Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Դէմ Խաչակրաց Արշաւանքը Կը Շարունակուի. Արթուր Խաչատրեան
- (0)

ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ
30 Մայիսին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան մամլոյ ասուլիս մը ունեցաւ: Ան ամփոփեց խորհրդարանական շաբաթը եւ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:
«Նիկոլ Փաշինեանի եւ իր թիմակիցների (խմբակիցներուն) ամբողջ քաղաքականութիւնն այս շաբաթ ուղղուած է եղել գալիք հնարաւոր ձախողումներն արդարացնելու եւ այլոց մեղադրելու համար հիմքեր ստեղծելուն», ըսաւ Խաչատրեան, որ ուղղեց հռետորական հարցում մը, թէ՝ ինչո՞ւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր կնոջ գրառումը համընկեցաւ այն միջազգային խորհրդաժողովին հետ, որ Մայր Աթոռին նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենար Զուիցերիոյ մէջ, կամ ինչո՞ւ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութիւնը համընկնեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան հետ:
Խաչատրեան անդրադարձաւ նաեւ սահմանային կրակոցները հերքելու՝ ատրպէյճանական կեղծիքին` ըսելով. «Իսկ ո՞վ է կրակել Խոզնավարում` հանգուցեալ Ալեքսանդր Սերգէեւիչ Պուշկի՞նը, Բլո՞կը, Գրիբայէդո՞վը»:
Ան յայտարարեց, որ կրակոցներով եւ Բերձորի մէջ նոր օդակայանի բացումով Ատրպէյճան հիմքեր կը ստեղծէ Հայաստանի դէմ յարձակումի մը: «Իսկ Փաշինեանը եւ իր իշխանութիւնը փոխանակ հիմքեր ստեղծեն Հայաստանն պաշտպանելու համար, մեղաւորներ են փորձում կարգել», յայտնեց Խաչատրեան եւ բացատրեց, որ այդպիսով կը փորձեն յայտարարել, թէ հաւանական է ատրպէյճանցիներուն յարձակումին պատճառը Մայր Աթոռի կազմակերպած խորհրդաժողովն էր եւ Արցախի նոր նախագահի ընտրութիւնը:
Անդրադառնալով Փաշինեանի` հոգեւորականի հասցէին կատարուած հայհոյախառն եւ վիրաւորական գրառումներուն՝ Արթուր Խաչատրեան ըսաւ, որ հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ դէմ խաչակրաց արշաւանքը կը շարունակուի:
«Այդ գրառումն անյարգալից լինելուց բացի, պարզ խուլիգանութիւն էր, նման ոճի գրառում երկրի ղեկավարը չի կարող իրեն թոյլ տալ: Կրթող եւ կրթուող մարդը չի կարող իջնել զազրախօսութեան եւ խոհանոցային բամբասանքի այդ մակարդակին: Առնուազն իր քաղաքական ուժը, իր կուսակիցները պէտք է նման վարքագիծը քննարկման առարկայ դարձնեն: Դրանից բացի, իրաւապահ մարմինները, որ աւելի շատ մեղմ գրառումների հետեւից գնում են, քրէական գործեր են յարուցում, մարդկանց ազատութիւնից են զրկում նաեւ նրանք անելու բան ունեն, ինչպէս նաեւ մեր հայրենակիցները քուէատուփի առաջ որոշում կայացնելիս նաեւ սա պէտք է յիշեն», նշեց ըսաւ Խաչատրեան՝ աւելցնելով, որ իրաւապահ մարմինները աւելի մեղմ գրառումներ կը հետապնդեն, երբ այդ կառոյցները պարտաւոր են Փաշինեանի գրառումները հետապնդելու: