եւրոպացի հիւրեր, որմէ ետք հնչած են շարք մը ելոյթներ եւ յայտարարութիւններ, ներառեալ՝ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի կողմէ։

«Այսօր շատերու համար հարց կ՚առաջանայ, թէ ինչպէ՞ս պիտի զարգանան յարաբերութիւնները Փաշինեանի նման քայլերէն ետք։ Մեր պետութիւնները աւելի մօտ պիտի ըլլա՞ն, թէ հեռու։ Լարուածութիւնը աւելի քի՞չ պիտի ըլլայ, թէ շատ։ Ամենայն հաւանականութեամբ՝ երկրորդը։ Ակամայ զուգահեռ մը կը ծագի․ ճիշդ այսպէս սկսաւ ամէն ինչ Ուքրանիոյ մէջ», գրած է ան։

Վոլոտին նաեւ շեշտած է, թէ Ռուսիան եւ հայ ժողովուրդը ունին «ամենամտերիմ յարաբերութիւններէն մէկը»՝ նշելով, որ Ռուսիոյ մէջ բնակող հայերու թիւը գրեթէ հաւասար է Հայաստանի բնակչութեան թիւին։ Ան ընդգծած է, թէ հայերը Ռուսիոյ մէջ կը զբաղեցնեն տարբեր պաշտօններ եւ կ՚ընտրուին որպէս պատգամաւորներ՝ միաժամանակ աջակցելով Հայաստանի մէջ գտնուող իրենց հարազատներուն։

Ռուսիոյ պետական տումայի նախագահը նաեւ արձագանգած է հնարաւոր քննադատութիւններուն, թէ նման մեկնաբանութիւնները կրնան ընկալուիլ որպէս միջամտութիւն Հայաստանի ներքին գործերուն։ Ըստ անոր, խնդիրը «ինքնիշխանութեան կամ միջամտութեան մասին չէ, այլ բարոյականութեան եւ պարկեշտութեան»։

Վոլոտին աւելցուցած է, թէ Ռուսիան իր յարաբերութիւնները այլ երկիրներու հետ կը կառուցէ բարեկամութեան, փոխշահաւէտ համագործակցութեան եւ ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքներուն վրայ՝ նշելով, որ Պետական տուման կը շարունակէ աշխատիլ հայ-ռուսական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ։