Հայու Արժանապատիւ Յաղթերթը

Ժան Հալլաճեան

Ազգի կարապի երգը մռլտացողները, իրենց հիւծած ու տնքացող ինքնարդարացումի մոլորեցուցիչ կանչերուն դիմաց, բանիմաց Բագրատեան արշալոյսի ղօղանջներն են ու Վահագնեան ամպրոպներու թնդիւնն է, զոր կը լսեն: Այդ յաղթերթն է, որ անյողդողդ քայլերով պիտի չէզոքացնէ ազգն ու հայրենիքը թաղելու փորձերը եւ բզկտէ ի սկզբանէ հիւսուած պարտուողական պատանքը:

«Տե՛ս, ո՞վ է գալիս, եւ դո՛ւ, հո՛ւր արեւ.

Գլուխդ ալեւոր, քաջածի՛ն Մասիս,

Դու էլ խոնարհի՛ր, Վահագն է գալիս։

Երկինք ու երկիր եւ ծիրանի ծով

Աւետում են քեզ, ցաւերի դու ծո՛վ՝

Ցնծա՛, բիւր վիշապ Հայաստան աշխարհ,

Փրկութեան արեւ Վահագնիդ տեսար»:

Այսօր, Վահագնի սերմներն են, որ կը պտղաբերեն։ Հայու Աստուածն է, որ մեզ կ’առաջնորդէ, երբ հայ քաղաքացին ծարաւի է՝ անկողմնակալ եւ ճշմարիտ առաջնորդի, բանիմաց եւ հաւասակշռուած ղեկավարի։ Անոր համար, միահամուռ, հոծ զանգուած մը միացած է այս տարերային երթին եւ միտոյթ (momentum) ստեղծած՝ տապալելու հողատուի նիւթած ծրագիրներն ու չարիքը:

Երթի առաջատար դէմքը պիտի չզաւթէ քաղաքական փառք, այլ պիտի հարթէ ճանապարհը դէպի քաղաքական յաղթանակ, երկիրը դուրս բերելով այս թնճուկային վիճակէն, բան մը, որ քաղաքական ընդդիմադիր ուժեր չկորաղացան ընել ցայսօր։

Իր սքեմը սոսկ կրօնական տարազ չէ: Ան, զրահապատ է եւ սաղաւարտ՝ ընդդէմ հայու արժանապատուութիւնը սակարկութեան հանող խունթաներուն: Այս երթը կոչուած է ըլլալու՝ յանուն հայու պատիւի փրկութեան երթ։ Այս շարժումը Սրբազան Բագրատին պայքարը չէ, այլ Սրբազան պայքար է՝ արդար ընդվզում է յանուն ազգի ու հայրենիքի։

Նժդեհեան փառքի ժառանգորդները, Վահագնեան կանչին տիրութիւն ընողները համարձակօրէն պիտի քանդեն ստրկամտութեան ամօթի պատը ու վերականգնեն Բագրատունեաց Ազգային Հարստութիւնը։

Թող պապանձին բոլոր շրթները, որոնք այս տարերային-ազնիւ շարժումին մէջ կը փնտռեն մութ ձեռքեր, գործակալութիւններու ստորագրութիւնը կրող դրոշմ։ Շուտով, վերջ պիտի գտնեն աժան նախատինքները, ուր պիտի շողայ շռնդալից ճշմարտութեան պաստառը՝ հայկական երկնակամարին վերեւ:

Վերջապէս, կեղծիքն ու սուտը պիտի փոշիանան, ու անձնատուութեան գոլորշիին ներքեւ տողանցող մարդուկները, իրենց բրդիները հաւաքելով պիտի կորին ազգի երկնակամարէն։

Նահատակներու դագաղներու դղրդիւնը ա՛լ պիտի չլսենք:

Ողբի ու լացի աղիողորմ ճիչերը պատմութեան պիտի յանձնուին:

Յաղթանակի հիմն է, որ անգամ մը եւս պիտի բոցավառէ հայու կենդանութեան ցախը, եւ հայ իսկական հպարտ քաղաքացին իր վէս հասակով պիտի տողանցէ հրապարակներու մէջ:

Պի՛նդ Կապենք:

Թորոնթօ, 6 Մայիս 2024

 

Comments are closed.