Հայաստան վտանգուա՞ծ է, ի՞նչ բանի սկիզբ է
Յ․Պալեան
Եթէ հայկական շահից է բխում այդ փաստաթուղթը՝ ինչո՞ւ էր պահում իր շահերից բխող որոշման մասին:
Յովհաննէս Յովհաննիսեան
Հայաստանեան մամուլ, ՀՐԱՊԱՐԱԿ, 21 Մայիս 2021
Արդէն տասը օր է, որ ատրպէյճանցի զինուորներ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս կը մտնեն եւ կ’ելլեն որպէս տանտէր: Իրենց դիմաց իրենց տունը պաշտպանողներու չեն հանդիպիր: Այս է իրականութիւնը, զոր կարելի չէ վարագուրել տնավարի դիւանագիտական բան չնշանակող խօսքերով:
Գաղտնիք չէ, Հայաստան կը պատրաստուի կրկին գաղտնի համաձայնագիր ստորագրել, ինչպէս առաջին եռակողմ յայտարարութիւնը, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ: Այս մասին յայտարարութիւն ըրաւ Հայաստանի պաշտօնակատար վարչապետ Փաշինեան:Նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ դաշնագրի բովանդակութենէն տեղեակ չէին եղած Հայաստանի իշխանութիւնները, Ազգային Ժողովը, կառավարութիւնը, նախագահը: Վարչապետը երկիրը դրած էր կատարուած իրողութեան առջեւ: Կ’ըսուի, որ նոր դաշնագիր մըն ալ պիտի ստորագրուի: Հայաստանի սահմանները անարգել խախտող ատրպէյճանական զինուորներուն իրաւասութիւննե՞ր պիտի տրուին: Հայաստանի տարածքը գեղագիտական (կոսմետիկ) վիրահատութեա՞ն պիտի ենթարկեն, ըսելով որ Հայաստանը աւելի լաւ կ’ըլլայ, եթէ անդամահատութիւններու ենթարկուի:
Ինչպէ՞ս չմտահոգուիլ, որ բովանդակութիւնը անյայտ գաղտնիութեամբ պատրաստուած նոր դաշնագիրը առաջինի երկրորդ արարը պիտի չըլլայ, այսինքն Հայաստան տեղի պիտի տայ եւ ընդունի Ատրպէյճանի նոր տիքթաթները եւ զիջումներ պիտի ընէ: Երբ ժողովրդավարական երկրի մը ղեկավարը դաշնագիր կը ստորագրէ, առանց անոր տրամադրութիւնները նախապէս քննելու համապատասխան մարմիններու հետ,- Ազգային Ժողով, նախագահ, կառավարութիւն,- պէտք է ենթադրել, որ երկիրը կառավարման վարչաձեւ փոխած է, այսինքն ժողովրդավարութիւնը վերջ գտած է: Նոր-հին անուանում պէտք է տալ անոր:
Տասը օր անցած է, եւ ո՛չ Հայաստանի իշխանութիւնները, ո՛չ անոր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան, ո՛չ ալ նախայարձակ Ատրպէյճանը չեն ըսած, թէ ի՞նչ կ’ընեն երկրի սահմանները հատած քանի մը հարիւր բանակայինները, ինչո՞ւ եկած են: Եռակողմ յայտարարութիւնը ինչո՞ւ չի յարգուիր եւ Ռուսիա ինչո՞ւ չի հսկեր, կը հանդուրժէ, որ իր կողմէ ստորագրուած դաշնագիրը անտեսուի: Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս ելք եւ մուտք ընող ատրպէյճանցի բանակայինները զբօսշրջիկներ չեն:
Շարքային քաղաքացին շուարած է անհասկնալի իրականութեան ի տես: Ո՞ւր է Հայաստանի բանակը: Ցոյցեր կ’ըլլան, պատասխան տուողներ չկան: Ապշանք եւ սարսափ, ենթադրութիւններու կը մղեն, երբ կ’ըսուի, թէ բանակին հրահանգուած է չհակազդել, զէնք չգործածել:
Սահմանը կամ կը պաշտպանուի կամ բաց կը պահուի, որ կը նշանակէ պարտութիւն, անձնատուութիւն, «յաղթելու ենք»ի ճոռոմաբանութեան ուղիղ գծին վրայ: Ընթացքը անձնատուութիւն է (capitulation): Հայերէն բառը աղքատ համարելով՝ ըսին եւ կ’ըսեն՝ կապիտիւլյանտ: Երբ վարչապետը կը բանակցի առանց իր կառավարութեան, Խորհրդարանին, նախագահին եւ ժողովուրդին համաձայնութեան եւ նեցուկին, կ’ըլլայ կամազուրկ, կ’ենթարկուի, հաւասար խօսակից չ’ըլլար: Եւ կը հպատակի:
Ցարդ ո՛չ ոք բացատրեց Սիւնիք խուժած ատրպէյճանցի զինուորներու ներկայութեան ինչո՞ւն: Հաւատարիմ իրենց կոշտ յայտարարութիւններուն, անոնք մօտեցած են նաեւ Սեւանի: Իշխանութիւնը դիմադրութիւն չէ ցուցաբերած, զօրակոչ չէ յայտարարած: Պէտք է ըսէ ժողովուրդին, թէ ինչո՞ւ այսքա՜ն կրաւորական է:
Ատրպէյճան կը շարունակէ հետապնդել իր բացորոշ ծաւալապաշտական միտումները համաթրքական-համաթուրանական ռազմավարութեան ծիրէն ներս: Գաղտնիք չէ: Հայաստան ի՞նչ քայլերու կը դիմէ, ի՞նչ կ’ընէ: Ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները եւ շահերը, որոնք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական տիրոյթով չեն սահմանափակուիր:
Կա՞յ պետութիւն, որ ընդունի եւ չհակազդէ իր սահմաններու բռնաբարման՝ օտար բանակի մը զինուորներուն կողմէ:
Այս պայմաններուն եւ մթնոլորտին մէջ գաղտնի պահուած եւ ընդդիմադիր ուժերու կողմէ բացայայտուած դաշնագրի մասին խօսելով, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեան ժողովուրդը անչափահաս մանուկ համարելով, կը յայտարարէ, որ գաղտնազերծուած համաձայնութեան տրամադրութիւնները հարիւր տոկոսով համապատասխան պիտի ըլլան Հայաստանի շահերուն: Ո՞ր շահերուն: Ի՞նչ ենթադրել: Համաձայնութիւնը խմբագրուած եւ պատրաստուած է առանց Ազգային Ժողովին մէջ քննուելու, վարչապետի պաշտօնակատարը նոր միայն գացած է Հանրապետութեան նախագահին հետ զրուցելու, զայն դնելով կատարուած իրողութեան առջեւ:
Ի՞նչ պիտի ընէ պետութիւնը, ի՞նչ պիտի ընեն Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը, եթէ «նոր դաշնագիր-յայտարարութեամբ» մը Հայաստան կրկին սահմանամերձ գիւղեր եւ տարածքներ յանձնէ Ատրպէյճանի, սովետական շրջանի քարտէսներ վկայակոչելով սահամանագծում ընելով, դէմարկացիա, որ կը նշանակէ գիւղեր եւ տարածքներ յանձնել: Վարժութիւն եղաւ, Շուշին եւ հայկական Արցախի երեք քառորդը սուսիկ-փուսիկ գաղտնի բանակցութեամբ եւ յայտարարութեամբ մը յանձնելէ ետք, բարի դրացնութեան համար Հայաստանի հակակշռին չենթարկուող միջանցք ալ կարելի է յանձնել, գիւղեր ալ յանձնել:
Հայաստանեան մամուլին մէջ քանի մը անգամ հանդիպեցայ խունտա (junte) բառին բնորոշելու համար ներկայ իշխանութիւնը, որ կը նշանակէ թէ անձ մը,- կամ խմբակ մը,- իւրացուցած է իշխանութիւնը եւ առանց համապատասխան կառոյցներու հետ քննարկումի եւ անոնց հաւանութեան, կը պարտադրէ իր կամքը: Նման իշխանութիւն անուն ունի:
Հայաստանի մէջ սովորական դարձած է զիրար դաւաճան որակել: Ընդդիմութիւնը դաւաճան որակեց վարչապետը, որ ստորագրած էր անձնատուական դաշնագիր, զոր մեղմացնելով կոչեցին եռակողմ յայտարարութիւն: Հիմա, նկատի ունենալով որ ընդդիմութիւնը յայտնաբերած եւ հրապարակած է պատրաստուող երկրորդ համաձայնագիրը, իշխանութիւնը իր կարգին ընդդիմութեան կը վերագրէ դաւաճանութիւն, քանի որ այդ տեղեկութիւնը ան կրնայ ստացած ըլլալ թշնամի ատրպէյճանական աղբիւրէ:
Անկարելի է յստակ պատկերացում ունենալ, հետեւողականութեամբ դիտել եւ դատել, ելք տեսնել: